Սթամպուլի “Մարալ” երգի ու պարի խումբը Երեւանի մէջ

•


16 Օգոստոսին Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի ու պալէի պետական ակադեմիական թատրոնին մէջ համերգով հանդէս պիտի գայ Սթամպուլի Էսայեան Սաներու Միութեան “Մարալ” երգի ու պարի խումբը: Համերգի հովանաւորն է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը:

Սթամպուլի “Մարալ” երգի ու պարի խումբը հիմնադրուած է 1980ին Բենոն Կուզաբաշի եւ ընկերներուն կողմէ: Խումբին գործունէութեան հիմնական նպատակն է հայկական մշակոյթը, պարերը, երգ-երաժշտութիւնը ներկայացնել հանրութեան: Մինչեւ 1986, երբ Բենոն Կուզուպաշ անժամանակ հեռացաւ կեանքէն, “Մարալ” խումբը բազմաթիւ համերգներ տուաւ ու շահեցաւ համայնքի սէրն ու գնահատանքը: Հիմնադրման 30ամեակին առիթով՝ մարալցիները երկու համերգով ներկայացան արուեստասէր հասարակութեան:

1992ին պարուսոյցի պաշտօնը ստանձնեցին 1980ականներու մարալցի պարողներ Կարպիս-Իրիս Չափքան ամուսինները. անոնք 19 տարի շարունակ՝ խումբը հասցուցին ներկայ հանգրուանին:

“Մարալ”ը այժմ բաղկացած է 6-14 տարեկան երեխաներէ կազմուած 90 անդամներով՝ մանկական խումբէն եւ 16-33 տարեկան 50 պարողներէ կազմուած խումբով։

2010ի ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ “Մարալ” պարախումբը Պատրիարքարանի հրաւէրով՝ ելոյթ ունեցաւ Վանի կեդրոնական մարզասրահին մէջ: Այս համերգը մեծ ընդունելութիւն գտաւ վանեցիներուն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներուն կողմէ:

“Մարալ”ցիները կը մասնակցին նաեւ բարեսիրական համերգներու, եւ անցեալ տարի անոնք այդպիսի ծրագիրով մը օժանդակեցին ԶԻՊԵՉ հաշմանդամ մանուկներու կեդրոնին:

http://www.tert.am/hy/news/2011/07/29/maral/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ