ԷՐՎԱՊ-ի Կրթական Յանձնախումբը իր ամսական հերթական ժողովը գումարեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան համայնքային կրթական կեանքի վերաբերեալ զանազան հարցեր եւ կատարուեցան ընթացիկ աշխատանքներու արժեւորումներ։
Օրակարգի առաջին նիւթերէն էր Հայաստանէն եկած աշակերտներուն ուսումնական վիճակը, որու առնչութեամբ քննութեան առնուեցան վերջին զարգացումները։
Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ Թուրքիոյ Հայ Ակադեմականներու Հարթակի ներկայացուցիչներէն՝ Դոկտ. Մերի Թաքսի, փաստաբան Առէն Տատըրօղլու եւ Դոկտ. Սեւան Կարապետօղլու, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններու մասին։ Անոնք յայտնեցին, թէ ներկայիս վերատեսութեան կ’ենթարկեն իրենց աշխատանքներու որակական եւ քանակական տուեալները, իսկ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները պիտի ներկայացնեն յանձնախումբի յաջորդ ժողովին։
Ժողովականները անդրադարձան նաեւ հայկական վարժարաններու համար պատրաստուող ուսումնական ծրագիրներուն։ Այս առիթով, Դոկտ. Սեւան Կարապետօղլու մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ցարդ կատարուած աշխատանքներու եւ անոնց ընթացքի մասին։
https://www.facebook.com/photo?fbid=1060349770358436&set=a.135021036224652




Leave a Reply