Փրօֆ. Վահագն Տատրեանի թուային թանգարանը Գալիֆօրնիոյ մէջ

•

Փրոֆ. Վա­հագն Տատ­րեանի Թո­ւայ­նա­ցուած Ար­խի­ւի (Թո­ւային Թան­գա­րանի) պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­ցաւ կի­րակի, 15 նո­յեմ­բեր 2026-ին, Լոս Ան­ճե­լըս-Գա­լիֆօր­նիաի Մը­շըլ Հիլ­զի Արա­րատ-Էս­քէրճեան թան­գա­րանի մէջ։

Այս պատ­մա­կան նա­խագի­ծը իրա­կանա­ցած է «Արա­րատ-Էս­քի­ճեան» թան­գա­րանի, UCLA հա­մալ­սա­րանի Promise Հայ­կա­կան հիմ­նարկի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տազօ­տական ծրա­գիրի (AGRP) եւ Հայ­կա­կան ֆիլ­մե­րու հիմ­նարկու­թեան միացեալ ջան­քե­րով։

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ռահ­վի­րայ հե­տազօ­տող Փրօֆ. Վա­հագն Տատ­րեանի (1926-2019) այս հսկա­յական կա­րեւոր հա­ւաքա­ծուն իր բո­վան­դա­կու­թեամբ այժմ հան­րութեան կը ներ­կա­յանայ ամ­բողջու­թեամբ թո­ւայ­նա­ցուած։ Ար­խիւը կը բաղ­կա­նայ պաշ­տօ­նական փաս­տա­թուղթեր, անձնա­կան նա­մակագ­րութիւններ, ար­խի­ւային թեր­թեր, ան­տիպ ձե­ռագիր­ներ ու հե­տազօ­տական նշումներ, որոնց աղ­բիւրներն են Օս­մա­նեան, գեր­մա­նական, բրի­տանա­կան, ֆրան­սա­կան, ամե­րիկեան եւ հայ­կա­կան ար­խի­ւային վա­ւերագ­րեր։ 

Թո­ւային թան­գա­րանը-Հար­թա­կը օժ­տո­ւած է ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեամբ աշ­խա­տող «Ask Dadrian» (Հար­ցուր Տատ­րեանին) յա­տուկ գոր­ծի­քով, որը հե­տազօ­տող­նե­րուն թոյլ կու տայ բնա­կան լե­զուով հար­ցումներ ուղղել ար­խի­ւին եւ վայրկեանա­կան կա­պեր գտնել հա­զարա­ւոր էջե­րու մի­ջեւ։ Այս թո­ւային թան­գա­րան-ար­խի­ւի բա­ցու­մով՝ Փրոֆ. Տատ­րեանի կեան­քի վաս­տակն ու ցե­ղաս­պա­նագի­տական բա­ցառիկ աղ­բիւրնե­րը անվճար եւ բաց կը դառ­նան ամ­բողջ կրթա­կան ու գի­տական աշ­խարհին հա­մար։

https://www.agos.com.tr/am/news/prof-vahakn-dadryani-tvwahin-tankarani-kalifornivh-meche-42522

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ