Փաշինեան-Էրտողան հանդիպում` Անթալիոյ մէջ

•

Երէկ Անթալիոյ մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը քննարկած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:

Հակառակ Երեւանի լաւատեսութեան, բանակցութիւններէն ետք տարածուած հաղորդագրութիւններուն մէջ կողմերը սահմանի բացման հաւանական ժամկէտներ չեն նշած, նոր պայմանաւորուածութիւններու մասին չեն յայտարարած:

Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպումէն ետք «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ի պատասխան յայտնեց, որ հանդիպումին անդրադարձած են նաեւ այն հարցին, թէ ինչո՞ւ մինչեւ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի չեն կոչուած. «Այո, բոլոր հարցերուն ալ անդրադարձանք»:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարարը նախանցեալ օր հայ – թրքական սահմանի բացումը ուղիղ պայմանաւորած էր հայ – ազրպէյճանական լիարժէք կարգաւորումով, Փաշինեան ըսաւ. «Կապուածութիւններ կան, մենք կ՛աշխատինք»:

Դրական գնահատելով Էրտողանի հետ բանակցութիւնները` Հայաստանի վարչապետը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Մենք կ՛ակնկալենք հետագայ զարգացումներ մեր յարաբերութիւններուն մէջ»:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «ե՞րբ Անգարայի մէջ պիտի տեսնենք ձեր երկրի դեսպանը», Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ ատիկա կախուած է թրքական կողմէն: «Մենք պատրաստ ենք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նոյնիսկ այսօր», ըսաւ ան:

Հանդիպումէն ետք վարչապետի աշխատակազմը յայտնած էր, որ Փաշինեանն ու Էրտողանը ընդգծած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու եւ տրամաբանական աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը:

Թրքական կողմին համաձայն, Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի կառուցողական քայլերով, եւ որ ձեռնարկուած են որոշ խորհրդանշական եւ կարեւոր քայլեր:

Անոնք կարեւոր նկատած են մինչեւ հիմա իրականացուած միջոցառումները եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ խթանումը:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ