Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) կեդրոնական մասնաշէնքի բակին մէջ պիտի զետեղուի արեւմտահայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի արձանը։ Համալսարանը արդէն ամփոփած է արձանի սկզբնական ձեւաւորման համար բաց մրցումի արդիւնքները։
Ներկայացուած աշխատանքները քննեց յատուկ յանձնաժողով մը, նկատի առնելով անոնց գեղարուեստական արժանիքները, ճարտարապետական յարմարութիւնը եւ իրականացման պայմանները։ Առաջին մրցանակին արժանացաւ Մհեր Աւագեանի նախագիծը, որուն հիման վրայ պիտի պատրաստուի արձանը։
Յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Զապէլ Եսայեանի թոռը՝ Ալեքսանդր Եսայեան, որ ԵՊՀ-ի Կենսաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ կը ղեկավարէ բնապահպանական մշտադիտարկումի խումբը։
Արձանը զետեղելու նախաձեռնութիւնը ունի ուշագրաւ նախապատմութիւն մը։ 26 Յուլիս 1930-ին, Արշակ Չօպանեանին ուղղեալ նամակի մը մէջ, Զապէլ Եսայեան առաջարկած էր հիմնել «Հայաստանի կամ Երեւանի Պետական Համալսարանի բարեկամներ» (ԵՊՀ) ընկերակցութիւն մը՝ համալսարանին աջակցելու նպատակով։
Տասնամեակներ ետք, ԵՊՀ-ն Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է «ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամը՝ համախմբելու համար համալսարանի շրջանաւարտները, բարերարներն ու աջակիցները։ Հիմնադրամի հաստատումէն որոշ ժամանակ անց միայն, Եսայեանի նամակագրութեան ուսումնասիրութեան ընթացքին, երեւան եկած է անոր 1930 թուակիր նամակը, ուր գրագիտուհին գրեթէ նոյն նախաձեռնութիւնը կ’առաջարկէր։
Համալսարանը Զապէլ Եսայեանի անունով հաստատած է նաեւ յուշամետայլ մը, որ կը շնորհուի «ԵՊՀ բարեկամներ» հիմնադրամին աջակցող անհատներու եւ կազմակերպութիւններու։ Արձանի առաջարկը ներկայացուցած է նոյն հիմնադրամը, իսկ ծախսերը պիտի դիմագրաւուին հիմնադրամի անդամ, «Նազէրեան» ընկերութեան նախագահ Վարդան Նազէրեանի նուիրատուութեամբ։




Leave a Reply