Լոյս տեսաւ «Ժողովածոյ Գրիգոր Քէօսէեանի նամակներու եւ յարակից նիւթերու» հատորը

•

«Մայրենի» հրատարակչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռոտ Այլընտի մէջ հրատարակած է դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի կազմած, խմբագրած եւ ծանօթագրած «Ժողովածոյ Գրիգոր Քէօսէեանի նամակներու եւ յարակից նիւթերու» հատորը, որ իր 748 էջերուն մէջ կ՛ընդգրկէ 114 անձերէ ստացուած կամ անոնց ուղարկուած նամակներ, Քէօսէեանի հրատարակած հատորներուն մասին հրատարակուած եւ անտիպ գրախօսականներ, նախապէս հրատարակուած ժողովածոներուն մէջ չամփոփուած կարգ մը գրութիւններ, նորագոյն շրջանի գունաւոր երգիծանկարներ (որոնք կ՛առնչուին Արցախի եւ Կազայի ողբերգութիւններուն ու պայթուցիկ համաշխարհային կացութեան), ինչպէս նաեւ լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Քէօսէեանը զանազան տարիներու եւ այլազան առիթներով:

Առանձին գլուխներով տրուած են հակիրճ ծանօթութիւններ նամակագիրներու կամ նամակընկալներու, ինչպէս նաեւ նամակներուն մէջ յիշատակուած կարեւոր պարբերաթերթերու մասին:Կողքին կը տեսնուի Քէօսէեանի իւղանկար դիմանկարը, որ կը պատկանի եգիպտահայ անուանի գեղանկարիչ Աշոտ Զօրեանի վրձինին:

Քէօսէեան իր շնորհակալիքի խօսքին մէջ պարզած է հատորին էութիւնը, նշելով թէ ան «կ՛արտացոլացնէ իր մէջ գրեթէ երեք քառորդ դարու վաստակ մը իր հասարակական, մշակութային, գրական-գեղարուեստակական հեռաւոր երանգներով եւ մօտաւոր իրադարձութիւններով»:

Տխուր պատահականութեամբ, հատորին հրատարակութենէն ետք կեանքէ հեռացածներուն պիտի աւելնային նամակագիրներէն՝ Պենոն Սեւան եւ Օշին Քէշիշեան, իսկ ծանօթագրեալ անձերէն՝ Միսաք Հայկենց (Քիւփէլեան):

Ղազարեան իր ներածականին մէջ Քէօսէեանը ներկայացուցած է որպէս անձ մը, որ «կը պատկանի աչքերը երբեմնի հայկական Կիլիկիոյ մէջ բացած ա՛յն սերունդին, որ ընտանեօք պիտի հարկադրուէր հեռանալ ֆրանսական հոգատարութեան յանձնուած իր բնօրրանէն, երբ վատարի զիջումներու եւ լքումի հետեւանքով տարածքին վրայ կ՛երկարէր թաթը ցեղասպան թուրքին», աւելցնելով. «Ան նաեւ մաս կը կազմէ այդ սերունդի ա՛յն անդամներու շարքին, որոնք իրենց կեանքին իմաստը փնտռած ու գտած էին հայօրէն ապրելու, ստեղծագործելու, քաղաքակրթութեան սատարելու եւ հայապահպանման սիւներ դառնալու մէջ»:

Ժողովածոն արժէքաւոր աղբիւր մըն է սփիւռքեան թէ հայրենական իրադարձութիւններով եւ մանաւանդ գրական թէ գեղարուեստական հարցերով հետաքրքրուողներու համար, որոնք նամակագիրներու տողերուն մէջ կրնան գտնել անոնց հոգեմտաւոր աշխարհին եւ կենսագրութեան վրայ բացուող լուսարձակներ:

Հոն կը հանդիպինք գրականութեան, արուեստի, բանասիրութեան, հասարակագիտութեան եւ այլ մարզերուն մէջ ուրոյն դրոշմ ձգած հոյլ մը անուններու։

Հատորը կարելի է ներբեռնել Համահայկական թուանշային գրադարանէն կամ «Մայրենի» հրատարակչութենէն:

https://asbarez.am/archives/512020

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ