Զարեհ Խրախունի հարիւր տարեկան

•

Ժամա­նակա­կից արեւմտա­հայե­րէն բա­նաս­տեղծու­թեան կա­րեւո­րագոյն ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէն Զա­րեհ Խրա­խու­նի, յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը յի­շատա­կուե­ցաւ իր ծննդեան դա­րադար­ձին՝ 16 Հեկ­տեմբե­րին, Նա­րեկեան սրա­հին մէջ կա­յացող հան­դի­սու­թիւնով մը։

Բագրատ Էսդուգեան

Մնջո­ցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւեցաւ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. Մա­շալեան իր կող­քին ու­նե­նալով հո­գեւո­րակա­նաց դա­սէ պա­տուի­րակու­թիւն մը եւս։

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սանեց Անի Գա­լայ­լը, փո­խան­ցե­լով մի­ջոցառ­ման նա­խապատ­րաստու­թեան փու­լե­րը եւ հա­կիրճ ծա­նօթաց­նե­լով յայ­տագրի բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Անի Գա­լայ­լը յայտնեց թէ յա­տուկ այս մի­ջոցառ­ման հա­մար քա­ղաքս ժա­մանած են Հա­յաս­տա­նէն երեք գ­րակա­նագէտ՝ Հա­մազ­գա­յինի Երե­ւանի Գրա­սենեակի տնօ­րէնու­հի Ռուզան­նա Առա­քելեան, բա­նասի­րական գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր, Երե­ւանի Խա­չատուր Աբո­վեանի անո­ւան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րանի «Սփի­ւռք»ի գի­տաու­սումնա­կան կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր տնօ­րէն փրոֆ. Սու­րէն Դա­նիէլեան եւ նոյն կեդ­րո­նի ղե­կավար Տոց. Քնա­րիկ Աբ­րա­համեան։

Երեք հիւր զե­կու­ցողներն ալ իրե­րայա­ջորդ կեր­պով դրո­ւատե­ցին Խրա­քու­նի բա­նաս­տեղծի գրա­կան վաս­տակն ու առանձնա­յատ­կութիւննե­րը, անոր գրա­կան ար­տադրու­թիւնը դի­տելով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­մանա­կաշրջա­նի յա­տուկ պայ­մաննե­րու մէջ։

Գրա­կանա­գէտ Կա­րօ Աբ­րա­համեան, Զա­րեհ Խրա­խու­նիի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեակին ձօ­նուած մի­ջոցա­ռու­մին մաս­նակցե­ցաւ ու­ղարկած զե­կոյ­ցով, որ ըն­թերցեց «Մար­մա­րա» թեր­թի խմբա­գիր Նա­յիրա Սիւզմէ։

Մի­ջոցա­ռու­մը օժ­տո­ւած էր նաեւ երաժշտա­կան բա­ժինով մը։ Յայ­տագրի այս բաժ­նին մէջ նախ Ան­նա Գէոր­գեան Ու­ղուրլեանի կա­տարու­մով լսե­ցինք Առ­նօ Պա­պաճա­նեանի հան­րա­ծանօթ «Ող­բերգ ըստ Սա­յաթ Նո­վայի» անուն յօ­րինու­մը։ Ապա դաշ­նա­կահա­րու­հին ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ երգչու­հի Մա­րալ Այ­վա­զի եւ եր­գիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սարեանի կա­տարումնե­րուն։ Մա­րալ Այ­վազ եր­կու եր­գեր ընտրած էր անո­ւանի եր­գա­հան Խա­չատուր Աւե­տիսեանէն, որուն եւս ծննդեան դա­րադար­յը կը յի­շենք այս տա­րուայ ըն­թացքին։ Ար­դա­րեւ երգչու­հի Շու­շան Գա­լաթաշ եւս այս նոյն դահ­լի­ճին մէջ քա­նի մը ամիս­ներ առաջ հա­մերգ մը սար­գած էր ի յար­գանս Խա­չատուր Աւե­տիսեանի։ Մա­րալ Այ­վա­զի ու­ժեղ եւ քնքուշ կա­տարու­մով հնչե­ցին «Ծաղ­կած Բա­լենի» եւ «Իմ Լաւ» եր­գե­րը, եր­կուքն ալ Լու­տո­ւիկ Դու­րեանի բա­ռերով։

Ապա բեմ եկաւ մե­նակա­տար Ար­թիւր Պաղ­տա­սարեան, որ նախ մեկ­նա­բանեց Սիր­վարդ Գա­րամա­նու­կի ու ապա Պերճ Դի­ւար­պեանի յօ­րինումնե­րը, Զա­րեհ Խրա­խու­նիի խօս­քե­րով։

Յայ­տագրի մէջ յա­տուկ բա­ժին մը վե­րապա­հուած էր Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան Փա­նոսեանի «Պոլ­սա­հայ Նո­րարար Բա­նաս­տեղծու­թեան Պատ­մո­ւթեան Ու­րո­ւագի­ծեր» հա­տորի Խրա­խու­նիի վե­րաբե­րող էջե­րու ըն­թերցման հա­մար։ Ըն­թերցումնե­րը կա­տարե­ցին քա­ղաքիս հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուցչու­հի­ներ՝ Լիանա Պեն­լի, Տի­յանա Պուլտուք, Թա­թիա Մա­րաշ­լեան, Նա­յիրի Խա­չիկօղ­լու եւ Մա­րալ Սա­թար։

Բա­ւակա­նին բո­վան­դա­կալից յայ­տագրի յա­ջորդ բաժ­նին սրտի խօսք ար­տա­սանեց «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թի հրա­տակու­թեան տնօ­րէն Արի Հատ­տէ­ճեան։ Ան նկա­տի ու­նե­նալով որ մին­չեւ իր ելոյ­թը բո­լորն ալ խօ­սած էին բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խրա­խու­նիին մա­սին, ինք նա­խընտրեց հան­դի­սատե­սի հետ կի­սել Ար­թօ Ճիւմպու­շեանի կամ աւե­լի հա­րազատ կո­չու­մով Ար­թօ Տայ­տա­յի հետ ու­նե­ցած ապ­րումնե­րէն դրուագ­ներ։ Պատ­մեց Ճիւմպիւ­շեանի բա­րեկա­մու­թիւնը իր ծնող­քի հետ եւ փո­խան­ցեց վկա­յու­թիւններ ման­կա­կան տա­րինե­րու յի­շատակ­նե­րէն։

Ծան­րա­բեռ­նո­ւած յայ­տա­գիրը հետզհե­տէ կը մօ­տենար աւար­տին, երբ հան­դի­սավար Անի Գա­լայ­լը «Աս­մունքի Թա­գու­հի» ածա­կանով բեմ հրա­ւիրեց վաս­տա­կաւոր արո­ւես­տա­գիտու­հի՝ Սիլ­վա Կո­միկեանը։

Տի­կին Կո­միկեան իրեն յա­տուկ եռան­դով ար­տա­սանեց Խրա­խու­նիի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն նշոյշներ, ար­ժա­նանա­լով հան­դի­սատե­սի ջերմ գնա­հատան­քին, որ կը դրսե­ւորո­ւէր խան­դա­վառ ծա­փահա­րու­թիւննե­րով։

Մի­ջոցա­ռու­մը աւար­տին հա­սաւ մե­ծարեալ բա­նաս­տեղծի դստեր եւ որդւոյն շնոր­հա­կալու­թեան եւ երախ­տի­քի նա­խադա­սու­թիւննե­րով։

Պատ­րիարք Սրբա­զանը ար­տա­սանած հուսկ բան­քի մէջ եւս ող­ջունեց կա­տարուած աշ­խա­տան­քը, քա­նի որ ան կը մի­տի ար­ժա­նի բա­նաս­տեղծի մը անու­նը պան­ծացնե­լու բա­րի գոր­ծին։

Յա­րակից սրա­հի մէջ կա­յացաւ ըն­դունե­լու­թիւն, որու աւար­տին հան­դի­սատես­նե­րը առի­թը ու­նե­ցան ատե­նախօս­նե­րը, մե­նակա­տար­նե­րը, կազ­մա­կեր­պիչնե­րը եւ յատ­կա­պէս Խրա­խու­նիի հա­րազատ­նե­րը շնոր­հաւորելու։

https://www.agos.com.tr/am/news/zaryh-khrakhvwni-hariwr-darygan-42258

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ