Ներկայութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրականագէտ եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի հեղինակած «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը, հրատարակութեամբ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարին Շառոյեան: Ապա, յանուն Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Հալէպի վարչութեան, խօսք առաւ Մակար Մակարեան: Ան ընդգծեց, որ միութիւնը այսօր լոյս կ՛ընծայէ այս արժէքաւոր գիրքը, որպէսզի նոր սերունդը ծանօթանայ մեր անցեալին ու պատմութեան, եւ հայերէն խօսքն ու շունչը երբեք չդադրին հնչելէ մեր զաւակներուն շրթներէն:
Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն ողջոյնի սրտաբուխ առցանց խօսքեր ուղղեցին տարօնցիներ` Րաֆֆի Մարտիրոսեան եւ Սեւան Կարապետեան:
Օրուան բանախօս Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի շրջանաւարտ Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան վեր առաւ նորատիպ հատորին խորքային արժէքը` հանդիսականներուն հետ բաժնելով իր տպաւորութիւնները: Ան նշեց, որ նորատիպ հատորը ամբողջութեամբ ձօնուած է պատմական Հայաստանի Տուրուբերան նահանգին ու Տարօնի աշխարհին, ինչպէս նաեւ` այդ սուրբ հորիզոնին կառչած այն մեծերուն, որոնք իրենց կեանքով, ստեղծագործութեամբ եւ անձնուէր վաստակով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած են հայ մշակոյթի պահպանումին ու ծաղկումին:
Անդրադառնալով գիրքի բաժիններուն եւ Լեւոն Շառոյեանի մշակութանուէր առաքելութեան` Արոյեան հաստատեց, որ հեղինակը երկար տարիներու մանրակրկիտ հետազօտական աշխատանքով, բեկոր առ բեկոր հաւաքած է ցրուած պատառիկները` զանոնք միահիւսելով ամբողջական պատմութեան մը հետ, հաստատելով, որ հատորը կարելի է արդարօրէն նկատել Տարօնի աշխարհին նուիրուած յատուկ յուշամատեան մը:
Այս առիթով սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի հեղինակ Լեւոն Շառոյեան, որ անդրադառնալով գիրքի ստեղծման դրդապատճառներուն` գնահատեց Ցեղասպանութենէն ետք հայրենակցական միութիւններուն կատարած վիթխարի աշխատանքը, որոնք հերթաբար հրատարակեցին իրենց գաւառներուն պատմագիրքերը, յուշամատեանները, կորուստէ փրկելով Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պատմական ժառանգութիւնը: Հեղինակը կոչ ուղղեց վերաշխուժացնելու հայրենակցական միութիւններուն գործունէութիւնը, որովհետեւ անոնք, բարեսիրական իրենց աշխատանքին կողքին, արժէքներ պահպանելու կարեւոր դերակատարութիւն ունին:
Աւարտին սրբազան հայրը ջերմօրէն գնահատեց հրատարակող միութիւնն ու հեղինակը` հաստատելով, որ մենք հարուստ պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի զաւակներ ենք:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:
Պոլիս




Leave a Reply