Ապրուած օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ փոքր հայաշխարհը

•

 ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ընթերցողին:

«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը մեզ տարաւ տեղեր, ուր ուրիշ պայմաններու մէջ թերեւս երբեք պիտի չապրէինք: Ամառ մը ստիպուած Լաթաքիա մնացինք, ուր մեր դրացին Ռիֆաաթ Ասատին ընտանիքն էր` Հաֆեզ Ասատի եղբայրը: Անոր անունը հետագային պիտի կապուէր Համայի 1982-ի արիւնալի դէպքերուն հետ: Բայց մենք այդ բոլորէն բան չէինք գիտեր: Մեզի համար ան պարզապէս մեր դրացին էր` հաճելի ժպտերես մարդ մը, որ մեզի շաքար-շոքոլա կու տար, երբ իր երեխաներուն հետ կը խաղայինք:

Միւսը Աղեքսանդրիան եղաւ:

Մանկութեանս օրերուն մեծերուն յաճախ կ՛ըսէինք. «Հաճիս, պատմութիւն պատմէ՛, հաճիս»: Իմ սիրած հերոսներէս մէկը Մեծն Աղեքսանդրն էր: Տիրան մեծ հայրս ալ ունէր պատմութիւն մը, որ միշտ երեւակայութիւնս կը գրգռէր: Օր մը իր գործարանին փլած պատերուն մէջէն նեղ անցք մը գտած էր եւ` լապտերով մութին մէջ քալած: Ամէն անգամ որ պատմէր, ինծի կ՛ըսէր. «Աճապա Մեծն Աղեքսանդրի կորսուած դամբարա՞նն էր  իր բոլոր գանձերով»: Երեխայի մը համար ասիկա մեծ առեղծուած էր:

Ու հիմա պատերազմը մեզ կը տանէր Աղեքսանդրիա` Մեծն Աղեքսանդրի հիմնած քաղաքը, աւելի քան 2300 տարի ետք: Պէյրութի մեր տունը ռումբերէն վնասուած էր, եւ մենք ստիպուեցանք ժամանակաւորապէս տեղաւորուիլ մեծ հայրիկիս ու մեծ մայրիկիս երկու սենեակնոց, մէկ բաղնիքով յարկաբաժնին մէջ: Մեծ հայրիկս, մեծ մայրիկս, մայրս, մենք` հինգս, եւ Մարիզ մօրքուրը` բոլորս միասին:

Այդպէս ալ հինգ քոյր-եղբայրներով յանկարծ ինկանք Աղեքսանդրիոյ փոքր հայկական գաղութին մէջ: Պօղոսեան ազգային վարժարանը այդ օրերուն հազիւ 60-70 աշակերտ ունէր: Հինգ նոր աշակերտի միաժամանակ յայտնուիլը արդէն փոքր իրադարձութիւն մըն էր: Շատ չանցած` մեզի միացան նաեւ մեր երկու փոքր զարմիկները: Յանկարծ եօթը «լիբանանցի» էինք աղեքսանդրիահայերուն մէջ: Բայց, անշուշտ, Գալֆայեաններուն թոռներն էինք: Այսինքն այնքան ալ օտար չէինք:

Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը նոր չէր: Հայերը հոն հաստատուած էին առնուազն 18-րդ դարու վերջերէն, իսկ 19-րդ դարուն արդէն կազմաւորուած գաղութ մը ունէին` եկեղեցիով, դպրոցով եւ ազգային հաստատութիւններով: 20-րդ դարու սկիզբը Աղեքսանդրիոյ հայութեան թիւը հասած էր շուրջ 20 հազարի: Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանը եգիպտահայութեան պատմական կրթական հաստատութիւններէն մէկն էր: Հիմնուած 1890-ին` Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի կտակած միջոցներով, վարժարանը կարեւոր դեր ունեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք որբերու խնամքին ու կրթութեան մէջ: Տեղւոյն հայ համայնքը, համագործակցելով «Նիր իսթ ռիլիֆ» կազմակերպութեան հետ, ապաստան եւ աջակցութիւն տրամադրեց հայ գաղթականներուն ու որբերուն:

1923-ին, Լոզանի դաշնագիրէն ետք, հազարաւոր հայ որբեր, որոնք ապաստան գտած էին Յունաստանի մէջ, կը մեծնային հայրենիքէն հեռու` առանց իրենց ծննդավայրերը վերադառնալու իրական կարելիութեան: Սիրա կղզիի «Նիր իսթ ռիլիֆ»-ի որբանոցը անոնց ապաստան ու կրթութիւն տուող գլխաւոր հաստատութիւններէն մէկն էր: Այդ որբերէն ոմանք հետագային Եգիպտոս հաստատուեցան` հոն նոր կեանք մը սկսելու եւ տեղւոյն հայ գաղութին մաս կազմելու համար:

Հետաքրքրական էր, որ Նշան Փալանճեան ճեմարանէն եկած` Աղեքսանդրիոյ մէջ ինքզինքս կը գտնէի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի հետքերուն վրայ: 1923-1924-ին Աղեքսանդրիոյ ՀՅԴ մարմինը յաղթած էր թեմական ընտրութիւններուն: 1926-ին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեանի հրաւէրով, Աղեքսանդրիա եկած էր եւ ուսուցչութիւն ստանձնած Պօղոսեան ազգային վարժարանին մէջ: Սակայն քանի մը տարի ետք, երբ ՀՅԴ-ի հակառակորդ ուժերը կրկին յաղթած էին ընտրութիւններուն, անոնք ստիպուած եղած էին հեռանալ վարժարանէն: Այդ տարիներուն` 28 մայիս 1928-ին, Շանթ Գահիրէի մէջ խումբ մը մտաւորականներու հետ հիմնած էր Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը: Իսկ 1929-ին Շանթն ու Աղբալեանը անցած էին Պէյրութ, ուր 3 մարտ 1930-ին հիմնած էին Հայ ճեմարանը: Այսպէս, Աղեքսանդրիոյ մէջ կը գտնէի հետքերը այն ճամբուն, որ տարիներ ետք պիտի հասնէր մինչեւ իմ դպրոցս` Նշան Փալանճեան ճեմարան:

Երբ մենք Լիբանանի պատերազմի օրերուն հոն հասանք, Աղեքսանդրիոյ հայկական գաղութը արդէն իր փառքի տարիները ետին ձգած էր, բայց տակաւին ինքնիր մէջ փոքր աշխարհ մըն էր: Եկեղեցի կար, դպրոց կար, ակումբներ կային, մարզական կեանք կար, ամառնային կազդուրման կայան կար: Նոյնիսկ հայ աւետարանական փոքր համայնք մը կար: Եւ կային դէմքեր, որոնց անունները մինչեւ այսօր չեմ մոռցած` նէնէիս բարեկամները` օրիորդ Սանդինն ու պարոն Հայկը, տաճիկ Սենիհան, ընկեր Արփիար Արփիարեանը, խմբապետ Վահանը, շապկագործ Քիրեճեանը, Գահիրէէն երբեմն այցելող Դրոյի նախկին թիկնապահը` ընկեր Պետրոս Մխտիկեանը: Ամէն մէկը այդ փոքր աշխարհին մէկ մասնիկն էր:

Եգիպտոսի հայութիւնը նաեւ իր երեք թերթերը ունէր` հնչակեան «Ջահակիր»-ը, ՌԱԿ-ի «Արեւ»-ը եւ ՀՅԴ-ի «Յուսաբեր»-ը: Վերջինը հիմնուած էր 1913-ին, Գահիրէի մէջ, Արմենակ Մէօթեմէտեանի կողմէ: 1926-ին «Յուսաբեր»-ը դարձած էր ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթը եւ այդ հանգամանքը կը պահէ մինչեւ այսօր: Լսած էի նաեւ, որ 1896-ի օգոստոս 26-ին Պանք Օթոմանի (Օսմանեան դրամատան) գրաւման գործողութեան 26 մասնակիցներէն Միհրան Կարապետեանը, Մարսէյ աքսորուելէ ետք, Աղեքսանդրիա հաստատուած եւ հոն ատաղձագործարան մը հիմնած էր: Այսպիսի պատմութիւններ ալ կային այդ փոքր գաղութին ետին, որուն անցեալը շատ աւելի հարուստ էր, քան մենք` հոն ժամանակաւորապէս ապրող պատանիներս, կրնայինք պատկերացնել:

Բայց այդ փոքր աշխարհը նաեւ բաժնուած էր: Պաղ պատերազմի տարիներն էին, եւ Հայաստանի ու սփիւռքի քաղաքական բաժանումները Աղեքսանդրիա ալ հասած էին: Դեռ 1930-ականներէն սկսեալ Եգիպտոսի հայութեան մէջ ներազգային սուր պայքարներ տեղի ունեցած էին: Կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն եւ կարմիր-կապոյտ-կարմիր շրջանակները իրենց առանձին կեանքը ունէին: Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ վերաբերմունքը բաժանարար գիծերէն մէկն էր, իսկ եռագոյնը երբեմն պարզ դրօշէ շատ աւելի բան կը նշանակէր: Կը յիշեմ` անգամ մը պատանեկան տարիքիս «միւս» ակումբը գացած էի` հաւնած աղջիկս տեսնելու: Հայրը զիս նկատեց եւ ակումբէն դուրս վռնտեց: Երեխայ էինք: Այդ բոլորին խորքը չէինք հասկնար, բայց շատ լաւ կը զգայինք, թէ ո՞վ ո՛ր կողմն էր:

Մեր գալուստով դպրոցի հաւասարակշռութիւնն ալ քիչ մը խախտած էինք: Օր մը մեծ մայրս` Ազատը, մեզ տարաւ Իպրահիմիէյի մէջ խմբապետ Վահանին ճերմակեղէնի խանութը:

«Ամա՜ն, այս ի՜նչ անուշիկ թոռներ ունիս, Ազա՛տ», բացագանչեց խմբապետը` այտերս այնքա՜ն ուժով սեղմելով, որ աչքերս արցունքոտեցան: Մէկ աչքն ալ արաբ յաճախորդներուն վրայ էր, որոնց հետ իր ծանր արաբերէն շեշտով պազարլըխը կը շարունակէր:

«Այս չոճուխները բոլորը սրահ կը բերես, Ազա՛տ, հասկցա՞ր: Ասոնք մեր տղաքն են: Ես Պօղոսեան ընդունուելու հարցը վաղը Ազգային վարչութեան սեղանին կը դնեմ: Բոլորը ՀՄԸՄ «Կամք» կ՛արձանագրես, Ազա՛տ: Եօթը հատն ալ: Մաշալլա՜հ, մաշալլա՜հ»:

Ու նորէն այտերս կը սեղմէր: Երբ յաճախորդներէն մէկը առանց գնելու խանութէն դուրս ելաւ, խմբապետը անոր ետեւէն «սիթին սանէ սաապիին եոմ» պոռալով բարկացաւ, ապա դարձեալ մեզի դարձաւ: Այդ օրը առեւտուրէն աւելի կարեւոր բան մը ունէր մտքին մէջ. Պէյրութէն եօթը պատանիներ պիտի գային սրահ:

Մեկնելէ առաջ ինծի դարձաւ ու խորհրդաւոր ժպիտով հարցուց. «Սօսէ Մայրիկը գիտե՞ս, տղա՛ս: Հա՛, ան հոս` Աղեքսանդրիա թաղուած է»: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց այդ խօսքերը վրաս այնպիսի տպաւորութիւն ձգեցին, որ յաջորդ երկու շաբաթները գիշերները Սօսէ Մայրիկի մասին մղձաւանջներ կը տեսնէի: Տարիներ ետք անոր աճիւնները Աղեքսանդրիայէն Հայաստան փոխադրուեցան եւ 1998-ին ամփոփուեցան Երեւանի Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ:

Խմբապետ Վահանէն զատ, մեր տնօրէնը` պարոն Գալուստեանը, որ յաջորդ տարի պիտի գաղթէր, նոյնպէս կը ստիպէր, որ կիրակի օրերը եկեղեցին շապիկ հագուինք եւ տօնական օրերուն ընթերցուածք կարդանք: Իսկ խմբապետ Վահանը, ՀՄԸՄ «Կամք»-ի մէջ իր ունեցած դերէն զատ, մեր պատանեկան վարիչն ալ էր: Ամէն հինգշաբթի մեզ «սրահը» (եգիպտահայերէնով` ակումբ) կը հաւաքէր եւ յեղափոխական երգեր կը սորվեցնէր: Մենք ալ աղուոր-աղուոր կ՛երգէինք: Թէ այդ երգերուն ետին եղած պատմութիւններէն որքա՛ն կը հասկնայինք` չեմ գիտեր: Բայց խմբապետ Վահանին ձայնը, ձեռքով չափ տալը, երբեմն մէկ-երկու հոգիի հասցուցած ապտակները, փինկ փոնկի սեղանին շուրջ մեր հաւաքները եւ այդ երգերը Աղեքսանդրիոյ յիշողութիւններուս անբաժան մասը մնացած են: Կար նաեւ Օմարը` սրահին սիրուած հայրիկը: Երգերէն ետք բոլորս անոր քով կը խուժէինք` «Քոքա Քոլա» խմելու:

Բայց, հակառակ այդ բոլոր բաժանումներուն, կային պահեր, երբ գաղութը դարձեալ մէկ ընտանիքի կը նմանէր: Այդ պահերը յաճախ ապրիլ 24-ին էին, կամ` մարզադաշտին վրայ:

Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հայկական միութիւններուն միջեւ պասքեթպոլի մրցումները գաղութին մեծ իրադարձութիւններէն էին: Հոն բոլորը կու գային: Տարբեր ակումբներու պատկանող մարդիկ նոյն դաշտին շուրջ կը հաւաքուէին, կը պոռային, իրենց խումբը շակաա կ՛ընէին, կը վիճէին, կը խնդային: Ու հոն իլլէ կռիւ մը կ՛ըլլար: Երեխայի աչքով` թերեւս այդ էր իսկական գաղութը:

1975-էն ետք Եգիպտոսի հայութեան ներազգային լարուածութիւնն ալ հետզհետէ պիտի մեղմանար: Երեք քաղաքական կուսակցութիւնները համաձայնած էին իրենց ներկայացուցիչները ունենալ Թեմական խորհուրդին մէջ: Նման փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենային նաեւ Լիբանանի եւ սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ: Պաղ պատերազմի տարիներուն խորացած քաղաքական հակադրութիւնները կամաց-կամաց կը մեղմանային, եւ սփիւռքի հայկական քաղաքական մտածողութեան մէջ կարծես նոր մօտեցում մը կը ձեւաւորուէր` տարակարծութիւնները պահելով հանդերձ, որոշ հարցերու շուրջ միասին աշխատելու պատրաստակամութիւն:

Ամառները Աղեքսանդրիոյ մէջ կեանքը ուրիշ համ մը ունէր: Միշտ ծովն էինք: Եւ երբեմն` ՀՕՄ-ի կազդուրման կայանը: Դպրոցէն ու քաղաքական բաժանումներէն հեռու` հոն կային ընկերներ, խաղեր, ծով եւ այն ազատութիւնը, որ միայն ամրան հետ կը կապուի: Երբեմն, շատ տաք օրերուն, Տիրան մեծ հայրս մեզ «ասապի ջուր» (շաքարեղէգի հիւթ) խմելու կը տանէր: Իսկ ամրան ուշ երեկոները Ազատ նէնէս մեզ Սապերի անուշավաճառին կը տանէր` կաթնապուրով կաթի պաղպաղակ ուտելու, վրան` խարկուած կաղին եւ չամիչ: Երբեմն ալ Թրիանոն անուշավաճառին կ՛երթայինք` կարկանդակ ուտելու եւ լեմոնատ վայելելու: Այսօր, երբ Աղեքսանդրիոյ մասին կը մտածեմ, քաղաքը միայն իր փողոցներով ու շէնքերով չեմ յիշեր: Կը յիշեմ այդ մարդիկը, փոքրիկ հաստատութիւնները, ամրան համերն ու հոտերը, որոնք մինչեւ այսօր հետս մնացած են:

Կելիպոլցի Ազատուհի նէնէս այդպիսի պահերուն կը սկսէր իր հին պատմութիւնները: «Է՜հ, օղլում, մենք ո՞ւր էինք, ո՛ւր հասանք: Ռէզիլ (խայտառակ) եղանք, տարագրուեցանք, հոս նոր կեանք հիմնեցինք: Դուն թագաւորի օրերու Աղեքսանդրիան չտեսար: Այս Թրիանոնին մէջ բոլորը յոյներ, իտալացիներ, ֆրանսացիներ, անգլիացիներ էին: Ասանկ պարզ հագուած կարելի չէր նոյնիսկ ներս մտնել: Է՜հ, օղլում, այս ի՜նչ կեանք ունեցանք, Աստուա՜ծ իմ»:

Նէնէս իր անցեալը կը պատմէր, իսկ մենք մեր նոր կեանքը կ՛ապրէինք Աղեքսանդրիոյ մէջ` առանց գիտնալու, թէ այդ օրերն ալ շուտով պիտի վերջանային:

Յետոյ ամէն ինչ յանկարծ փոխուեցաւ: Եգիպտոսի մեր կեանքը ընդհատուեցաւ ոստիկանական կառքի մը հետ պատահած ողբերգական արկածով եւ մեր քեռի Ճոնիի կորուստով: Ընդամէնը 40 տարեկան էր: Անոր մահը մեր ընտանիքին կրած ցաւալի կորուստներուն առաջինը եղաւ: Ստիպուեցանք ափալ-թափալ վերադառնալ տակաւին պատերազմի մէջ գտնուող Լիբանան: Բայց Ճոնի քեռին ուրիշ պատմութիւն է, որուն օր մը առանձին պիտի վերադառնամ:

Եւ հեռացանք Աղեքսանդրիայէն: Այն ատեն չէինք գիտեր, որ այլեւս երբեք պիտի չվերադառնայինք հոն ապրելու: Տարիներու ընթացքին հայկական գաղութն ալ շարունակեց փոքրանալ: Այսօր հազիւ 200 հայ մնացած է: Այն աշխարհը, որ արդէն մեր մանկութեան տարիներուն փոքրացած էր, այսօր գրեթէ անհետացած է:

Բայց ինծի համար Աղեքսանդրիան տակաւին հոն է: Խմբապետ Վահանը մեզի յեղափոխական երգ մը կը սորվեցնէ: Օրիորդ Սիրվարդը հայերէն կը դասաւանդէ: Օմար հայրիկը «Քոքա Քոլա»-ի շիշ մը կը բանայ: Մարզադաշտը ընկերներով լեցուն է: Իսկ Գահիրէի Հելիոպոլիս թաղամասին մէջ տակաւին կայ ՀՅԴ-ի պանթէոնը, ուր կը հանգչին` Գաբրիէլ Լազեանը, Նաւասարդեանը, Կայծ Կոկանեանը եւ ուրիշներ: Գահիրէի հեղինակաւոր Զամալեք թաղամասին մէջ տիկին Սաթենիկ եւ Ճանիկ Չաքըրներու պատմական առանձնատունը այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունն է, ուր հպարտօրէն կը ծածանի (նոյն դրօշը, որ մեր մանկութեան տարիներուն այնքան վէճերու պատճառ էր) անկախ Հայաստանի եռագոյնը: Հակառակ իր փոքր թիւին, եգիպտահայ գաղութը այսօր ալ կը շարունակէ իր դերը ունենալ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ջերմ յարաբերութիւններու պահպանման մէջ: Բայց գաղութին թիւի աստիճանական նուազումով հարց կը ծագի. Նուպար փաշաներու այս համայնքը պիտի կարենա՞յ ապագային ալ իր պատմական դերը շարունակել: Նոյն հարցը կը դրուի Սսփիւռքի շատ մը գաղութներու առջեւ: Թերեւս ժամանակն է, որ այս համայնքներուն ու հաստատութիւններուն մէջ մեծցած, այսօր աւելի բարեկեցիկ կեանք ունեցող եւ հանգստեան կոչուած մարդիկ իրենց ժամանակէն ու փորձառութենէն բաժին մը տրամադրեն` օգնելու մեր այս թանկագին, բայց մարդկային ուժի պակաս ունեցող գաղութներուն` շարունակելու իրենց գործը:

Իսկ մինչ այդ յիշողութեանս մէջ մենք տակաւին եօթը երեխաներով այդ փոքր հայաշխարհին մէջ կը վազվզենք` առանց գիտնալու, որ օր մը այդ բոլորը պիտի դառնային ապրուած օրեր:

Է՜յ վալլահ:

Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները

Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54  https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե.- Տանիքէ տանիք  https://www.aztagdaily.com/archives/705619
Զ.-  Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110
Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548

*  Շնորհակալութիւն Սուրէն Պայրամեանին եւ Գեղամ Փափազեանին` այս գրութեան պատրաստութեան իրենց օգտակար աջակցութեան համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ