Գիրքով հարստանալու նոր առիթ

•

Այս տա­­րի, Թարգման­­չաց Տօ­­նի օրե­­րուն Արաս Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը եւ Եսա­­յեան Միու­­թիւնը միաս­­նա­­­բար կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն «Կրկին» կո­­չու­­մով գիր­­քի փա­­ռատօն մը՝ 8-9-10 Հոկ­­տեմբեր 2026-ին, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Նա­­րեկեան Սրա­­հին մէջ։

Ինչպէս նշո­­ւած է մամ­­լոյ հա­­ղոր­­դագրու­­թենէն, գրա­­սէր­­նե­­­րու յի­­շողու­­թեան մէջ տա­­կաւին թարմ է Մխի­­թարեան Սա­­նուց Միու­­թեան եր­­դի­­­քին տակ կազ­­մա­­­կեր­­պուած գիր­­քի տօ­­նավա­­ճառ­­նե­­­րը։ Այս տա­­րի, Թարգման­­չաց Տօ­­նի օրե­­րուն Արաս Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը եւ Եսա­­յեան Միու­­թիւնը միաս­­նա­­­բար կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն «Կրկին» կո­­չու­­մով գիր­­քի փա­­ռատօն մը՝ 8-9-10 Հոկ­­տեմբեր 2026-ին, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Նա­­րեկեան Սրա­­հին մէջ։

Ստո­­րեւ մեր ընթրցող­­նե­­­րուն ու­­շադրու­­թեան կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք, այս նիւ­­թով հրա­­պարա­­կուած մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։

Պոլ­­սա­­­հայ մա­­մու­­լը, դա­­րաւոր հրա­­տարակ­­չա­­­կան աւան­­դութիւ­­նը, հնա­­վաճառ­­նե­­­րը եւ ան­­կախ հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րը կը հա­­մախմբո­­ւին Թարգման­­չաց Տօ­­նի առի­­թով։ Փա­­ռատօ­­նը կը նո­­րոգէ գիր­­քի հան­­դի­­­պումնե­­րու այն աւան­­դութիւ­­նը, որ եր­­կար տա­­րիներ Փան­­կալթըի Վար­­ժա­­­րանէն Շրջա­­նաւարտնե­­րու Միու­­թեան յար­­կին տակ ծաղ­­կած էր եւ հա­­մայնքի յի­­շողու­­թեան մէջ թան­­կա­­­գին հետք թո­­ղած։ Այ­­սօր, տա­­րիներ ետք, կրկին կը վե­­րած­­նի՝ աւե­­լի լայն մաս­­նակցու­­թեամբ եւ տար­­բեր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու միաս­­նութեամբ։ Երեք օր տե­­ւելիք հան­­դի­­­պու­­մը ըն­­թերցող­­նե­­­րուն պի­­տի առա­­ջար­­կէ ըն­­դարձակ ծրա­­գիր՝ գիր­­քի վա­­ճառ­­քի տա­­ղաւար­­նե­­­րէն մին­­չեւ զրոյցներ, բաց ար­­հեստա­­նոց­­ներ եւ գրող­­նե­­­րու հան­­դի­­­պումներ։

Հրանդ Տին­­քի 1996-ին «Ակօս»-ի էջե­­րուն մէջ գրած ան­­մո­­­ռանա­­լի նա­­խադա­­սու­­թե­­­նէն՝ «Բա­­րեւ անոնց, որ գիր­­քե­­­րը շա­­լակած բե­­րին, էջե­­րը պահ­­պա­­­նեցին ու հաս­­ցուցին մին­­չեւ օրս», մեկ­­նե­­­լով՝ դա­­րերու ըն­­թացքին վան­­քե­­­րէն տպա­­րան­­ներ, աք­­սո­­­րի ճամ­­բա­­­ներէն նեղ արա­­հետ­­նե­­­րէն տա­­ռերն ու էջե­­րը կրնակ­­նին մին­­չեւ օրս հասցնող­­նե­­­րու ժա­­ռան­­գութիւ­­նը այ­­սօր կրկին շունչ կ’առ­­նէ Նա­­րեկեանի յար­­կին տակ։

Կրկին գիր­­քի Փա­­րատօ­­նը պարզ յի­­շատա­­կի հան­­դի­­­սու­­թե­­­նէ աւե­­լի՝ նպա­­տակ ու­­նի լե­­զու­­նե­­­րու, սե­­րունդնե­­րու եւ մշա­­կոյթնե­­րու մի­­ջեւ կա­­ռու­­ցո­­­ւած դի­­մաց­­կուն կա­­մուրջը ամ­­րապնդել՝ այ­­սօ­­­րուան կեն­­դա­­­նի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով։

https://www.agos.com.tr/am/news/kirkvv-harsdanalvw-nvr-arit-42106

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ