Արեւմտեան Հայաստանի եւ Իրանի նուիրուած նոր ալպոմ մը Տիմիթրա Սթասինոփուլուի կողմէ

•

Տի­­միթ­­րա Սթա­­սինո­­փու­­լու եղաւ առա­­ջին ան­­ձը, որ նկա­­րահա­­նեց Պու­­թա­­­նը եւ այդ գոր­­ծին հա­­մար պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւեցաւ ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ի կող­­մէ։ Լու­­սանկար­­չութեամբ սկսաւ զբա­­ղիլ 50 տա­­րեկա­­նին։ Այ­­սօր, 17 տա­­րի ետք, ան ար­­դէն հրա­­տարա­­կած է 5 տպա­­գիր եւ 5 ելեկտրո­­նային հա­­ւաքա­­ծոներ։

Ինչպէս ծա­­նօթ է ար­­դէն, «Ազատ Օր»ի 2020-ի օրա­­ցոյ­­ցին մէջ տեղ գտած բա­­ցառիկ լուսան­­կարնե­­րը սի­­րայօ­­ժար տրա­­մադ­­րո­­­ւած էին նկա­­րահան Տի­­միթ­­րա Սթա­­սինո­­փու­­լուի կողմէ։ Այժմ ան ան­­բողջա­­ցուց բարձր որա­­կի լու­­սանկար­­նե­­­րով հարստա­­ցած իր նոր ալ­­պո­­­մը, որ նո­­ւիրո­­ւած է Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Իրա­­նի մէջ գտնո­­ւող պատ­­մա­­­կան կո­­թող­­ներուն։ Բա­­ցառիկ ալ­­պո­­­մը տե­­ղադ­­րո­­­ւած է հա­­մացան­­ցի վրայ եւ կա­­րելի է դի­­տել

https://www.yumpu.com/en/embed/view/9m1ZSFTUeCEYtAR6 հաս­­ցէէն։

2017-ին, Տի­­միթ­­րա Սթա­­սինո­­փու­­լու ճամ­­բորդեց մին­­չեւ յու­­նա­­­կան Պոն­­տո­­­սը, ուր շրջա­­նը նկա­­րելէ ետք, հա­­սաւ մին­­չեւ Վա­­նայ լի­­ճը, Աղ­­թա­­­մարի «Ս. Խաչ» պատ­­մա­­­կան եկե­­ղեցին եւ հա­­յոց դա­­րաւոր Անի քա­­ղաքը։ Յա­­ջոր­­դեց դէ­­պի Իրան ճամ­­բորդու­­թիւնը, ուր այ­­ցե­­­լեց Սպա­­հանի «Ս. Ամե­­նափրկիչ» վան­­քը։ Հմա­­յուած եկե­­ղեց­­ւոյ ներքնա­­մասի զար­­դանկար­­նե­­­րէն եւ անոր կող­­քին՝ ժո­­ղովրդագ­­րա­­­կան թան­­գա­­­րանի հարստու­­թե­­­նէն, Տի­­միթ­­րա Սթա­­սինո­­փուլու ճամ­­բորդեց երկրի հիւ­­սի­­­սը, իր լու­­սանկար­­չա­­­կան մե­­քենա­­յին մէջ ամ­­փո­­­փելու հա­­մար «Ս. Թա­­դէ»ի եւ «Ս. Ստե­­փանոս»ի պատ­­մա­­­կան վան­­քե­­­րու գրա­­ւիչ գե­­ղեկ­­ցութիւ­­նը։

«Եր­­կու տա­­րի առաջ գտնո­­ւեցայ արե­­ւելեան Թուրքիոյ մէջ, նա­­խապէս տպա­­ւորո­­ւած ըլ­­լալով «Ս. Խաչ» եկե­­ղեց­­ւոյ ձեռքս հա­­սած լու­­սանկա­­րէ մը։ Երբ մօ­­տէն տե­­սայ եկե­­ղեցին, ամ­­բողջ մար­­մինս ցնցո­­ւեցաւ։ Բազ­­մա­­­թիւ եր­­կիրներ ու տե­­ղեր ճամ­­բորդած եմ, սա­­կայն, այն կեան­­քիս մէջ հան­­դի­­­պած ամէ­­նէն գե­­ղեցիկ եկե­­ղեցին էր։ Երբ Անիի աւե­­րակ­­նե­­­րը տեսայ, խոր կսկիծ մը պա­­տեց ամ­­բողջ էու­­թիւնս եւ սկսայ դառ­­նութեամբ լալ։ Կը վախ­­նամ, որ տա­­րիներ ետք, այդ վայ­­րե­­­րուն վրայ ոչինչ պի­­տի մնայ, հա­­յու հին քա­­ղաքակրթու­­թիւնը յի­­շեց­­նող ամէն տե­­սակի նշում պի­­տի ան­­հե­­­տանայ։ Իրան կա­­տարած ճամ­­բորդու­­թիւնս եւ հնա­­մեայ վան­­քե­­­րու լու­­սանկա­­րու­­մը ան­­մո­­­ռանա­­լի տպա­­ւորու­­թիւննե­­րու պար­­գեւ մըն էր»։

Տի­­միթ­­րա Սթա­­սինո­­փու­­լու եղաւ առա­­ջին ան­­ձը, որ նկա­­րահա­­նեց Պու­­թա­­­նը եւ այդ գոր­­ծին հա­­մար պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւեցաւ ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ի կող­­մէ։ Լու­­սանկար­­չութեամբ սկսաւ զբա­­ղիլ 50 տա­­րեկա­­նին։ Այ­­սօր, 17 տա­­րի ետք, ան ար­­դէն հրա­­տարա­­կած է 5 տպա­­գիր եւ 5 ելեկտրո­­նային հա­­ւաքա­­ծոներ։

«Յա­­ջորդ այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րէս մէ­­կը պի­­տի ըլ­­լայ Հա­­յաս­­տան, հա­­ւանա­­բար՝ յա­­ջորդ գար­­նան։ Ու­­րախ եմ, որ ձեր օրա­­թեր­­թին մի­­ջոցով, կա­­պի մէջ մտայ Յու­­նաստա­­նի հայ հա­­մայնքին հետ, օգ­­տա­­­կար դառ­­նա­­­լով, որ­­պէսզի լու­­սանկար­­ներս աւե­­լի շատ մար­­դոց շրջա­­նակ­­նե­­­րուն մօտ ծա­­նօթաց­­նեն ձեր երկրի ու ժո­­ղովուրդի սքան­­չե­­­լի եւ գե­­ղեցիկ մշա­­կոյ­­թը։ Լու­­սանկարչա­­կան աշ­­խա­­­տանքս սի­­րոյ նո­­ւիրո­­ւած գործ մըն է։ Ան­­չափ ու­­րա­­­խու­­թիւն կը հա­­մակէ հոգիս, երբ գոր­­ծիս ար­­դիւնքը առի­­թը կու տայ մար­­դոց՝ իրենց երե­­ւակա­­յակու­­թեամբ ին­­ծի հետ միասին ճամ­­բորդե­­լու», ըսաւ մեր բա­­րեկա­­մը։

(Ազատ Օր)

https://www.agos.com.tr/am/news/arywmdyan-hahasdani-yw-irani-nvwirvwadz-nvr-albvm-mi-dimitra-stasinvpvwlvwi-gvghme-41995

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ