2026-ի մրցանակակիրներն են Սիւհէյլա Տողան եւ Ռաճի Սուրանի

18 տա­­րի է որ Հրան­­դի ծնունդը կը յի­­շենք իր անու­­նին ձօ­­նուած մրցա­­նակ­­նե­­­րու տու­­չութեան յա­­տուկ հան­­դէ­­­սով։

Ինչպէս «Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւով ալ նշած էինք, 15 Սեպ­­տեմբեր թո­­ւակա­­նը թեր­­թիս հիմ­­նա­­­դիր Հրանդ Տին­­քի ծնունդն է։ 18 տա­­րի է որ Հրան­­դի ծնունդը կը յի­­շենք իր անու­­նին ձօ­­նուած մրցա­­նակ­­նե­­­րու տու­­չութեան յա­­տուկ հան­­դէ­­­սով։

2009 թուականէն ի վեր, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը ներկայացնէ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը Սեպտեմբեր 15-ին։

Սոյն հան­­դէ­­­սը այս տա­­րի ալ կա­­տարուեցաւ Մուհսին Էր­­թուղրուլ Թա­­տերաս­­րա­­­հին մէջ կա­­յացած յա­­տուկ մի­­ջոցա­­ռու­­մով։ Այդ օր հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ 2026-ի մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նացող­­նե­­­րը։ Դա­­տակազ­­մը 2026-ի մրցա­­նակ­­նե­­­րուն ար­­ժա­­­նի գտած էր եր­­կու գոր­­ծիչներ՝ մէ­­կը Թուրքիայէն եւ միւսն ալ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նեան եր­­կիրնե­­րէն։

Թուրքիայէն մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւող անունն էր Սիւ­­հէյլա Տո­­ղան, որ իր կեան­­քի կա­­րեւոր մէկ հա­­տուա­­ծը նո­­ւիրած էր բնա­­պահ­­պա­­­նու­­թեան պայ­­քա­­­րի։ Ար­­դա­­­րեւ Տո­­ղան մրցա­­նակը ստա­­նալէն ետք նկա­­րագ­­րեց այդ պայ­­քա­­­րը, որու հե­­տեւան­­քով յա­­ճախ հար­­կադրուած էր դա­­տարան ներ­­կա­­­յանա­­լու իր ան­­մե­­­ղու­­թիւնը պաշտպա­­նելու հա­­մար։

Մի­­ջազ­­գա­­­յին ընտրա­­նիի յաղ­­թողն էր պա­­ղէս­­տինցի իրա­­ւապաշտպան Ռա­­ճի Սու­­րա­­­նի։ 73 ամեայ Սու­­րա­­­նի շուրջ 50 տա­­րիներ պայ­­քա­­­րած էր յատ­­կա­­­պէս Կազ­­զա­­­յի մէջ իս­­րա­­­յէլեան ճնշումնե­­րու դի­­մաց։ Մրցա­­նակ ստա­­նալէն ետք կա­­տարած ելոյ­­թին Սու­­րա­­­նի նշեց թէ ան­­կա­­­րելի է պատ­­կե­­­րաց­­նել այդ ճնշումնե­­րու ծան­­րութիւ­­նը, որոնք շատ ան­­գամ կը ներ­­կա­­­յանան մար­­դասպա­­նու­­թեան դէպ­­քե­­­րով։ «Այ­­սօր Կազ­­զա­­­յի մէջ գոր­­ծող հի­­ւան­­դա­­­նոց չկայ, գոր­­ծող դպրոց չկայ, ամ­­բողջո­­վին բա­­ցակայ է ըմ­­պե­­­լի մա­­քուր ջու­­րը եւ իբ­­րեւ թէ քա­­ղաքա­­կիրթ եր­­կիրներ բո­­լորո­­վին ան­­փոյթ են այս իրո­­ղու­­թեան դի­­մաց»։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մին բաց­­ման ճա­­րը ար­­տա­­­սանեց Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նա­­խագահ Ռա­­քէլ Տինք։ Տի­­կին Տինք իր ելոյ­­թին մէջ յատ­­կա­­­պէս շեշ­­տեց խա­­ղաղու­­թեան անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը։ «Որ­­քան ալ հիաս­­թա­­­փեց­­նող ըլ­­լայ, յոգ­­նե­­­ցու­­ցիչ եւ ձանձրա­­ցու­­ցիչ ըլ­­լայ, մենք պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կենք խա­­ղաղու­­թեան հա­­մար աշ­­խա­­­տիլ։ Ար­­դա­­­րու­­թեան հա­­մար վատ­­նո­­­ւած բո­­լոր ջան­­քե­­­րը ար­­ժէ­­­քաւոր են։ Պա­­տուա­­բեր են այդ աշ­­խա­­­տան­­քը տա­­նող­­նե­­­րուն հա­­մար։ Ար­­դա­­­րու­­թիւնը պե­­տու­­թեան հիմ­­քը հա­­մարող խօս­­քը Աս­­տո­­­ւածա­­յին բնոյթ ու­­նի։ Ան կը բու­­ժէ սգա­­ւոր, վի­­րաւոր սիր­­տե­­­րը։ Կը յու­­սադրէ սպա­­ռած ու վհա­­տած սիր­­տե­­­րը։ Վեր­­ջա­­­պէս լոյ­­սը կը ծա­­գի եւ խա­­ւարը կ՚ան­­հե­­­տանայ» ըսաւ Ռա­­քէլ Տինք։

Ապա բարձրա­­խօսը յանձնո­­ւեցաւ Հրանդ Տին­­քի մե­­նագ­­րութեան հե­­ղինակ Թու­­պա Չան­­տա­­­րին։

Չան­­տար ալ իր ելոյ­­թին մէջ անդրա­­դար­­ձաւ Հրան­­դի բու­­ժիչ յատ­­կութեան։ «Երկրի հա­­սարա­­կու­­թիւնը հի­­ւանդ է հա­­րիւր տա­­րիէ աւե­­լի ժա­­մանա­­կի մը ըն­­թացքին։ Այդ հի­­ւան­­դութեան բուժման գաղտնի­­քը պի­­տի ըն­­դօ­­­րինա­­կենք Հրան­­դի վար­­քով։ Անոր նման ան­­կեղծա­­բար պի­­տի դպչինք իրա­­րու վէր­­քե­­­րուն։ Պի­­տի խօ­­սինք ան­­կեղծօ­­րէն առանց ու­­րա­­­նալու, առանց ժխտե­­լու եւ ան­­ցեալի հետ հա­­մար­­ձա­­­կօրէն առե­­րեսո­­ւելով»։

Օրո­­ւայ հան­­դի­­­սավարն էր Շեպ­­նեմ Հաս­սա­նի­­սօկ­հի, իսկ իրենց երաժշտու­­թիւնով մաս­­նակցե­­ցան Մա­­րալ Այ­­վազ, Արի Պա­­րօքաս, Ան­­նա Սա­­րա Պօ­­ղոսեան, Ռաֆ­­ֆի Հայ­­րա եւ Սա­­սա Սե­­րափ։

Այս տա­­րուայ մրցա­­նակա­­կիր­­նե­­­րը պի­­տի մաս­­նակցին 2027-ի դա­­տակազմին։

https://www.agos.com.tr/am/news/2026-i-mrtsanagagirnyrn-yn-siwhehla-dvghan-yw-raci-svwrani-41892

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ