Արեւմտահայերէնով զարգանալու նոր վայր մը՝ «Զարցանց»

Կը մեկնարկենք «Զարցանց»ը՝ արեւմտահայերէնով նոր առցանց ծրագիր մը, որուն դռները բաց են աշխարհի չորս ծագերէն երեխաներու, պատանիներու եւ չափահասներու։ Հաճելի, ապահով եւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, զանազան աշխատանոցներու ընդմէջէն արեւմտահայերէնը բոլորին առօրեային մաս պիտի կազմէ։ Ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 20ին։

 «Զարցանց»էն ներս 3 տարեկանէն սկսեալ բոլոր երեխաները, պատանիները եւ չափահասները առիթ պիտի ունենան արեւմտահայերէնով արտայայտուելու, միտքեր փոխանակելու, ստեղծելու, յայտնաբերելու, կարդալու, գծելու, գրելու, երգելու, խաղալու, եւ այսպիսով բնականօրէն զարգացնելու իրենց լեզուական կարողութիւնները եւ փորձառութիւնները։ Խմբային աշխատանոցներու մասնակցելով, անոնք շաբաթը 3էն 5 ժամ պիտի կարենան սուզուիլ արեւմտահայերէնին մէջ։

«Զարմանազան» ամառնային ծրագիրի առցանց փորձառութենէն ծնունդ առած «Զարցանց»ը առցանց վայր մըն է, ուր լեզուն բնականօրէն կ՚ապրի՝ հիմնուած նորարարական մանկավարժական ու ընկերային սկզբունքներու վրայ։

Ծրագիրը բաց է թէ՛ սկսնակներուն, թէ՛ արդէն հայերէն խօսողներուն, թէ՛ կարդալ-գրել փափաքողներուն, նաեւ պարզապէս լեզուն աւելի կիրարկելու առիթներ փնտռողներուն համար։

«Զարցանց»ը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնն է եւ կը կազմակերպուի Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան կողմէ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար կարելի է այցելել zartsants.com կայքը։

(Հաղորդագրութիւնը՝ «Զարցանց»էն):

https://asbarez.am/archives/508823

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ