Ուխտագնացութիւն դէպի Աղթամար

Աւան­դա­կան դար­ձած Աղ­թա­մարի ուխտագ­նա­ցու­թիւնն ու Ս. Պա­տարա­գը կա­տարո­ւեցաւ 6 Սեպ­տեմբեր 2026, Կի­րակի առա­ւօտ, նա­խագա­հու­թեամբ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը 4 Սեպ­տեմբեր 2026, Ուրբաթ, մի­ջօրէի թռիչ­քով, մեկ­նե­ցաւ Վան՝ Աղ­թա­մարի ուխտագ­նա­ցու­թեան եւ Ս. Պա­տարա­գին նա­խագա­հելու հա­մար։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տին կ’ըն­կե­րանար Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան։

Մինչ այդ, Վան մեկ­նե­ցան նաեւ Արժ. Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մատեան եւ Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեանի գլխա­ւորու­թեամբ սար­կա­ւագ­ներ, կի­սասար­կա­ւագ­ներ, ինչպէս նաեւ Բրշ. Յա­րու­թիւն Էտ­վին Սրկ. Կա­լիպեանի գլխա­ւորու­թեամբ Ար­մաշ Դպրաց Խումբի ան­դամներ։

Սպա­սար­կողնե­րու խումբը Շա­բաթ հա­սաւ Վան եւ մեկ­նե­ցաւ Աղ­թա­մար Կղզի, ուր կա­տարո­ւեցան անհրա­ժեշտ քննու­թիւններն ու պատ­րաստու­թիւննե­րը։ Փո­խադ­րո­ւեցան եկե­ղեցա­կան գոյ­քերն ու զգեստնե­րը, զար­դա­րուե­ցաւ Ս. Սե­ղանը։

Վա­նի Կու­սա­կալին այց

Պատ­րիարք Հայ­րը, երե­կոյեան Նա­հան­գա­պետա­րանի մէջ քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ Վա­նի Կու­սա­կալ՝ Օզան Պալ­ճըին։

Մե­ծայարգ Կու­սա­կալը Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ ու­րա­խու­թիւն յայտնեց, որ այս տա­րի եւս առի­թը ներ­կա­յացաւ Աղ­թա­մարի Ս. Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Պա­տարագ մա­տու­ցա­նելու եւ մէկ­տե­ղուե­լու Վա­նի մէջ։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը ըսաւ որ սոյն ուխտագ­նա­ցու­թեան առի­թով պար­տա­կանու­թիւն հա­մարած է յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ, նա­հան­գի պե­տական բարձրա­գոյն ներ­կա­յացու­ցի­չին քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թիւն տալ։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը զրոյ­ցի ըն­թացքին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց թէ ըն­ծա­յուած ըն­դունե­լու­թեան, եւ թէ արա­րողու­թեան կա­տար­ման կա­պակ­ցութեամբ ըն­ձե­ռուած դիւ­րութեանց հա­մար։

6 Սեպ­տեմբեր 2026, Կի­րակի

Ուխտագ­նա­ցու­թեան ոգե­ւորու­թիւնը հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէտին։ Քա­ղաքէս եւ ար­տա­սահ­մա­նէն, յատ­կա­պէս ԱՄՆ-էն ուխտա­ւոր­նե­րու խումբեր ճամ­բայ ելան դէ­պի Աղ­թա­մար՝ մաս­նակցե­լու հա­մար Ս. Պա­տարա­գին։

Նոյն առ­թիւ, ուխտագ­նա­ցու­թեան մաս կազ­մեց նաեւ ԱՄՆ-ու Արե­ւելեան թե­մի առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մես­րոպ Եպս. Պար­սա­մեան:

Առա­ւօտեան ժա­մը 09.00-ին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը, հո­գեւոր հայ­րերն ու սպա­սար­կողնե­րու խումբը եւս, Վա­նի Նա­հան­գա­պետա­րանի տրա­մադ­րած նա­ւով ուղղո­ւեցաւ դէ­պի Աղ­թա­մար Կղզի։

Սուրբ Պա­տարագ

Ժա­մը 10.30-ին կազ­մո­ւած թա­փորը Տա­ճարի մօ­տակայ կի­սաւեր մա­տու­ռէն Ս. Խաչ եր­բեմնի հայ­րա­պետա­նիստ Տա­ճար առաջ­նորդեց պա­տարա­գիչ Գերշ. Տ. Մես­րոպ Եպս. Պար­սա­մեանը։

Ս. Սե­ղանին կը սպա­սար­կէին Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան, Արժ. Տ. Ար­մաշ Քհնյ. Պաղ­տա­սարեան, Արժ. Տ. Նա­թան Քհնյ. Արա­պեան, սար­կա­ւագ­ներ եւ կի­սասար­կա­ւագ­ներ։

Եր­գե­ցողու­թիւննե­րը կա­տարո­ւեցան Ար­մաշ Դպրաց Խումբին կող­մէ, առաջ­նորդու­թեամբ Բրշ. Յա­րու­թիւն Էտ­վին Սրկ. Կա­լիպեանի։

Քա­րոզ

Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քէ առաջ Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը խորհրդա­ծու­թիւն կա­տարեց «Զօ­րու­թիւն Սուրբ Խա­չի քո Քրիս­տոս որ կանգնե­ցեր ի փրկու­թիւն աշ­խարհի. Սա պա­հես­ցէ զմեզ յա­մենայն փոր­ձութե­նէ» (Շա­րական) բնա­բանով: Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Խա­չի եւ Աղ­թա­մարի Ս. Խաչ Տա­ճարի շի­նու­թեան մա­սին: Ապա փառք տո­ւաւ Աս­տուծոյ, որ այս տա­րի եւս եկած էր Աղ­թա­մար՝ աւան­դա­կան դար­ձած ուխտագ­նա­ցու­թեան նա­խագա­հելու եւ Ս. Պա­տարա­գով ուխտագ­նա­ցու­թիւնը իր գա­գաթին հասցնե­լու: Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց պե­տական աւա­գանիին։

Ուխտա­ւոր­նե­րը հա­ւաքա­կան խոս­տո­վանան­քէ ետք, Ս. Հա­ղոր­դութիւն ստա­ցան։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի կա­տարուեցաւ կարգ ի հան­գիստ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ եւ ի մաս­նա­ւորի Աղ­թա­մարայ եր­բեմնի Կա­թողի­կոսու­թեան հան­գուցեալ սպա­սաւոր­նե­րու հոգ­ւոցն։ Յի­շատա­կուե­ցան Ս. Խաչ Հայ­րա­պետա­նիստ Տա­ճարի կա­ռուցման բա­րերար Գա­գիկ Արծրու­նի Թա­գաւո­րը, Տա­ճարի ճար­տա­րապետ Մա­նուէլ Վար­դա­պետը, Աղ­թա­մար գա­հակա­լող Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոս­նե­րը, Մե­ծի Տանն Աղ­թա­մարայ կա­թողի­կոս­նե­րը եւ հա­մայն միաբան­նե­րը Աղ­թա­մարի Աթո­ռոյն, Վա­նի եր­բեմնի թե­մի եւ ի Քրիս­տոս հան­գուցեալ հա­մայն հա­ւատա­ցեալ­նե­րը։

Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարո­ւած հան­դի­սու­թիւննե­րէն յե­տոյ, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան գլխա­ւորու­թեամբ հո­գեւո­րական­նե­րու թա­փորը առաջ­նորդո­ւեցաւ բակ, ուր հա­ւատա­ցեալ­նե­րու եւ ուխտա­ւոր­նե­րու «Ամէն, ալէ­լուիա»նե­րով կա­տարո­ւեցաւ հան­դի­սաւոր ան­դաստան, որու ըն­թացքին օրհնո­ւեցան աշ­խարհի չորս ծա­գերը, Հա­յոց հայ­րա­պետու­թիւնը, քրիս­տո­նեայ թա­գաւո­րու­թիւններն ու իշ­խա­նու­թիւննե­րը, եր­կիրն ու ան­դաստան­նե­րը, տար­ւոյն պտղա­բերու­թիւնը, վան­քերն ու անա­պատ­նե­րը, քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը եւ անոնց բնա­կիչ­նե­րը։

Ապա Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան տո­ւած օրհնու­թեամբ իր աւար­տին հա­սան արա­րողու­թիւննե­րը։

Պատ­րիարք Հայ­րը, հո­գեւոր հայ­րե­րու եւ սպա­սար­կողնե­րու խումբը նոյն երե­կոյ վե­րադար­ձան Իսթանպուլ։

https://www.agos.com.tr/am/news/vwkhdaknatsvwtiwn-tebi-aghtamar-41814

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ