Քեսապի լատինաց վանական համալիրի կառուցումը. Ուսումնասիրաց բարձրագոյն վարժարանը` խոչընդոտներու դէմ յանդիման

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի մէջ լատին համայնքը կազմակերպուած էր Ֆրանչիսկեան միաբանութեան  Թերրա Սանթա (Սուրբ Տեղեաց) առաքելութեան ջանքերով: Համայնքին կազմակերպիչները եղած էին Մոնսենիոր Ֆրետիանօ Ճաննինի (Երուսաղէմի Ֆրանչիսկեան առաքելութեան պետը), փատրէ Լուիճի Թուէսթա եւ փատրէ Սապաթինօ Տէլ Կայծօ:

Փատրէ Սապաթինօ 1904-ին ստանձնած էր Քեսապի լատին համայնքին ղեկավարութիւնը:

Փատրէ Սապաթինօ Տէլ Կայծօ Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ մէջ լատին առաքելութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն եղած էր: Ան ծնած էր 1868-ին: Ընտանիքը Նափոլիի շրջանէն էր եւ Կայծօ իտալական տեղական բարբառով «անծեղ» կը նշանակէ: Հայր Սապաթինոյի ջանքերով Քեսապ աւանի արեւելեան թաղի բարձունքին կառուցուած էր լատինաց վանքը եւ դպրոցը, ինչպէս նաեւ Վարի Պաղճաղազի վանքը` Վերափոխման եկեղեցիով եւ դպրոցով:

Քեսապցիք լատին վարդապետները «փեթրի» (փատրէ, իտալերէն` հայր) կ՛անուանէին:

Հայր Սապաթինօ 1909-ի աղէտի օրերուն մնացած էր ժողովուրդի կողքին, կազմակերպած էր կիներու եւ մանուկներու ապահով տեղափոխումը Լաթաքիա, անխտրական ոգիով օգնութեան ձեռք երկարած էր բոլորին, իսկ աղէտէն ետք իր ներդրումը բերած էր վերակառուցման աշխատանքներուն:

Քեսապի լատինաց վանքը հրկիզուած էր 1909-ի աղէտի օրերուն: Հայր Սապաթինոյի ջանքերով վանքը վերակառուցուեցաւ եւ դպրոցական նոր շէնք մը կառուցուեցաւ:

Հայր Սապաթինօ 1915-ին իր հօտին հետ տարագրուած էր Հալէպ:

Պատերազմի այդ օրերուն հայր Սապաթինօ ձեռնարկեց Սուրբ Տեղեաց մէջ լատին վանքերու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վիճակի մասին ուսումնասիրութեան մը պատրաստութեան: Շուրջ մէկ տարուան աշխատանքէ ետք ան պատրաստեց «Վանքերու, հիւրավանքերու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վիճակը Սուրբ Տեղեաց մէջ, 10 հոկտեմբեր 1916-ին» պատմական մեծ եւ սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնող աշխատութիւնը, ուր մանրամասն յիշուած  եւ նկարագրուած են Արեւելքի մէջ լատին ֆրանչիսկեան միաբանութեան հոգեւոր եւ կրթական բոլոր կառոյցներու ու առաքելավայրերու ներկայութիւնը եւ անոնց գործունէութիւնը համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն:

Տարագրութենէն Քեսապ վերադառնալէն ետք, 1919-ին հայր Սապաթինօ որբանոց բացաւ, իսկ 1921-ին վերաբացաւ  դպրոցը:

***

Հայր Սապաթինօ ձեռնարկեց վանական նոր համալիրի կառուցման: Ան իր մօտ աշխատանքի հրաւիրեց այնթապցի վարպետ շինարար ուստա Նազար Ուստագարայեանը:

Շինարարութեան աշխատանքները սկսան եւ երիտասարդներ աշխատելու կանչուեցան լաւ վարձատրութեամբ: Կ՛ըսուի, որ աշխատողներուն լաւ վարձատրութիւն կը տրուէր եւ անոնց կը թելադրուէր լատին արձանագրուիլ, ալիւր ու այլ օժանդակութիւններ ստանալու եւ նեցուկ ապահովելու համար: Քարերը Պաշորտէն բերուեցան (կ՛ըսուի ամէն մէկ քարի համար մէկ ոսկի ծախս եղած է), իսկ տարբեր շինանիւթեր եւ սրբանկարներ Իտալիայէն նաւերով Գալատուրանի ծովափը բերուեցան եւ հոնկէ ջորիներով Քեսապ փոխադրուեցան:

Քեսապ աւանի արեւելեան կողմը, բարձունքին, հին վանքէն քիչ մը վեր, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան Թերրա Սանթա առաքելութեան  վանքի նոր եւ մեծ համալիրի շինութիւնը իր աւարտին հասաւ 1925-ին:

Հալէպի առաքելական փոխանորդ եւ Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակ Մոնսենիոր Ֆրետիանօ Ճաննինի Քեսապ այցելելով նորակառոյց վանքին բացումը կատարեց:

Վանական համալիրը կ՛ընդգրկէ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցին, վանատունը եւ երկյարկանի դպրոցը:

Դպրոցը հնգամեայ երկսեռ նախակրթարան էր. դասաւանդութիւնները կը կատարուէին ֆրանսերէն, հայերէն եւ արաբերէն:

Հայր Սապաթինօ հնագիտական յատուկ հետաքրքրութիւններ ունէր: Ան պարբերաբար իր մօտ կը հրաւիրէր ֆրանսացի հնագէտներ եւ  Յիսուսեան միաբանութեան վարդապետներ,  Քեսապի նիւթական մշակոյթն ու պատմութիւնը ուսումնասիրելու համար, եւ անոնց հետ պեղումներ կը կատարէր շրջանին մէջ: Յատկապէս Կասիոս լերան արեւելեան բարձունքին գտնուող Պալլումի ուխտավայրին մէջ երկար պեղումներ կատարուեցան: Գտնուեցան եւ հանուեցան փիւնիկեան, սելեւկեան, հռոմէական, բիւզանդական եւ խաչակիրներու ժամանակներուն վերաբերող հնութիւններ, խոյակներ, արձանագրութիւններ եւ քանդակազարդ քարեր: Հաւաքուած հնութիւնները վանքին մէջ տեղադրուեցան:

***

Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարանը, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայկական բարձրագոյն միակ վարժարանն էր, նիւթական, ինչպէս նաեւ անձնակազմի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր:

1924-էն 1927, կրթական երեք տարեշրջաններուն, 53 աշակերտներ յաճախած էին Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարան: Դպրոցը աւարտած եւ ֆրանսական կրթական ծրագիրի երկրորդ պաքալորիայի վկայական ստացած էին եօթը աշակերտներ, որոնք իրենց ուսումը շարունակելու համար ֆրանսական համալսարաններ մտան:

Դպրոցին չորրորդ տարուան` 1927-1928 կրթական տարեշրջանի վերամուտին, նախորդ տարուան 45 աշակերտներու փոխարէն, արձանագրուեցան 35 աշակերտներ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ դպրոցին եկամուտները նուազեցան եւ ուսուցիչներու թոշակներու կանոնաւոր վճարումները դժուարացան:

Աշակերտութեան թիւի նուազումը պայմանաւորուած էր անոնց ընտանիքներու նիւթական անձուկ պայմաններով: 1928-ի տարեսկիզբին, տարեշրջանի երկրորդ կիսամեային, ութ աշակերտներ հեռացան. մնացին 27 աշակերտներ:

Ուսումնասիրաց ընկերութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 15 մարտ 1928 թուակիր նամակ գրեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղերուն, ուր կ՛ըսուէր.

«Ներկայիս ունինք միայն երկու մնայուն եւ մէկ այցելու ուսուցիչներ:… Յառաջիկայ տարուան համար հիմակուընէ պէտք եղած տեղերը դիմումներ կ՛ընենք երկու կարող ուսուցիչներ եւս գտնելու: Եթէ յաջողեցանք, լաւ. հակառակ պարագային, երկու մնայուն ուսուցիչներով կարելի պիտի չըլլայ չորս դասարաններ պահել եւ դպրոցը շատ պիտի տուժէ»:

Նամակներ գրուեցան եւ ուղարկուեցան նաեւ Հարաւային Ամերիկա մեկնած պանդուխտ հայրենակիցներուն: Կեդրոնական վարչութիւնը անոնցմէ կը խնդրէր Ուսումնասիրացի մասնաճիւղեր կազմել, հանգանակութիւններ կազմակերպել եւ նիւթական օժանդակութիւններ ղրկել ծննդավայր, ի նպաստ վարժարանին:

Դիմումներ կատարուեցան նաեւ տարբեր երկիրներ ու քաղաքներ ապրող քեսապցիներու, դպրոցին օժանդակելու առաջարկով:

***

Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարանին տնօրէնը Յակոբ Աթիկեանն էր: Փոքր տարիքին  հայրը կարսնցուցած, ան իր նախակրթութիւնը ստացած էր Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ (1909-էն` Սահակեան) վարժարանին, ապա` Տէորթ Եոլի Քէլէկեան եւ Հարունիէի Գերմանական որբանոցներուն մէջ:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը, 1914-ին ան Հալէպի մէջ կեդրոնացած գերմանական բանակին մէջ թարգմանիչի պաշտօն ստանձնած էր: Այդ պաշտօնին շնորհիւ ան ազատեցաւ աքսորէն: Մայրն ու եղբայրը զոհ գացին ջարդին եւ փրկուեցաւ միայն փոքր քոյրը:

Յակոբ Աթիկեան 1920-ին Ֆրանսա մեկնեցաւ եւ Մարսէյի համալսարանը մտաւ, ուրկէ 1924-ին վկայուեցաւ գիւղատնտեսութեան բաժանմունքէն: Հեռակայ կարգով մասնագիտացաւ քիմիագիտութեան եւ ուսողութեան մէջ եւ վկայական ստացաւ:

Քեսապ վերադառնալէն ետք նորաբաց Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարանին մէջ նուիրուեցաւ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան, դասաւանդելով թուաբանութիւն, բնագիտութիւն, ալճեպրա, քիմիագիտութիւն, բուսաբանութիւն եւ ֆրանսերէն լեզու: 1926-ին ստանձնեց դպրոցին տնօրէնութիւնը:

***

Ժոզէֆ Հեքիմեան կրթութիւնը ստացած էր Քեսապի Աւետարանական Մանչերու վարժարանին մէջ: Դպրոցը աւարտելէն ետք մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ եւ մտած Այովայի համալսարանը, վկայուելով իբրեւ գիւղատնտես:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձաւ ծննդավայր: Գործօն դերակատարութիւն ստանձնեց Ազգային միութեան կազմութեան մէջ եւ դարձաւ անոր քարտուղարը:

Քեսապի Ազգային Միացեալ տղոց եւ աղջկանց վարժարաններու բացումէն ետք Ժոզէֆ Հեքիմեան զոյգ վարժարաններուն տնօրէն նշանակուեցաւ. պաշտօն մը, զոր վարեց մինչեւ 1924:

Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարանի բացումէն ետք, 1924-ին ստանձնեց դպրոցին տնօրէնութիւնը, զոր վարեց մինչեւ 1926: Այնուհետեւ ստանձնեց աւագ ուսուցիչի պաշտօնը, դասաւանդելով անգլերէն լեզու, բնագիտութիւն, մարդակազմութիւն, ինչպէս նաեւ գրելու եւ խօսելու վարժութեան դասընթացքներ հաստատեց:

Ժոզէֆ Հեքիմեան 1928-ին Պաղտատ մեկնեցաւ եւ ստանձնեց տեղւոյն Ազգային վարժարանին տեսչութիւնը, զոր վարեց մինչեւ 1931: Ժանտատենդէ վարակուելով մահացաւ երիտասարդ տարիքին: Ճանչցուած էր իբրեւ ծայր աստիճան բծախնդիր, անխոնջ աշխատող, անկողմնակալ եւ բոլորին սիրոյն ու յարգանքին արժանացած անձնաւորութիւն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ