35 տարի առաջ. Արցախ կը հռչակուէր անկախ հանրապետութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մարզային խորհուրդը եւ Շահումեանի Շրջանային խորհուրդը 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի անկախութիւնը հռչակեցին:

Անկախութեան հռչակագիրը հիմնուած էր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ընդունուած «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգի մասին» օրէնքով:

Նախապէս արդէն` 30 օգոստոս 1991-ին, Ազրպէյճան անկախութիւն հռչակած էր:

Արցախի անկախութեան հռչակման լուրը օրին «Ազդակ» տուած էր 3 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով:

Երկուշաբթի, 2 սեպտեմբերէն երեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր լուսցող գիշերուան ընթացքին, թերթը մամուլին յանձնելու պահուն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութենէն թելեփրինթրով հասաւ Արցախի անկախութեան հռչակման լուրը:

Պատասխանատու խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեան ուշ գիշերուան այդ պահուն քակել տուաւ առաջին էջը, հանեց ճակատի երկու փոքր լուրերը (թերթին էջերը այն ժամանակ կապարով կը շարուէին) եւ «Վերջին ժամ» ենթախորագիրով ու «Արցախն ու Շահումեանը իրենք զիրենք Ազրպէյճանէն անկախ կը հռչակեն» խորագիրով, խմբագրեց լուրը, ուր կ՛ըսուէր.

«Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային խորհուրդը եւ Շահումեանի խորհուրդը, երկուշաբթի օր, «Լեռնային Ղարաբաղի Հայկական Հանրապետութիւն» անուան տակ, Ինքնավար Մարզն ու Շահումեանի շրջանը անկախ հռչակեցին Ազրպէյճանէն (որ անցեալ շաբաթ ինքզինք անկախ հռչակած էր Խորհրդային Միութենէն), ընդգծելով որ շրջանին մէջ խորհրդային Սահմանադրութիւնն ու Օրէնքը կը մնան ի զօրու:

«Հայկական «Սնարք» լրատու գործակալութեան համաձայն, Մարզային Խորհուրդի մէկ բանբերը յայտնած է, թէ Ինքնավար Մարզն ու Շահումեանը իրենց յոյսերը կտրած են Ազրպէյճանէն եւ Հայաստանէն եւ վերջին օրերու զարգացումներու լոյսին տակ, իրենք զիրենք կը հռչակեն անկախ հանրապետութիւն»:

Նոյն թիւին` 3-րդ էջով, տեղ գտած է «Արցախի ազատագրութեան մարտիկներ»-ուն` Արցախի ժողովուրդին ուղղած դիմում-ուղերձը, որուն մէջ ի շարս այլոց կը նշուի. «Ժամանակն է հասկնալու, որ Արցախի մէջ պէտք է ունենալ սեփական հայկական իշխանութիւն: Բոլորովին կարեւոր չէ, թէ այդ իշխանութիւնը Մոսկուան եւ Պաքուն կը ճանչնա՞ն, թէ ոչ. շատ աւելի կարեւոր է, որ այդ իշխանութիւնը չծառայէ ուրիշներուն, այլ պաշտպանէ հայ ժողովուրդին շահերն ու երկրամասը, իսկ մենք, այդ իշխանութիւնը կը պաշտպանենք զէնքի՛ ուժով»:

Յաջորդ օրուան` 4 սեպտեմբեր 1991-ի թիւով «Ազդակ» կը յայտնէր, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը մերժեց ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը` իբրեւ հակասահմանադրական:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ