Արարատ. ուխտ եւ վերադարձ

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Կան լեռներ, որոնք նուաճուելէ ետք կը մնան աշխարհագրական քարտէսներու վրայ` որպէս յաղթահարուած բարձունքներ: Եւ կայ Արարատը, որուն հետ հանդիպումը երբեք ֆիզիքական արշաւի սահմաններուն մէջ չի փակուիր: Անոր վերելքը վերջակէտ չունի. ամէն էջքի հետ արդէն իսկ կը ծնի վերադարձի անհրաժեշտութիւնը:

Արարատը անտէր ձգուած տուն մը չէ, որուն դուռը կրնանք փակել ու հեռանալ: Ան աւելի շատ կը նմանի ծանր հիւանդի մը, որուն անկողինին մօտ հարազատը պարտաւոր է հերթապահել: Չենք կրնար մեր սրբութիւնը առանձին ձգել օտարի մը յարկին տակ: Յաճախակի այցելութիւնն ու անոր գագաթին Հայաստանի դրօշը վերստին պարզելը աշխարհին ուղղուած լռին, բայց անհերքելի յիշեցում մըն է որ` այս հողը ունի արմատ, ունի տէր եւ ունի պատկանելիութիւն:

Այս վերելքը, սակայն, միայն յիշողութեան պահպանում չէ. ան կենդանի ուժի աղբիւր է: Լերան լանջերուն քալած ատենդ, պատմութիւնը դուրս կու գայ դասագիրքերու չոր էջերէն: Մորթիդ տակ կը զգաս Հայկեան զօրութիւնը, աչքերդ ակամայ կը փնտռեն խորխորատներուն մէջ շղթայուած Արտաւազդը, իսկ քարափներուն վրայ կը նշմարես Նոյեան տապանի հանգրուանը, ուրկէ սկիզբ առաւ նոր մարդկութիւնը:

Այս երկրորդ վերելքով այս տարի նշեցի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ բոլորած իմ 25-ամեակս: Սակայն ինծի համար բաւարար չէր առանձին կանգնիլ այդ բարձունքին: Ամբողջ նկարագիրս ու մտածողութիւնս կազմաւորուած են այն դաստիարակութեամբ, զոր ինծի փոխանցած են ծնողքս, Ճեմարանի դպրոցական նստարանները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի շարքերը: Երախտագիտութեան խոր զգացումով կ՛անդրադառնամ, թէ որքա՛ն էական ու վճռորոշ է մեր զաւակները վստահիլ նման հայկական հաստատութիւններու ու միութիւններու, ուր իսկական հայկական ոգի եւ ազգային նկարագիր կը տաշուի:

Ահա թէ ինչո՛ւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը ինծի համար լոկ խօսք չէ, այլ ապրուած հաւատամք: Ուխտագնացութեանս իսկական իմաստը կարելի եղածին չափ շատ հայորդիներու ձեռքէն բռնելով մինչեւ գագաթ առաջնորդելն է, որպէսզի անոնք եւս հաղորդուին այս անսպառ ուժով ու դառնան Մասիսի մշտարթուն պահապանները:

Ու երբ ի վերջոյ կանգնիս այն բարձունքին, ուր թաղուած է Շիրազի սիրտը, կը հասկնաս անդառնալիին սահմանը. այդտեղէն կարելի է իջնել, բայց բաժնուիլ` երբեք: Վասնզի քու սիրտդ ալ արդէն յաւերժօրէն կապուած  մնացած է այդ քարերուն:

Արարատ բարձրանալը լոկ վերելքի սիրոյն կատարուած մարզական քայլ մը չէ, այլ պահանջատիրական ուխտ ու բացայայտ փաստ. այս լեռը մե՛րն է, այս հողը մե՛րն է: Մենք պիտի շարունակենք վերադառնալ, պիտի տանինք նորանոր սերունդներ ու պարզենք մեր Եռագոյնը, մինչեւ որ այս ժամանակաւոր այցելութիւնները վերածուին վերջնական տիրութեան: Մենք պիտի վերադառնանք այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է, մինչեւ հասնինք մեր ամբողջական տեսլականին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացման, ուր Արարատը այլեւս օտարի սահմանէն այն կողմ դիտուող երազ չէ, այլ մեր հայրենիքի անբաժանելի սիրտը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ