ԷՐՎԱՊ-ի հերթական ապարդիւն ժողովը

24 Օգոս­տոս երեք­շաբթի երե­կոյ թրքա­հայ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու խորհրդակ­ցա­կան հար­թա­կի՝ ԷՐ­ՎԱՊ-ի ժո­ղովը կա­յացաւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոցի մէջ։

Ժո­ղովը կը գլխա­ւորէր Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. Մա­շալեան։ Հար­թա­կի պատ­մութեան մէջ այս ժո­ղովը բա­ցառու­թիւն մը կը կազ­մէր իր դռնբաց յատ­կութիւ­նով։ Ար­դա­րեւ մա­մու­լի ներ­կա­յացու­ցիչներ ալ մաս կազ­մե­ցին խորհրդակ­ցա­կան բնոյ­թով այս հան­դիպման։ Օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւթն էր Սա­մաթիոյ Սա­հակեան Նու­նեան Վար­ժա­րանի մատ­նո­ւած տնտե­սական դժո­ւարու­թիւնը։ Թա­ղի Սուրբ Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ ատե­նապետ Նուրհան Տա­վուլճո­ւեան յայտնեց թէ, նոյ­նիսկ լուրջ դժո­ւարու­թիւններ կ՚ապ­րին ու­սուցիչ­նե­րու ամ­սավճար­նե­րը հո­գալու խնդրին մէջ։ Սա­հակեան 312 սա­ներով Պոլ­սոյ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ամե­նաշատ աշա­կերտներ ու­նե­ցող երկրորդ դպրոցն է եւ աշա­կեր­տութեան 85 տո­կոսը կը բաղ­կա­նայ թա­ղեցի­ներէ։

Ժո­ղովի ըն­թացքին խի­զախ ելոյթ մը ու­նե­ցաւ Պո­յաճը­գիւ­ղի Եկե­ղեց­ւոյ ատե­նապետ Նա­զարեթ Էօզ­սա­հակեան, որ ընդգծե­լով փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու վար­ժա­րան­նե­րուն հա­սարա­կապատ­կան յատ­կութիւ­նը, պա­հան­ջեց որ, ու­սուցիչ­նե­րու ամ­սա­թոշակ­նե­րը վճա­րուին պե­տու­թեան կող­մէ։

Սա­կայն Էօզ­սա­հակեանի այս տրա­մաբա­նական առա­ջար­կը դի­մաւո­րուե­ցաւ ան­մա­կար­դակ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րով։ Առա­ջար­կը փո­խան կար­ծի­քի փո­խանա­կումնե­րու դի­մաւո­րուե­ցաւ ան­մա­կար­դակ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րով։ Այդ պա­հուն ու­շագրաւ է ԱՔՓ-ի երես­փո­խան բժիշկ Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լո­ւի «Դուն Ռէ­յիսը չես սի­րե՞ր» հար­ցումը։ Այս ան­գամ «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի խմբագ­րա­պետ Արա Գօ­չու­նեան առար­կեց Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի հաս­ցէին «Ռէ­յիս» բա­ռի գոր­ծա­ծու­թեան դէմ։ Դահ­լի­ճի ընդհա­նուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րը կար­ծես թէ պա­տաս­խա­նը ըլ­լար «ԷՐ­ՎԱՊ-ի ժո­ղով­նե­րը ին­չո՞ւ դռնփակ կ՚ըլ­լան» հար­ցումին։

Ար­դա­րեւ ար­ծարծո­ւեցան զա­նազան նիւ­թեր, ընդհա­նուր մե­ղադ­րանքներ հնչե­ցին հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու որ­դեգրած գաղտնա­պահու­թեան եւ ան­թա­փան­ցիկ վար­չա­կար­գին դէմ, տեղացին սուտ պնդումներ, զրպարտութիւններ, ցեխարձակումներ եւ ժո­ղովը աւար­տին հա­սաւ գործնա­կան գետ­նի վրայ առանց հա­սարա­կական կամք մը ձե­ւաւորելու։

https://www.agos.com.tr/am/news/ervab-i-hyrtagan-abartiwn-jvghvvi-41643

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ