Աւանդական ընտանեկան երեկոյ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՕՀԱՆԷՍ

Ընտանեկան եւ համայնքային հաւաքոյթները պարզապէս ժամանակ անցընելու միջոց չեն, այլ՝ անոնք պահեր են, ուր մարդիկ կը վերագտնեն իրարու հոգին, կը ջերմանան միասնութեան կայծով եւ սերունդներուն կը փոխանցեն անցեալի արմատներն ու ապագայի յոյսը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20ի երեկոյեան, անմոռանալի եւ անկրկնելի ջերմ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Պոլսահայ միութեան Մշակութային եւ Տիկնանց յանձնախումբերու կազմակերպած աւանդական ընտանեկան երեկոն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կոկիկ թիւով հիւրեր:

Այս յաջող ձեռնարկը ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր խնձորի խորհրդանշական եւ գեղեցիկ նիւթին շուրջ, որ իւրայատուկ, տօնական եւ հարազատ շունչ մը հաղորդեց:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Սարաֆեանի ողջոյնի խօսքով․ ան ջերմօրէն ողջունեց հիւրերը եւ անուշ ու բարի ախորժակ մաղթեց բոլորին:

Այնուհետեւ, Ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչ հանդէս եկաւ սրտաբուխ խօսքով՝ ընդգծելով նման հաւաքներու կարեւորութիւնը եւ ողջունելով բոլոր ներկաները: Ապա ան հրաւիրեց միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Օհանէսը, որ մեծ հաճոյքով կիսուեցաւ ներկաներուն հետ խնձորի առնչուող խորհրդածութիւններով, բացատրելով թէ ինչպէս ժամանակի ընթացքին փոխուած է խնձորին բնական համն ու որակը, որը ուղղակիօրէն կը զուգորդուի մեր կեանքին փոփոխութիւններուն հետ:

Ան համեմատութիւններ կատարեց հին ու բարի, համերաշխ օրերու պարզութեան եւ մեր օրերու արագնթաց ու բարդ իրողութիւններուն միջեւ՝ արժանանալով հիւրերուն մեծ համակրանքին:

Խօսք առաւ նաեւ միութեան Հոգաբարձութեան ատենադպրուհի Անահիտ Գոճայեան:

Հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ վայելեցին Տիկնանց յանձնախումբին անդամներուն կողմէ պատրաստուած անուշահամ աղանդերներն ու աւանդական «օրման քէպապ»ը: Ճաշին համն ու հոտը միաձուլուեցան սեղաններու շուրջ տիրող ջերմ զրոյցներուն, որոնց ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան մտերմանալու, անկեղծօրէն զրուցելու եւ անցընելու մտերմիկ պահեր:

Հիմնական ճաշէն եւ հաճելի զրոյցներէն ետք, ծրագիրը շարունակուեցաւ անակնկալներով ու հետաքրքրաշարժ խաղերով, որոնք ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն, ծիծաղ եւ առողջ մրցակցութիւն, որմէ ետք մասնակիցներուն բաժնուեցան յատուկ նուէրներ:

Երեկոյի աւարտին, Մշակութային յանձնախումբի ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնն ու ջանքը բերին այս հիանալի միջոցառման կազմակերպման համար:

Այս ձեռնարկը՝ խնձորի մասին ներկայացումով, գեղեցիկ յիշատակներով եւ ջերմ մթնոլորտով, երկար պիտի մնայ բոլոր մասնակիցներուն սրտին ու յիշողութեան մէջ:

https://asbarez.am/archives/507862

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ