Ընդարձակ է Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի զբաղեցուցած տարածքը։ Մուտքի մօտ ցերեկուայ բոլոր ժամերուն աշխոյժ եռուզեռ մը կ՚ապրուի։
Բագրատ Էստուգեան
Ընդարձակ է Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի զբաղեցուցած տարածքը։ Մուտքի մօտ ցերեկուայ բոլոր ժամերուն աշխոյժ եռուզեռ մը կ՚ապրուի։ Անմիջապէս այդ հատուածին է շտապ օգնութեան բաժինը։ Թէեւ հիւանդանոցը իբրեւ սկզբունք կը խուսափի դատական, ոստիկանական խնդիրներու հետեւանքով փութացած վիրաւորեալները ընդունելէ, բայց հոն դարձեալ միշտ առկայ է իրարանցում մը։
Իսկ մուտքէն դէպի ցախ թեքուելով կը հասնիս թէ փոլիքլինիկներու եւ թէ հիւանդանոցի հիմնական բաժիններուն։ Այդ ճամբուն վրայ կը գործէ նաեւ համեստ սրճարան մը, ուր կարճ դադարներով կ՚այցելեն հիւանդներու մերձաւորները, երբեմն ալ անձնակազմէն մարդիկ։ Սրճարանի կողքին կը գործէ հիւանդանոցի դեղատունը, որ իր կահոյքով եւ ցուցադրած իրերով թանգարանի մը բնոյթը կը պարզէ։
Դեղարանի ներքեւի փոքրիկ սենեակն ալ կը պատկանի հիւանդանոցի ճարտարագէտին։ Հնամեայ այս շէնքը յաճախ կը կարօտի նորոգութիւններու։ Այս իսկ պատճառաւ ալ ընդմիշտ շինարարական աշխատութիւն կը կատարուի՞ Այս ալ անհրաժեշտ կը դարձնէ ճարտարագէտի մը մշտական ներկայութիւնը։
Հիւանդանոցի պատմական շէնքի շքամուտքը նաեւ վարչական հատուածն է։ Հոն են ընդհանուր քարտուղարութիւնը, հոգաբարձութեան ժողովասրահը, պաշտօնական հաւաքոյթներու համար դասաւորուած ընդունատունը եւ այլն։
Երբ անցնիք այս թոհուբոհի ընդմէջէն, կը հասնիք զովասուն ծառերով օժտուած պարտէզ մը, որուն առթած տպաւորութիւնն է անդորրը ու խաղաղութիւնը։ Մէկ թեքումով, միայն մէկ քայլափոխումով դուրսը կը թողուք մարդկային բազմութիւնը, առօրեայ վազվզուքը ու կը տիրանաք անձայնութեան։ Մարդ զինք ուրախ կը զգայ իր հեղինակած դժոխքէն ձերբազատուելով ու կ՚ըմբոշխնէ բնութեան պարգեւը։
Կարծես միջավայրի թելադրանքը ըլլայ, այստեղ մարդիկ կը զսպեն իրենց ձայները։ Նոյնիսկ լացուկոծը, կամ տարակարծութեան մը բերած բանավէճը կարծես շշուկներով կ՚ընթանայ։
Թէեւ իրեն տրամադրուած սենեակը բաւականին հանգիստ էր, կը ստանար օրուայ լոյսը, ունէր հանգիստ բազկաթոռ, բայց տիկին Վեհանոյշը կը սիրէր ճեմել այդ խաղաղ պարտէզին մէջ։ Կը նստէր նստարաններէն մէկուն ու կը կարդար օրուայ թերթերը։ Մերթ ակամայ ականջալուր կ՚ըլլար կողքի խօսակցութիւններուն։ Երբ կը նկատէր թէ երրորդ անձի ուղղուած բամբասանք մըն է զրոյցի նիւթը, իսկոյն կը հեռանար, ուրիշ նստարան մը զբաղեցնելով։
Այդ օր սակայն պատահեցաւ հակառակը, երբ նկատեց պարտէզին հեռու մէկ անկիւնը կանգնած, հեծկլտացող օտար մը։ Յայտնի էր թէ հիւանդի մը մերձաւորն է։ Մօտեցաւ անծանօթին եւ ձեռքի տոպրակէն հանեց ջուրի շիշ մը, մատուցեց «Ումպ մը խմեցէք, լաւ կու գայ» ըսելով։
Օտարը շնորհակալութիւն յայտնելով վերցուց Վեհանոյշի տուած շիշը, ումպ մը խմեց ու ետ վերադարձուց։
Մարդկային այդ մերձեցումը բաւարար եղաւ, որ օտարականը բանայ իր վիրաւոր սիրտը այս տարեց կնոջ։ «Կինս է վերը դարմանում տեսնողը։ Քաղցկեղէ կը տառապի։ Նախ թոքերը հիւանդացան, բայց հիմա ուռուցքները տարածուած են բոլոր մարմնին։ Մանաւանդ ոսկորներուն ալ հասնելով, ցաւերը բոլորովին անտանելի դարձան։ Ցաւազրկիչներն այլեւս անօգուտ են։ Բժիշկները հազիւ մորֆինով կը փորձեն քիչ մը իսկ հանգստացնել զինք։ Այդ է սրտիս ցաւը։ Խեղճ կինս չարքաշ կեանք մը ապրեցաւ։ Միշտ պայքարեցանք աղքատութեան դէմ։ Երբեք չյաջողեցանք այդ պայքարին մէջ։ Ես բեռնակրութիւն ըրի, ինք ալ դատախազի մը տան բոլոր հոգսերը շալկեց։ Տան մաքրութիւնը, լուալ՞ թափել, եփել, երախայ խնամել, դատախազին ծերացած մօրը նայիլ, ալ ինչ որ ուզես։ Վերջապէս կեանքը մաշեցուց այդ տան մէջ։ Բայց ի՞նչ ըսեմ, նորեն իր շնորհիւ է որ հոս ենք։ Այստեղ յատուկ հիւանդանոց է։ Եթէ ինք չըլլար, մենք մեր միջոցներով այստեղ չէինք կրնար բուժում ստանալ։ Բարեկամներս նախ զիս մեղադրեցին «Ի՞նչ գործ ունիս հայոց հիւանդանոցը» հարցնելով։ Երեք շաբաթ է որ հոս ենք եւ կը տեսնենք թէ այստեղի միայն անունն է հայոց հիւանդանոց։ Ոչ անձնակազմի մէջ, ոչ ալ հիւանդներու մօտ առհասարակ չեմ հանդիպած հայու մը։
Միայն անցեալ օր, երբ պատահականօրէն տեսայ փոլիքլինիկի բաժիններու անուանացանկը, հազիւ հոն նկատեցի քանի մը օտար անուններ, որոնք հաւանաբար հայ ըլլալու էին։
Այստեղ անուանումով թէեւ հայոց հիւանդանոց է, բայց գործադրութիւնով բոլորովին տարբեր։ Օրինակի համար մեր կողքի սենեակը դարմանուող հիւանդը դատաւորի մը զոքանչն է, իսկ դիմացի սենեակն ալ նախկին բարձրաստիճան ոստիկանապետ մը կայ»։
Վեհանոյշ այս անգամ ինք ումպ մը խմեց այդ նոյն շիշէն, որ քիչ առաջ մատուցած էր վշտահար օտարին։ Ըսելիք շատ բան ունէր, որոնք հասած էին շրթներուն, բայց դուրս չեկան։ Կուլ տուաւ այդ բոլորը ումը մը ջուրի հետ եւ ապաքինում մաղթելով հեռացաւ օտարականի քովէն։
Այս մասին արդէն բաւականին լսած էր մանաւանդ աշխատողներու իրենց միջեւ ունեցած զրոյցներէն։
«Եթէ ոչ հիւանդանոցը, գոնէ ծերանոցը տակաւին մեզի կը պատկանի» մտածեց ու ուղղուեցաւ դէպի իր սենեակը։
Այդ կարճ ճամբու վրայ կրկին հանդիպեցայ պարոն Պօղոս Վարժապետեանին, որ բջջային հեռախօսով անգամ մը եւս կը յայտարարէր իր գոհակալութիւնը։ «Բարք Աստուծոյ, Ազգին Տան մէջ պատսպարուած ենք։ Ամէն ինչ շատ լաւ է։ Շատ ուրախ եմ, շնորհակալութիւն, տիկին Ալիսն ալ լաւ է։ Մենք ալ կը բարեւենք ձեզ»։
Գլխով բարեւելէ ետք բացատրելու կարիքը զգաց։ «Ամերիկայէն տղաս էր փնտռողը։ Ողջ ըլլայ ամէն շաբաթ կը զանգահարէ։ Հիմա ալ կը հարցնէ թէ ամերիկեան հիւանդանոցի պարտքը մարա՞ծ եմ թէ ոչ։ Մարեցի անշուշտ, տղոց գլխուն գործ բացուի չեմ ուզեր»։
(Շարունակելի)
https://www.agos.com.tr/am/news/kvne-dzyranvtsi-myrn-e-41627




Leave a Reply