Պատգամ՝ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ 14 օգոստոս 2026

Սիրելի հաւատացեալներ,

Ամառնային այս օրհնաբեր շրջանին, մեր սրտերը հաւատքով ու յոյսով լեցնող հոգեպարար Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնական բերկրանքը կ’ապրինք։

Սրբուհի Մարիամ Աստուածամայրը, իր երկրաւոր կեանքի աւարտին Ամենակալն Աստուծոյ կողմէ երկինք վերափոխուեցաւ եւ երկնքի ու երկրի Թագուհի պսակուեցաւ։ Քրիստոնէական երկու հազար տարուան պատմութեան ընթացքին, բոլոր հաւատացեալները անոր այս բացառիկ դիրքն ու սրբութիւնը խորունկ սիրով եւ անսասան ակնածանքով պահեցին իրենց սրտերուն մէջ եւ այս սրբազան աւանդութիւնը մեզի հասաւ մեծագոյն յարգանքով։ Մենք եւս, որպէս Իսթամպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնք, նոյն հաւատքով կը շարունակենք մեր կապուածութիւնը անոր բարեխօսութեան եւ սիրոյն։

Այս Կիրակի, Սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ ետքը կատարուելիք աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութեամբ, մեր աղօթքները Աստուածամօր միջնորդութեամբ մեծ երկիւղածութեամբ պիտի բարձրացնենք առ Ամենաբարին Աստուած։

Այս նուիրական տօնին առթիւ՝ մեր համայնքը, ընտանիքները, մեր ապագայի գրաւականը եղող երիտասարդները, մեր աչքի լոյս զաւակներն ու իրենց փորձառութեամբ մեր ճամբան լուսաւորող տարեցները կը յանձնեմ Աստուածամօր գթառատ հովանիին։

Միեւնոյն ատեն, մեր հայրենիքը, ուր խաղաղութեամբ կ’ապրինք, Աստուածամօր պաշտպանութեան կը յանձնենք։ Ամենակալն Աստուծմէ կը հայցենք, որ մեր երկրին մէջ արմատանան խաղաղութեան ու ապահովութեան հոգին։ Մեր բոլորին միացեալ ապագան կերտող հանդարտ պայմաններու մթնոլորտի մը մէջ ամէն տեսակի ահաբեկչութենէ զերծ մնայ մեր երկիրը։ Որպէս քրիստոնեայ համայնք՝ մեր ապրած ընկերութեան մէջ, գիտակից ընտրութեամբ, սէրը, յարգանքն ու խաղաղութեան մշակոյթը արմատաւորենք։ Մեր երկրի բարօրութեան եւ անդորրութեան համար ջանացող պետական ղեկավարներուն համար աղօթելը մեր թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ մարդկային պարտականութիւնն է ու պիտի ըլլայ միշտ։

Մօտեցող Սեպտեմբերը մեզ դարձեալ կը հրաւիրէ դէպի դպրոցներ, դէպի մեր գործերուն եւ եկեղեցական աշխուժութեան նոր շրջանի մը։

Կրթութեան մարզին մէջ անձնուիրաբար ծառայող մեր հոգաբարձութիւններուն հիմնադիրի ներկայացուցիչներուն, հաստատութիւններուն, վարչական ու կրթական պատասխանատուներուն, յարգելի ուսուցիչներուն, սիրելի աշակերտներուն եւ անոնց հոգատար ընտանիքներուն կը մաղթեմ յաջողութիւններով, առողջութեամբ ու օրհնութեամբ լեցուն վերամուտ մը։

Մեր եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարզէն ներս խնամք ու դարմանում ջամբող մեր բոլոր հաստատութիւններուն կը մաղթեմ արդիւնաւէտ ու յաջող գործունէութեան շրջան մը։ Չմոռնա՛նք, որ մեր հաստատութիւններուն ու եկեղեցիներուն նորոգութիւնն ու պահպանումը պարզապէս նիւթական կամ արտաքին շինարարական քայլ մը չէ, այլ մեր հաւաքական եւ հոգեւոր կեանքի տեւականութիւնը ապահովող կենսական հաւասարակշռութիւն մը։

Մեր եկեղեցիներուն եւ հիմնակներուն պատասխանատու կերպով ծառայելը, մեր կեանքի անբաժան մասնիկը ըլլալու կողքին, այս հողերուն քաղաքացի ըլլալու մեր բնական պարտքն է։

Սիրելիներ,

Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ այս Կիրակի օրը, մեր եկեղեցիներուն մէջ համախմբուելու այս մեծ տօնի բերկրանքով, իսկ յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի, այցելելու մեր ննջեցեալներու գերեզմանները՝ կատարելու համար մեր կրօնական պարտականութիւնը եւ պահպանելու մեր ընտանեկան յիշատակներն ու արմատները։

Աղօթքներուս մէջ ձեզմէ իւրաքանչիւրը առանձնաբար կը յիշեմ՝ հայցելով Ամենակալին շնորհքն ու օրհնութիւնը ձեր վրայ։

Հայրական սիրով եւ աղօթարար՝

Գերապայծառ Տ. Վարդան

Իսթամպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ

https://armcatistanbul.org/haber/patgam-svovrb-astvovatsatsni-verapvokhman-tonin-artiv-14-ogvostvos-2026-111?fbclid=IwY2xjawTrDvhwZG9mBWV4dG4DYWVtAjExAHNydGMGYXBwX2lkEDIyMjAzOTE3ODgyMDA4OTIAAR5kYXEsi2IngCrRt4Y_oYtDDT56wCICQfikp-ew6B3_YPZ57JJQh7knGp-uxQ_aem_zGZsa7eJtcLpiN2DdTuHbA

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ