Ռուբէն Վարդանեանի Գործով Իրաւապաշտպանը Պիտի Դիմէ Եւրոպական Դատարան

Ազրպէյճանի մէջ շուրջ երեք տարիէ ի վեր գերեվարուած եւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի գործով իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան կը պատրաստուի դիմել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Միջազգային իրաւունքի մասնագէտը կը նշէ, որ իրենք վերջապէս կրցած են ստանալ Վարդանեանի դատավճիռը, որ անհրաժեշտ էր Եւրոպական դատարանին մէջ գործընթացի սկսելու համար:

«Նախապատրաստական փուլում ենք, շաբաթներ անց արդէն գործը մուտք կ՛արուի», «Ազատութեան» ըսաւ Սահակեան:

«Ռուբէն Վարդանեանի պարագայում մենք ցուցադրելու ենք, որ մեղադրանքը քաղաքական է, որեւէ անհատական յանցաւոր արարք երբեւէ Վարդանեանի կողմից չի իրականացուել: Հաւաքական ինքնորոշման իրաւունքը ապօրինաբար որակաւորուել է որպէս ահաբեկչութիւն, մինչդեռ չի կարող լինել պատիժ` առանց օրէնքով նախատեսուած արարքի», ընդգծեց իրաւապաշտպանը:

Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող միւս 15 հայ գերիներուն, որոնց կարգին Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ապա Պաքուն տակաւին կը մերժէ անոնց եւ նաեւ վերջիններուն հանրային պաշտպաններուն տրամադրել դատավճիռները, որոնք հրապարակուած էին ութ ամիս առաջ: Այսինքն` 15 հայ գերիները առ այսօր զրկուած են իրենց դատավճիռներուն ծանօթանալու կարելիութենէն, մասնաւորապէս` թէ ճիշդ ի՛նչ գործողութիւններ կը վերագրուին իրենց եւ ի՛նչ ապացոյցներու հիման վրայ:

«Կարծում եմ` փորձում են խոչընդոտել միջազգային բողոքներ ներկայացնելու գործընթացին, եւ նաեւ մենք չենք բացառում, որ այդ դատավճիռները վերջնականացուած էլ չեն, քանի որ դատավարութիւնն ինքնին շինծու էր, եւ քաղաքական պատուէրով էր ձեւաւորուել դատավարութեան ելքը: Կարծում եմ` ժամանակ է անհրաժեշտ, որպէսզի ողջ իրաւապահ համակարգը ինչ-որ պատճառաբանութիւններ ներկայացնի այդ դատական եզրակացութեան մէջ, քանի որ գիտակցում են, որ այս գործընթացները տեղափոխւում են միջազգային ատեաններ», ըսաւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտը:

Սահակեան ըսաւ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ դատավճիռները: Եթէ Ազրպէյճանի դատական իշխանութիւնները շարունակեն չտրամադրել, ապա զայն պիտի ստանան արդէն ՄԻԵԴ-ի միջոցով: Միջազգային դատարանը տուած է միջանկեալ որոշում, համաձայն որուն, մինչեւ 31 օգոստոս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Հայաստանի 15 քաղաքացիներու դատավճիռները պէտք է ներկայացնեն Եւրոպական դատարան:

«Եթէ Եւրոպական դատարանին էլ չտրամադրեն, մենք այստեղ կ՛ունենանք նոր որակի մարդու իրաւունքների խախտման պնդումներ, կարծում եմ` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները չեն գնայ այդ ճանապարհով եւ առնուազն դատավճիռները կը տրամադրեն դատարանին», ընդգծեց Սահակեան:

https://www.aztagdaily.com/archives/695164

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ