
Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ 10 յուլիսին շարունակուած է Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատանդներու` Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանի, Բակօ Սահակեանի, Արկադի Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ նախկին բարձրաստիճան զինուորական եւ պետական գործիչներ Դաւիթ Իշխանեանի, Դաւիթ Բաբայեանի, Լեւոն Մնացականեանի եւ միւսներու բողոքներու քննութիւնը: Այդ մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հայ առաջնորդները կը մեղադրեն շինծու մեղադրանքներու թղթածրարով, ներառեալ` «ահաբեկչութիւն», «ցեղասպանութիւն» եւ «պատերազմ վարել», բաներ, զորս Պաքուն աւանդաբար կ՛օգտագործէ հայերու հալածանքներուն համար:
Նիստին ընթացքին Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան հանդէս եկած է ելոյթով, վճռականօրէն հերքած է իրեն առաջադրուած բոլոր մեղադրանքները եւ յայտարարած, որ կը մերժէ բոլոր մեղադրանքները:
Նմանատիպ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են նաեւ ապօրինաբար պահուող միւս անձերը: Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ լիովին անմեղ է, իսկ անոր պաշտպանական կողմը պահանջած է չեղեալ նկատել 5 փետրուար 2026-ի անօրինական դատավճիռը եւ ամբողջութեամբ արդարացնել պաշտպանեալը: Պատանդ Վասիլի Բեգլարեան նոյնպէս դատարանին յայտնած է իր անմեղութեան մասին, իսկ անոր փաստաբանը պահանջած է անվաւեր ճանչնալ Պաքուի զինուորական դատարանի որոշումը եւ արդարացման վճիռ կայացնել:
Յաջորդ նիստը` 14 յուլիսին:
https://www.aztagdaily.com/archives/695160




Leave a Reply