Քեսապցիներու արշաւանքը թուրքմէնական գիւղերուն վրայ

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

Զինուորական իշխանութեան եւ ազգային միութեան կազմաւորում

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի հարաւային կողմը գտնուող Պայըրի եւ Պուճագի թուրքմէնները 1919-ի ամրան, ալեւիներուն վրայ իրենց տարած յաղթանակէն ետք սկսան կեդրոնանալ Վարի Պաղճաղազի սահմաններուն վրայ:

Նոյն օրերուն Պայըրի եւ Պուճագի թուրքմէնները սկսան հարցեր ստեղծել Վարի Պաղճաղազի հայ գիւղացիներուն հետ: Պետրուսիա եւ Ֆագ Հասան գիւղերու թուրքմէնները Վարի Պաղճաղազ գալով կը գողնային կամ գիւղացիներէն կը խլէին ինչ որ կրնային:

Ֆագ Հասանէն արեւելք, Կունկուրայի ձոր, ջրաղաց երթալը վտանգաւոր դարձաւ քեսապցիներուն համար:

Միայն Մուսալագի չանտըրցի թուրքերը կը շարունակէին բարեկամ մնալ հայերուն: Մուսալագի մէջ տուն ու կալուած ունեցող քեսապցիները ազատօրէն կ՛երթային կու գային: Չանտըրցիք նաեւ սնունդ տրամադրեցին եւ օգնեցին հայերուն: Նաեւ կապ հաստատուեցաւ կամաւորներուն եւ չանտըրցիներու աղա Փելթէք չաւուշի միջեւ:

Տայի եւ Միսաքօ, իրենց շուրջ խմբելով այլ կամաւորներ ու երիտասարդներ, որոշեցին նախայարձակ ըլլալ:

Պէտք էր հարաւի կողմէն սպառնացող թրքական վտանգը հեռացնել, կարգ ու կանոն եւ ապահովութիւն ստեղծել ու ժողովուրդին կորովը բարձրացնել, ինչպէս նաեւ սովին առաջքը առնել:

Թուրքմէններ օր ցերեկով կատարուած իրենց գրգռութիւններով կռուի ազդանշանը տուին: Հայ կռուող տղաքը Վարի Պաղճաղազ հասնելով, բարձունքներէն սկսան կրակել Ֆագ Հասանի ուղղութեամբ: Ալեւի խումբ մը կռուողներ միացան հայերուն: Փոխադարձ հրացանաձգութիւնը սաստկացաւ: Թուրքմէններ յարձակման անցան, բայց դիմադրութեան հանդիպելով ետ քաշուեցան: Այնուհետեւ հայ կռուողները հակայարձակման անցան եւ հասան Ֆագ Հասան: Թուրքմէնները, խուճապի մատնուելով, սկսան փախուստի դիմել:

***

Քեսապի գիւղերուն մէջ սով էր: Հունձք չկար: Պատառ մը հաց ճարելը աւելի ու աւելի կը դժուարանար: Շատ ընտանիքներ միայն խոտերով կը սնանէին:  Բոլորն ալ կը գիտակցէին, որ սովին առաջքը չառնուելու պարագային ձմեռը շատեր սովամահ պիտի ըլլային:

Պետրուսիայի, Ֆագ Հասանի թուրքմէն գիւղացիները ցորենի հունձքը արդէն աւարտած էին: Ցորենի խուրձերը կալերն էին: Կալ ու կուտի աշխատանքները կը շարունակուէին:

Կամաւորներ եւ մեծաթիւ երիտասարդներ, Քեսապ աւանէն եւ գիւղերէն, հաւաքուեցան: Կամաւորները եւ քանի մը երիտասարդներ` հրացաններով,  իսկ մնացեալները դաշոյններով, դագանակներով եւ գաւազաններով զինուած էին: Որոշուած էր Ֆագ Հասանի եւ Պետրուսիայի գիւղացիներուն բերքը աւարի տալ եւ Քեսապ բերել ու ժողովուրդին բաժնել:

Քեսապէն ճամբայ ելլելով տղաքը հասան Վարի Պաղճաղազ: Ֆագ Հասանի թուրքմէնները, խուճապի մատնուած, եւ կարծելով որ հայեր մեծ ուժերով յարձակման անցած են, իրենց տունն ու տեղը ձգելով փախուստի դիմեցին:

Ֆագ Հասանէն կռուող տղաքը շարժեցան դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւմուտք, ծովեզերեայ Հուրմեթլի եւ Պետրուսիա թուրքմէնական  գիւղերը:  Պետրուսիա ջրառատ եւ բարեբեր մեծ գիւղ է, որուն հարաւը Հուրմեթլին է: Այդ գիւղերու բնակիչները եւս խուճապի մատնուեցան եւ փախուստի դիմեցին: Հայ կռուող տղաքը  Ֆագ Հասանէն հարաւ եւ հարաւ-արեւելք շարժելով շարունակեցին արշաւանքը եւ հասան մինչեւ Քեշիշ, Թուրքմէնլի եւ Այսապէյլէք թուրքմէնական գիւղերը, որոնց բնակիչները եւս փախուստի դիմեցին:

Քեսապցիք աւարի տուին  թուրքմէն գիւղերու ամբողջ բերքը եւ անասունները: Մեծ քանակութեամբ ցորեն հաւաքուեցաւ յատկապէս Պետրուսիայէն: Հաւաքուած ցորենը եւ անասունները Քեսապ փոխադրեցին եւ ժողովուրդին բաժնեցին: Այսպիսով ժողովուրդը փրկուեցաւ սովէն:

***

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք յաղթական դաշնակից ուժերը Օսմանեան կայսրութիւնը գրաւեալ գօտիներու բաժնած էին: Պոլիս բրիտանական, ֆրանսական եւ իտալական բանակներուն կողմէ գրաւուած էր:

Օսմանեան կայսրութեան անդամահատման վտանգը կանխելու առաջադրութեամբ, սուլթան Վեհետէտտին յոյներուն կողմէ Իզմիրի գրաւման օրը` 14 մայիս 1919-ին իր թիկնապահներէն Մուսթաֆա Քեմալ փաշան Երրորդ բանակի քննիչի հանգամանքով եւ ընդարձակ լիազօրութիւններով Պոլիսէն գաղտնաբար Անատոլու ուղարկած էր:

Մուսթաֆա Քեմալ Էրզրումի մէջ յուլիս 23-էն մինչեւ օգոստոս 7 «Արեւելեան նահանգներու իրաւունքներու պաշտպանութեան» միութեան անունով համաժողով մը կազմակերպեց: Այդ համաժողովին ճշդուեցան պայքարի գլխաւոր կէտերը, որոնք կը նպատակադրէին ամէն գնով պայքարիլ, որպէսզի օսմանեան հողերուն վրայ յունական եւ հայկական իշխանութիւններ չհաստատուին:

Մուսթաֆա Քեմալ Էրզրումէն մեկնեցաւ Սեբաստիա, ուր սեպտեմբեր 4-էն 11 համաժողով մը կազմակերպեց: Համաժողովին միութեան անունը փոխուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Անատոլուի եւ Ռումելիի իրաւունքներու պաշտպանութեան միութիւն»: Համաժողովը պայքարի կոչ ուղղեց թուրքերուն` պահպանելու համար Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութիւնը եւ մերժելու հայկական, յունական եւ արաբական պետութիւններու ստեղծման գաղափարը:

Մուսթաֆա Քեմալ սկսաւ կազմակերպել եւ զինել Անատոլուի թուրքերը: Կազմուեցան հրոսակային (չեթէական) զինուած ուժեր եւ ծայր առաւ թրքական ազգայնական` միլլի շարժումը եւ այսպէս կոչուած անկախութեան պատերազմը:

Մուսթաֆա Քեմալ փաշա իրեն կեդրոնատեղի ընտրեց Անգարան եւ 27 դեկտեմբեր 1919-ին հոն կայք հաստատեց:

Մուսթաֆա Քեմալ իր առաջին գլխաւոր հարուածը ուղղեց  գաղթականութենէն վերադարձած Կիլիկիոյ հայութեան դէմ: Թէեւ Անատոլու մտած յունական բանակին դիրքը օրըստօրէ աւելի սպառնական կը դառնար, սակայն Քեմալ տակաւին բաւականաչափ ուժ չունէր անոր դէմ պայքարելու համար: Մինչդեռ Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական զօրքը համեմատաբար աւելի տկար էր եւ արագ յաղթանակ մը մեծապէս պիտի բարձրացնէր իր վարկը:

Մուսթաֆա Քեմալ քանի մը անգամ կոչ ուղղեց Կիլիկիոյ իսլամներուն` համախմբուելու եւ պայքարելու անհաւատ հայերուն դէմ:

***

Թուրք ազգայնական շարժման ծաւալման պայմաններուն տակ, Պայըրի, Պուճագի  եւ Օրտուի թուրքերը չեթէական խումբեր կազմելով օրէ օր աւելի համարձակ եւ ինքնիշխան սկսան դառնալ:  Ֆագ Հասանի, Պետրուսիայի, Հուրմեթլիի, Քեշիշի, Թուրքմէնլիի եւ Այսապէյլէքի թուրքմէնները, որոնք քեսապցիներու արշաւանքին պատճառով քշուած էին, վերադարձան իրենց գիւղերը:

Օսմանեան բանակի սպաներ եւ բանակայիններ, որոնք պատերազմի աւարտէն ետք ցրուած եւ իրենց որջերը քաշուած էին, քեմալական շարժումէն քաջալերուած համախմբուեցան եւ Ճեպէլ Ագրայի բարձրագոյն հրամանատարութիւն անունով զինուրական մարմին մը կազմեցին, իբրեւ կեդրոն ունենալով Օրտուն:

Թուրքեր սկսան ախորժակներ սնուցանել Քեսապի վրայ: Լուրեր կը հասնէին, որ թուրք չեթէներ կը խօսին  Քեսապի վրայ արշաւելու եւ զայն նուաճելու մասին:

***

Շրջանին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն կը տիրէր:

Անտիոքէն մինչեւ Լաթաքիա տարածուող գօտիին մէջ ոչ պետութիւն կար, ոչ կարգ, ոչ կանոն: Թուրք չեթէական աւազակախումբեր կը վխտային ամէն կողմ եւ պատուհաս դարձած էին շրջակայ գիւղերուն:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Քեսապի գրեթէ բոլոր ընտանիքներու մեծերու կամ ներկայացուցիչներու եւ կամաւորներու մասնակցութեամբ ժողով գումարուեցաւ: Ժողովի գումարման թուականը տեղ մը չէ արձանագրուած:

Ժողովին որոշուեցաւ.

Ա.- Զինուորական դրութիւն եւ իշխանութիւն հաստատել Քեսապի շրջանին մէջ: Զինուորական իշխանութեան տակ պիտի կազմակերպուէր Քեսապի ինքնապաշտպանութիւնը եւ ներքին կարգ ու կանոնը: Պիտի կազմուէին  ներքին ու թռուցիկ խումբեր եւ ոստիկանութիւն:

Բ.- Ստեղծել Ազգային միութիւն մը, որ իր վրայ պիտի վերցնէ գաւառին գործադիր, օրէնսդիր, կրթական, խնամատարական եւ դատական բոլոր պատասխանատուութիւնները:

Զինուորական դրութեան եւ իշխանութեան ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ Մովսէս Շահպազեան:

Ազգային միութիւնը կազմուեցաւ համայնքներու եւ քիչ թէ շատ ազդեցիկ ընտանիքներու  վեց ներկայացուցիչներէ: Նշան աղա Կիրակոսեան (նախագահ), Ժոզէֆ Հեքիմեան (քարտուղար), Փառունակ աղա Յովսէփեան, Դամիանոս աղա Աթիկեան, Յակոբ աղա Մահշիկեան եւ Յովսէփ Քիլաղպեան:

Զինուորական իշխանութիւնը եւ Ազգային միութիւնը անմիջապէս կոչ ուղղեցին ժողովուրդին` համախմբուելու Քեսապի տեղական իշխանութեան շուրջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ