Կայսրութիւն, պատմութիւն, արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

Նախկին օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքի գլխաւոր հաստատութիւնը: Մինչեւ 1920-ականները ան կը պահէր հսկայական արխիւ մը, ուր կը գտնուէին` դիմումներ, տեղեկագիրներ, նամակագրութիւններ եւ բազմաթիւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերէին օսմանահայ կեանքին` սկսեալ տասնհինգերորդ դարէն, որ ընդունուած է իբրեւ պատրիարքութեան հիմնադրութեան թուական: Այսօր պատրիարքարանի գրադարանը սահմանափակ չափով հասանելի է հետազօտողներու, սակայն անորոշ կը մնայ, թէ ի՛նչ արխիւային նիւթեր պահպանուած են այնտեղ, որովհետեւ անոնց մեծ մասը հասանելի չէ անկախ գիտնականներու: Հետեւաբար օսմանահայ պատմութեան ուսումնասիրողները ստիպուած են փնտռել այդ ժառանգութեան հետքերը այլուր` Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի տարբեր կեդրոններու մէջ:

Մեծ պատերազմի բռնկումէն երկու տարի անց` 1916-ին, երիտթուրք իշխանութիւնները փակեցին պատրիարքարանը` աքսորելով պատրիարք Զաւէն արք. Տէր Եղիայեանը (1868-1947- պատրիարքութեան տարիներ` 1913-1919 եւ 1915-1922) Իրաք: 1918-ի զինադադարէն ետք ան վերադարձաւ Պոլիս եւ վերստանձնեց իր նախկին պաշտօնը: Սակայն 1922-ին, երբ թրքական ազգայնական շարժումը ռազմական յաղթանակ կը տանէր, եւ արեւմտեան դաշնակիցներու կայսրութիւնը բաժնելու ծրագիրը կը ձախողէր, ան նոր վտանգ մը տեսաւ հայերու համար: Նախքան իր երկրորդ աքսորը` Զաւէն արք. պատրիարքարանի արխիւէն քսանչորս արկղ փաստաթուղթեր ղրկեց Մանչեսթըր, Անգլիա, ուր իբրեւ առաջնորդ կը պաշտօնավարէր Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեանը (1877-1934)[1]: Հետագային այդ նիւթերուն մէկ մասը սրբազան Պալաքեան յանձնեց Փարիզի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Նուպարեան» գրադարանին, իսկ միւս մասը` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին: Այսպիսով, Պատրիարքարանի պատմական արխիւը փաստօրէն բաժնուեցաւ երեք հիմնական կեդրոններու միջեւ` Փարիզ, Երուսաղէմ եւ մասամբ Պոլիս:

«Նուպարեան» գրադարան եւ Արամ Անտոնեանի հաւաքածոն

Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանը օսմանահայ պատմութեան ուսումնասիրութեան համար կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է: Հոն պահպանուած են 1763 թուականէն սկսեալ հազարաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը ներառեն` Պոլսոյ պատրիարքարանի եւ նախկին կայսերական գաւառներու հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ գործիչներու նամակագրութիւնը, օտար տէրութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ պատրիարքներու դիւանագիտական գրագրութիւնը, պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանի (1896-1908) անձնական արխիւը, ինչպէս նաեւ` 1913-1914 թուականներու հայ բնակչութեան մարդահամարի նիւթերը: Գրադարանին մէջ կը գտնուի նաեւ Արամ Անտոնեանի (1875-1951) հաւաքածոն, որ կը բաղկանայ շուրջ հինգ հազար փաստաթուղթէ[2]: Անոնք 1918-1920 թուականներուն հաւաքուած վկայութիւններ, տեղեկագիրներ եւ զեկուցումներ են` հայ տեղահանուածներու եւ գաղթականներու վիճակին վերաբերեալ: Այս հաւաքածոն լայնօրէն օգտագործուած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ եւ կը շարունակէ մնալ հիմնական աղբիւրներէն մէկը: «Նուպարեան» գրադարանի արժէքը չի սահմանափակուիր Ցեղասպանութեան պատմութեամբ: Անիկա հարուստ նիւթեր կը պարունակէ գաւառական կեանքին, տեղական ընկերային յարաբերութիւններուն եւ համայնքային կառոյցներուն մասին: Դժբախտաբար միայն վերջին տարիներուն է, որ պատմաբաններ սկսած են աւելի լայն կերպով օգտագործել այս հաւաքածոները` վերակազմելու համար օսմանահայ առօրեան եւ կայսերական փորձառութիւնը մինչեւ 1915-ը:

Գրիգոր Կէրկէրեանի արխիւը

«Նուպարեան» գրադարանին պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է հայ կաթողիկէ քահանայ Գրիգոր Կէրկէրեանի (1911-1988) անունին հետ: Բնիկ Սեբաստիոյ Կիւրիւն գաւառակէն` այս տարագրեալ հոգեւորականը իր կեանքին մեծ մասը նուիրեց օսմանահայ անցեալի փաստաթուղթերու հաւաքման եւ պահպանման գործին: Գահիրէի մէջ 1930-ականներուն հանդիպեցաւ Մուսթաֆա փաշային, որ 1919-1921 թուականներուն երիտթուրք իշխանութեան պատերազմական յանցագործութիւնները քննող Պոլսոյ Ռազմական ատեաններուն դատաւորներէն մէկն էր: Անոր շնորհիւ` Կէրկէրեան իմացաւ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը պահած էր պատճէնները այն դատավարական նիւթերուն, որոնք կը վերաբերէին Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան պարագլուխներու դատերուն: Այս տեղեկութենէն ետք Կէրկէրեան մեկնեցաւ Երուսաղէմ եւ լուսանկարեց պատրիարքարանի մէջ պահպանուած փաստաթուղթերը: Յաջորդող տասնամեակներուն ան շարունակեց ընդլայնել եւ համալրել իր հաւաքածոն` աւելցնելով բազմալեզու նիւթեր, ձեռագիրներ եւ տեղագրական ուսումնասիրութիւններ: Հակառակ անոր որ 1982-ին հաւաքածոն միքրոֆիլմերու ձեւով հասանելի դարձաւ հետազօտողներուն, բայց եւ այնպէս, անիկա երկար ժամանակ մնաց գրեթէ չօգտագործուած կամ անտեսուած: Միայն վերջին տարիներուն է, որ մասնաւորաբար Թաներ Աքչամի ղեկավարութեամբ իրականացուած ծրագիրներու շնորհիւ` ամբողջ նիւթը դասակարգուեցաւ եւ գիտական շրջանառութեան մէջ մտաւ[3]: Այսօր այդ հսկայական արխիւին ստուար մասը առցանց հասանելի է եւ կը նկատուի իսկական գանձարան մը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ` տասնիններորդ եւ քսաներորդ դարասկիզբի օսմանահայ կեանքի բազմաերեսակի ուսումնասիրութեան համար:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Հաւաքածոն

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի արխիւները երկու մեծ մասերու կը բաժնուին:

Առաջինը կը պարունակէ աւելի քան կէս միլիոն փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին պատրիարքարանի բազմադարեան պատմութեան: Անոնց մէջ կան` ուխտաւորներու արձանագրութիւններ, նուիրատուութիւններու ցանկեր, որբանոցներու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու գործեր, օսմանեան իշխանութիւններուն հետ նամակագրութիւն, սուլթանական հրովարտակներ (firman), մկրտութեան, ամուսնութեան եւ մահուան մատեաններ, ինչպէս նաեւ` անշարժ գոյքի տոմարներ: Այս արխիւները կարեւոր նշանակութիւն ունին ոչ միայն Պաղեստինի, այլ նաեւ օսմանեան Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի հայ համայնքներու պատմութեան համար: Երկրորդ բաժինը կը կազմեն պատրիարքարանին` Ցեղասպանութեան արխիւները, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար գոյութիւն ունեցող կարեւորագոյն փաստաթղթական հաւաքածոներէն են[4]: Ինչպէս վերը նշեցինք, անոնք ի սկզբանէ գտնուած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ եւ 1938-ին փոխադրուած` Երուսաղէմ: Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք` 1919-ին, Զաւէն պատրիարք ստեղծեց Տեղեկատու դիւանը, որուն նպատակն էր հաւաքել ժողովրդագրական, քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական բոլոր այն տուեալները, որոնք կրնային իրաւական հիմք ծառայել հայերու դէմ կատարուած ոճիրներու փաստագրութեան եւ յանցագործներու դատապարտման գործին: Այս նիւթերը հետագային դարձան ռազմական ատեաններու դատավարութիւններուն կարեւոր սկզբնաղբիւր:

Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւները

Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական արխիւային կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը Անթիլիասի մէջ հաստատուած Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութիւնն է: Սսոյ պատմական աթոռի անկումէն եւ բռնագրաւումէն ետք, տեղահանուած կաթողիկոսութիւնը վերահաստատուեցաւ Անթիլիաս` 1930-ականներուն Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի (1849-1939) եւ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլէսէրեանի (1868-1936) ջանքերով աստիճանաբար վերածուելով գլխաւոր մտաւորական ու մշակութային գլխաւոր կեդրոններէն մէկուն: Կաթողիկոսութեան արխիւային պահածոն կ՛ընդգրկէ Կիլիկիոյ հայոց պատմութեան, եկեղեցական կառավարման, կրթական հաստատութիւններու, որբանոցներու եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու վերաբերեալ մեծաքանակ նիւթեր[5]: Յատկապէս կարեւոր են միջպատերազմեան շրջանին վերաբերող փաստաթղթերը, որոնք կը լուսաբանեն Կիլիկիոյ հայ բնակչութեան վերապրումը, վերադարձի փորձերը եւ վերջնական արտագաղթը: Այս հաւաքածոն տակաւին լիովին ուսումնասիրուած չէ, սակայն անփոխարինելի նշանակութիւն ունի յետօսմանեան հայկական կեանքի եւ համայնքային վերակազմակերպման պատմութիւնը լիարժէք հասկնալու համար:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւները

Հայկական մեծագոյն եւ ամէնէն կարգաւորուած հաւաքածոներէն մէկը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ուոթըրթաուն քաղաքին ՀՅԴ-ի արխիւներուն մէջ: Տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած այս արխիւային պահածոն այսօր կը ներառէ միլիոնաւոր էջերու հասնող նիւթեր: Անոնք կը վերաբերին ոչ միայն կուսակցութեան պատմութեան, այլ նաեւ` օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններու, Ղաճարական Իրանի, Պալքաններու եւ ամբողջ հայկական սփիւռքի պատմութեան: Հաւաքածոյին մէջ կը գտնուին նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական փաստաթուղթերու զգալի բաժիններ եւ խորհրդայնացումէն առաջ Հարաւային Կովկասի տարբեր հաստատութիւններու թուղթերը: Վերջին տարիներուն արխիւը արդիականացուեցաւ` զգալիօրէն դիւրացնելով հետազօտողներու մուտքը եւ օգտագործումը: Այս զարգացումը նպաստած է հրատարակութեան շարք մը կարեւոր ուսումնասիրութիւններու, որոնք լայնօրէն հիմնուած են այդտեղ պահպանուող նիւթերուն վրայ:

Հակառակ իրենց հարստութեան` այս արխիւներուն օգտագործումը որոշ քննական մօտեցում կամ մեթոտաբանական զգուշութիւն մը կը պահանջէ: Սկսեալ 1930-ականներէն` կուսակցութեան կողմէ շարունակուող արխիւային հրատարակութիւնները շատ յաճախ ուշ օսմանեան պատմութեան կու տան որոշակի մեկնաբանութիւն մը, որ ի սկզբանէ պատմական իրադարձութիւնները կը ներկայացնէ ՀՅԴ-ի քաղաքական ընտրանքներու եւ գործունէութեան արդարացման դիտանկիւնէն: Ուստի, որքան ալ այդ հաւաքածոն անփոխարինելի արժէք ունենայ, անհրաժեշտ է կուսակցական նիւթերը համադրաբար կարդալ այլ աղբիւրներու հետ:

(Շար. 2)

[1] Տես Պալաքեան ծ. վարդապետին յուշերը «Հայ Գողգոթան» (Վիեննա: Վիեննայի Մխիթարեան վանք, 1922):
[2] «Նուպարեան» գրադարանի եւ Անտոնեանի գործունէութեան մասին տես` Պորիս Աճէմեանի 2025-ին հրատարակուած մենագրութիւնը` La Bibliothèque et le survivant: Un intellectuel arménien au siècle des genocides (Paris: Éditions Anamosa).
[3] Տես https://wordpress.clarku.edu/guerguerianarchive/about-krikor-guerguerian/; Թաներ Աքչամ, «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ Փաշայի հեռագիրներն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը»,  թարգմ. անգլ.` Անդրանիկ Իսրայէլեան (Երեւան: Նյու Մեգ, 2019).
[4] Տես Պետրոս Տէր Մաթոսեանի  2011-ին հեղինակած «The Genocide Archives of the Armenian Patriarchate of Jerusalem» գիտական յօդուածը «Armenian Review»-ի, հատ. 52, համ. 3-4, (Fall-Winter) մէջ:
[5] https://www.armenianorthodoxchurch.org/%d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%a5%d5%be%d5%a1%d5%b6%d6%84/%d5%a1%d6%80%d5%ad%d5%ab%d6%82%d5%a1%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%b6———

(Շար. 1)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ