Կայսրութիւն, պատմութիւն, արխիւներ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Այս գրութիւնը մասամբ հիմնուած է Վարագ Գեթսեմանեանի եւ Պետրոս Տէր Մաթոսեանի համահեղինակած « Ո՛չ կայսերական, ո՛չ ալ ազգայի՞ն. (յետ)օսմանեան հայերու արխիւային հետքերն ու ժառանգութիւնները»  «Neither imperial nor national? The archival trails and legacies of (post)Ottoman-Armenians») յօդուածին վրայ` հրատարակուած օգոստոս 2025-ին «Archival Science» գիտական հանդէսի 25-րդ հատորի 41-րդ թիւին մէջ, ինչպէս նաեւ հեղինակին` Պոլսոյ Եսայեան միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան վրայ, 26 յունիս 2026-ին:

Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք թափ առած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ փորձեր տեղի կ՛ունենան անցեալը եւ յատկապէս վերջին երկու հարիւր տարիներու պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու եւ վերախմբագրելու: Օսմանեան վերջին տասնամեակները եւ հայերու դերակատարութիւնը կայսրութեան ընկերատնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ կ’արժանան տարբեր եւ շատ յաճախ իրերամերժ մեկնաբանութիւններու: Անոնք երբեմն կը կրեն արմատական վերանայումներու բնոյթ մը, որոնք առ այսօր գոյութիւն ունեցող պատմագրական հիմնադրոյթները խնդրականացնելով եւ հարցականի տակ առնելով, կը փորձեն առաջարկել նորանոր մօտեցումներ եւ ըմբռնումներ` պատշաճեցնելով զանոնք Հայաստանի փոփոխուող արտաքին քաղաքականութեան առաջադրանքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն: Հայոց ցեղասպանութեան մասին Հայաստանի իշխանութիւններուն աղմկայարոյց յայտարարութիւններն ու վարչական որոշումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններէն բխող ամէն պատմական երեւոյթ կամ ընկերամշակութային շարժում վերջինիս կայսերապաշտական նկրտումներուն վերագրելը ժամանակակից Հայոց պատմութիւնը քաղաքական կռուախնձորի վերածելու պերճախօս օրինակներ են:

Ստեղծուած հասարակական ծայրայեղ բեւեռուածութեան եւ աղմուկին մէջ յաճախ խլացուած է ձայնը արհեստավարժ պատմաբաններու եւ մասնագէտներու, որոնց յորդորներն ու զգուշացումները առ այն, որ պատմութեան գործիքակայնացումը յղի է ներքին վտանգներով, դժբախտաբար կը մնան անպատասխան կամ անլսելի: Հակառակը` այսօր հանրային դաշտը ողողուած է ինքնակոչ մտաւորականներով եւ պատմասէրներով, որոնք ոչ միայն լրջութիւնը եւ գիտական հմտութիւնները չունին օսմանահայկական պատմութեան ամէնէն զգայուն եւ փոթորկայոյզ ժամանակաշրջանը վերլուծելու կամ լուսաբանելու, այլ սովորաբար կը նախընտրեն պատմութեան պարզունակ եւ յարմարողական մատուցում մը` սնուցանելով հանրային այն խօսոյթները, որոնք այսօր ձեռնտու են Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն:

Քսաներորդ դարու սփիւռքահայ եւ Հայաստանի պատմագրութեան մէջ մօտիկ անցեալին հանդէպ քննական վերաբերումի բացակայութիւնը հիմնախնդիրներէն մէկն է, որուն յաղթահարումը դեռ երկար ճանապարհ եւ գիտական ջանք կը պահանջէ: Շրջումի փուլ մը սկսաւ քսանմէկերորդ դարասկիզբին, երբ աշխարհաքաղաքական եւ հասարակական-տնտեսական տարբեր ազդակներ նպաստեցին արդի հայ պատմագրութեան մասնակի թարմացման եւ վերանայման:

Եթէ Հայաստանի իշխանութիւններուն պատմական յիշողութեան վերախմբագրութեան քաղաքականութիւնը կը միտի վերաարժեւորելու ներկան` հակառակ հայ աւանդական եւ ազգայնական պատմագրութեան, հայելային հակընդդէմ պարզեցումը, շարունակական հարցակայնացումը եւ պարտադրուող հանրայնացումը կրնան վնասակար ըլլալ նոյնքան, որքան` հինցած կամ կարծրացած յարացոյցները: Եթէ հայ աւանդական պատմագրութեան բնորոշ է կայսերական իրականութիւններուն (օսմանեան եւ ռուսական) մէջ ազգային պատումը ներդնելու կամ փնտռելու մոլորեցուցիչ միտումը, նոյնքան խեղաթիւրիչ է [հայոց] ազգայնականութեան ձեւաւորման ամբողջական վերագրումը կայսրութիւններու վերնախաւերու դաւադրանքին:

Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով` սոյն յօդուածը ներածական ուրուագիծ մըն է այն հարցադրումներուն եւ մօտեցումներուն, որոնք այսօր ընդունուած են գիտական հանրութեան կողմէ օսմանահայկական անցեալը ուսումնասիրելու համար: Առաւել եւս` ան հրաւէր մըն է պատմութիւնը/պատմագրութիւնը վերհանելու ներկայ քաղաքական յարմարուողականութեան լոզունգներէն` ըլլան անոնք իշխանամէտ կամ խթան ընդդիմադիր հայեացքներու: Յօդուածագիրս կը յուսայ, որ այս գրութիւնը ծառայէ նաեւ որպէս ուղեցոյց` բացայայտելու այն մտաւորական եւ մեթոտաբանական դժուարութիւնները, որոնք կ՛ուղեկցին կայսերական հպատակներու ուսումնասիրութեան` այն ժամանակաշրջանին, երբ ազգային քաղաքացիութիւնը դարձած է աշխարհով մէկ գերիշխող քաղաքական միաւորը: Հետեւաբար ստորեւ պիտի ներկայացուին ոչ միայն այն հիմնական արխիւային կեդրոնները, ուր կը պահպանուին օսմանահայ կեանքին առնչուող փաստաթուղթերու հաւաքածոները, այլ նաեւ` անոնց օգտագործման հետ կապուած մարտահրաւէրները:

Ուշ օսմանեան պատմութեան աւելի հիմնաւոր արժեւորման համար անհրաժեշտ է քննականօրէն վերագնահատել գոյութիւն ունեցող հայկական նիւթերը` զանոնք դուրս բերելով Հայոց ցեղասպանութեան իմացաբանական ստուերէն: Թէեւ կան բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնք տակաւին կը խոչընդոտեն օսմանահայերու ձգած հսկայ ժառանգութեան աւելի արդիւնաւէտ եւ վերլուծական օգտագործումը, բայց անոնք անգնահատելի արժէք եւ կենսական նշանակութիւն ունին կայսերական կեանքերու եւ ընդհանրապէս մօտիկ անցեալը աւելի բարդ, նրբերանգ եւ գիտականօրէն հիմնաւոր վերակազմութեան համար:

Ներածութիւն եւ համառօտ ակնարկ` հայկական արխիւներու

Ի տարբերութիւն յոյներուն, արաբներուն եւ պուլկարներուն, որոնց կայսերական հպատակութենէն դէպի ազգային պետութիւններ անցման ուղիները մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած են, դժուար է հայերու յետօսմանեան ժառանգութիւնը ենթարկել ընդունուած «կայսերական» եւ «ազգային» դասակարգումներուն: Մինչեւ 1991 թուականը (բացառութեամբ 1918-1920 թուականներու Ա. Հանրապետութեան կարճատեւ շրջանին) անկախ պետականութեան մը չգոյութիւնը, 1923-ին ստեղծուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ լիարժէք քաղաքացիութեան բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ վերապրող օսմանահայերու ցրիւ վիճակն ու անոնց արխիւներու տարածուածութիւնը կ’արտացոլացնեն այս միջանկեալ դրութիւնը, որ բնորոշած է անոնց փորձառութիւնը ամբողջ քսաներորդ դարուն, երբ հայութեան բեկորները անցած են զանազան իրաւական համակարգերու մէջէն` դառնալով սփիւռքահայ, գաղթական, փոքրամասնութիւն եւ այլն:

Վերջին երեք տասնամեակներուն օսմանահայ պատմութեան տարբեր երեսակներուն վերաբերող ակադեմական ուսումնասիրութիւնները, յատկապէս` տասնիններորդ եւ քսաներորդ դարասկզբի շրջանին առնչուող, նկատելի աճ մը արձանագրեցին: Նոր հարցադրումներու եւ մեթոտաբանական մօտեցումներու միջոցով երիտասարդ գիտնականներ` գլխաւորաբար արեւմտեան գիտական միջավայրերու մէջ եւ նուազ չափով  Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ, սկսան մարտահրաւէր նետել օսմանեան-թրքական պետականակեդրոն պատմագրութեան երկարամեայ նախապաշարումներուն, զորս հայերը կը ներկայացնէին իբրեւ կայսրութեան ընկերային հիւսուածքին օտար տարրեր կամ նոյնիսկ ապակայունացնող «հինգերորդ շարասիւն»: Միաժամանակ ուսումնասիրողները սկսան Հայոց պատմութիւնն ու փորձառութիւնը դուրս բերել իրենց նախկին պատեանէն եւ զայն ներառել աւելի լայն տարածաշրջանային եւ կայսերական պատումներու մէջ: Պատմաբաններու այս նոր սերունդը առաջարկեց աւելի նրբակերտ եւ բարդ վերլուծութիւններ, որոնք ոչ իսլամ տարրերը եւ մասնաւորաբար հայերը աւելի բնական ձեւով կը տեղաւորեն ուշ օսմանեան կայսրութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ եւ կը բացայայտեն կեդրոնական օսմանեան արխիւներու «կոյր կէտերը»` ոչ իշխող եւ ոչ պետական դերակատարներու կամ հասարակական խումբերու նկատմամբ:

Սակայն, հակառակ այս քննադատութիւններուն, հազուադէպ է եղած գիտական անդրադարձը այն հարցին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայկական աղբիւրներու վրայ հիմնուիլ օսմանեան անցեալը ուսումնասիրելու եւ իմաստաւորելու համար: Թրքական Հանրապետութեան այն աւանդոյթին լոյսին տակ, որ ոչ իսլամ տարրերու կայսերական անցեալը «մաքրած» կամ «նուազեցուցած» է, հայկական նիւթերու քննական վերընթերցումը կրնայ հանդիսանալ դիմադրողականութեան բացառիկ օրինակ մը` ընդդէմ «փոքրամասնացման» եւ վերջնական «լռեցման» ոչ թուրքերու եւ ոչ սիւննիներու, որոնք ժամանակին օսմանեան հասարակութեան անբաժանելի մասն էին: Հետեւաբար ցարդ քիչ օգտագործուած հայկական բազմաթիւ հաւաքածոներ անփոխարինելի նշանակութիւն ունին պատմութիւնը «ներքեւէն» կամ «վարէն» գրելու եւ ենթակայ հասարակակարգերու անցեալը վերակազմելու համար:

«Հայկական արխիւներ» եզրը պէտք չէ օգտագործել իր սովորական եւ սահմանափակ առումով` իբրեւ պատմական փաստաթուղթերու կամ արձանագրութիւններու պարզ ամբողջութիւն մը: Ընդհակառակը, օսմանահայ պատմութեան աւելի քննադատական ուսումնասիրութիւնը եւ պահպանուած նիւթերու վերայայտնաբերումը կը պահանջեն, որ նախապատուութիւն չտանք աղբիւրներու մէկ տեսակին` միւսին հաշուոյն: Այսինքն «հայկական նիւթեր» հասկացողութիւնը կ՛ընդգրկէ բազմատեսակ ու բազմալեզու աղբիւրներ` եկեղեցական եւ քաղաքական պաշտօնական փաստաթուղթերէ մինչեւ ընտանեկան արխիւներ, անտիպ եւ տպագիր յուշագրութիւններ, թերթեր ու պարբերականներ, որոնք այսօր ցրուած են աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ: Հետեւաբար «հայկական» բնորոշումը խիստ ազգային կամ ցեղային իմաստ չունի, այլ կը վերաբերի այն հաստատութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնց մօտ այսօր կը պահպանուին ներքոյիշեալ նիւթերը, այնպէս, ինչպէս «օսմանեան»-ով կարելի չէ հասկնալ միայն թրքականը կամ պետականը:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ձեւաւորուող յետկայսերական աշխարհակարգին մէջ հայերու անորոշ ու միջանկեալ կարգավիճակը մեզի կը պարտադրէ, որ հայկական նիւթերը դիտարկենք եւ ըմբռնենք աւելի լայն տեսանկիւնէ: Ինչպէս Thomas Osborne կը պնդէ, արխիւները պէտք չէ ընկալուին միայն որպէս շէնքեր, գրադարաններ կամ պահոցներ. անոնք նաեւ մեկնաբանութեան տարածքներ են, որոնք կը պահանջեն որոշակի գիտելիք եւ մտածողութեան ձեւեր: Այսինքն արխիւը պարզապէս փաստաթուղթերու հաւաքածոյ մը չէ, այլ` գիտելիքաստեղծ միջոց: Այս լայն հասկացողութեան հիման վրայ հայկական նիւթերը կարելի է պայմանականօրէն բաժնել երկու հիմնական խումբի` «պաշտօնական» եւ «մասնաւոր»` ի մտի ունենալով, որ այս սահմանները յաճախ յստակ չեն եղած: Պէտք է շեշտադրել նաեւ, որ հայկական նիւթերու «արխիւացում»-ը տեղի ունեցած է յետօսմանեան եւ յետցեղասպանական հայկական ինքնութեան վերակազմակերպման, համայնքային հաստատութիւններու վերաձեւաւորման եւ Պաղ պատերազմի քաղաքական բեւեռացման պայմաններու եւ ազդեցութեան տակ: Հետեւաբար պահպանուած կամ վերապրած հաւաքածոները մասամբ կ՛արտացոլացնեն այդ հաստատութիւններու քաղաքական յետնագիծն ու գաղափարական դիրքերը, որոնք նոյնպէս պատմութեան մասնիկ են:

Հակառակ օսմանահայերու ֆիզիքական ոչնչացման հետ ուղեկցող մշակութային կործանման եւ ունեցուածքի բռնագրաւման` հսկայական քանակութեամբ նիւթեր գոյատեւեցին: Անոնք հասան աշխարհի տարբեր շրջաններ, ուր հայ գաղթականները հաստատուեցան եւ ստեղծեցին սփիւռքեան համայնքները: Այս «դիմադրողականութեան փաստաթուղթերը» այսօր կը գտնուին բազմաթիւ կեդրոններու մէջ` անցեալի կայսերական տարածքներէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա:

(Շար. 1)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ