Քեսապցի գաղթականներուն վերադարձը հայրենի օճախներ. կամաւորները Քեսապի մէջ

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Օսմանեան կայսրութենէն Կիլիկիոյ ազատագրումը կատարուեցաւ գլխաւորաբար Հայկական լեգէոնի ուժերով: Ֆրանսա Հայկական լեգէոնի  հինգ գումարտակներէն բացի զինուորական այլ ուժեր գրեթէ չունէր Կիլիկիոյ մէջ:

Անգլիական փոքրաթիւ ուժեր 1919 փետրուարին մտան Կիլիկիա  (անոնք յետոյ փոխարինուեցան ֆրանսական զօրքերով): 28 մայիս 1919-ին Մերսին ցամաք ելան ֆրանսական բանակի ալճերիացի 250  զինուորներ:

* * *

Գաղթականութենէն, արաբական անապատներէն Կիլիկիա, իրենց հայրենի շէները սկսան վերադառնալ տասնեակ հազարաւոր հայեր: Կիլիկիոյ հայկական գիւղերն ու քաղաքները սկսան վերակենդանանալ:

Քեսապցիներէն անոնք, որոնք Ճսըր Շուղուրի, Համայի, Հոմսի եւ անոնց շրջակայ գիւղերուն եւ Հալէպի մէջ մնացած էին, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի ջարդերէն վերապրածները, երբեմն առանձին-առանձին, երբեմն փոքր խումբերով, սկսան վերադառնալ ծննդավայր: Բոլորին բնակարանները համարեա կիսաքանդ վիճակի մատնուած էին: Արտերը եւ պարտէզները խոպան, գիւղերն ու թաղերը լքուած, ամէն տեղ խոտերով ու թուփերով ծածկուած եւ գրեթէ անտառի վերածուած էին:

Ամէն ինչ կորսնցուցած վերադարձողները գոյատեւելու համար ոչինչ ունէին եւ սովի սպառնալիքին տակ կը գտնուէին: Շատեր միայն խոտերով կը սնանէին:

Քեսապի շրջակայ թուրքմէն գիւղերը, Օսմանեան պետութեան անձնատուութենէն ետք, պարտուածի հոգեվիճակ ունէին եւ հայերու վրէժխնդրութենէն վախնալով կը փորձէին սիրալիր յարաբերութիւններ հաստատել վերադարձող քեսապցիներուն հետ: Անոնք սիրով սկսան վերադարձնել ինչ որ խլած էին հայերէն, կամ ինչ որ գաղթականութեան ելլելէ առաջ քեսապցիք յանձնած էին իրենց:

* * *

Ֆրանսա Կիլիկիոյ մէջ, պատերազմի աւարտէն ետք ինքնավարութիւն խոստացած էր հայերուն: Սակայն Ֆրանսա իր առանձին քաղաքական ծրագիրները ունէր: Պատերազմի աւարտէն ետք Ֆրանսա սկսաւ իր դաշնակիցներէն գաղտնի բանակցութիւններ վարել եւ սակարկութիւններ կատարել Թուրքիոյ հետ:

Ֆրանսա այլեւս պէտք չունէր հայ կամաւորներուն: Սկզբնական ծրագիրին համաձայն, 1919 մայիսին հայ կամաւորներուն թիւը կարելի էր հասցնել մինչեւ քսան հազարի: Բայց Ֆրանսա ամէն միջոց սկսաւ ի գործ դնել Հայկական լեգէոնը տկարացնելու համար: Ֆրանսական բանակի հրամանատարութիւնը սկսաւ կամայական որոշումներով, անարդար պատիժներով ու անմարդկային վերաբերմունքով նեղել կամաւորները:

Խորապէս յուսախաբ ու դառնացած, ինչպէս նաեւ օր առաջ իրենց սիրելի ծննդավայրը տեսնելու փափաքով, կամաւորներէն Ովսիա Սաղտըճեան (Տայի) եւ Միսաք Կիրակոսեան (Միսաքօ) լքեցին ֆրանսական բանակը եւ իրենց զէնքերով ու զինուորական տարազներով փախուստ տուին: Մերսինէն եւ թրքական գիւղերէ անցնելով անոնք կտրեցին Կիլիկիոյ դաշտերը եւ Ալեքսանտրէթի վրայով, տասնհինգ օր գիշերը ցերեկին խառնելով քալելէ եւ բազում վտանգներ դիմագրաւելէ ետք հասան Քեսապ:

Քեսապ հասնելէն ետք Տայի եւ Միսաքօ գոնէ սկզբնական օրերուն չուզեցին յայտնուիլ ժողովուրդին:

Գալատուրանի ժողովուրդը տակաւին չէր վերադարձած գաղթականութենէն: Տայի եւ Միսաքօ Գալատուրանի ամայի տեղերը պատսպարուեցան: Անոնք մօտակայ թրքական գիւղէ մը կով մը իւրացուցին եւ անոր կաթով ու խոտերով սնանեցան:

Այս երկու մօրուսաւոր զինուած կամաւորները ամէն օր տեղ մը, գիւղ մը, եւ նոյնիսկ նոյն օրուան մէջ իրարմէ տարբեր հեռաւորութեամբ  թուրքմէնական գիւղերու մէջ սկսան երեւիլ: Անոնք աներեւոյթ ուրուականներու նման էին: Անոնք սկսան սպառնալ թուրքմէններուն եւ պատժեցին քանի մը աւազակապետեր: Ամէն կողմ ահ ու սարսափ տարածեցին անոնք: Այն տպաւորութիւնը կը տիրէր որ հարիւրաւոր զինեալներ կը շրջին քեսապի շրջակայքը եւ կը պատուհասեն իրենց թշնամի թուրքերը:

Թուրքեր երբ լսէին կամ զգային անոնց յայտնուիլը, իրարու ձայն կու տային. «Փախէք, սագգալլիները (մօրուսաւորները) կու գան»:

Մօրուսաւորներու յայտնուելէն ետք վերադարձող քեսապցիները իրենք զիրենք աւելի ապահով սկսան զգալ: Անոնք իրարու կ՛ըսէին. «Սագգալլիները մեր մէջ են, թշնամին չի՛ կրնար մօտենալ մեզի»:

Շրջակայ թուրքմէն գիւղերու բնակիչները սկսան աւելի բարեացակամ գտնուիլ քեսապցիներուն նկատմամբ եւ նոյնիսկ հաց եւ ուտեստեղէն հայթայթեցին վերադարձողներուն:

Հետզհետէ խումբ խումբ քեսապցի կամաւորներ սկսան լքել լեգէոնը եւ ծննդավայր վերադարձան: Առաջին հանգրուանին հասան կամաւորներ Լանկար (Լաւի Սաղտըճեան), Օնպաշի (Յակոբ Փանոսեան), Հայր Սուրբ (Նշան Յովսէփեան), Վահրամ Յովսէփեան, Ծերոն Կարպուշեան, Ծերոն Աբէլեան, Խրխըր (Մանասէ Դանիէլեան), Նշան Հաշֆէեան եւ Պօղոս Մահտեսեան:

Այնուհետեւ աստիճանաբար Ամերիկայէն Քեսապ վերադարձան այն երիտասարդները, որոնք կամաւոր արձանագրուած էին, բայց չէին կրցած իբրեւ լեգէոնական գալ: Ամերիկայէն սկսան վերադառնալ նաեւ առանձին պանդուխտ երիտասարդներ:

* * *

Փոր Սայիտի մէջ քեսապցի գաղթականները ակնդէտ կը հետեւէին արտաքին աշխարհի անցուդարձերուն: Ամէն կողմէ լուրեր, նամակներ եւ թերթեր կը հասնէին, որոնք կ՛աւետէին, որ պատերազմը վերջացած է եւ ամէն մարդ կրնայ իր ծննդավայրը վերադառնալ:

Գաղթականները 1919-ի ամրան սկիզբը նաւերով Փոր Սայիտէն Պէյրութ փոխադրուեցան:

Պէյրութի մէջ քանի մը օր Քարանթինա մնալէ ետք գաղթականները առագաստանաւերով ճամբայ ելան դէպի Լաթաքիա:

Լաթաքիա ցամաք ելլելէն ետք քեսապցի ջորեպաններ դիմաւորեցին զանոնք եւ Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին:

Լաթաքիայէն անոնք առագաստանաւերով ճամբայ ելան դէպի Գալատուրանի ծովափը: Մութ էր, երբ առագաստանաւերը Պասիթի եւ Պետրուսիայի ծովափերէն անցնելով մօտեցան Գալատուրանի ծովափը: Ժողովուրդը խոր կարօտով կը նայէր հայրենի լեռներուն: «Ահա՛ Սելտրանը», «Ահա՛ Տիւնակը», «Ահա՛ Գլղըրը», կ՛աղաղակէին ամէն կողմէ: Արեւը նոր բացուած էր, երբ անոնք Գալատուրանի ծովափը ցամաք ելան: Յուլիս ամիսն էր, Վարդավառ, եւ Ծովու թաղին մէջ խաղողները նոր սկսած էին կարմրիլ:

Փոր Սայիտի գաղթականներէն ոմանք ալ շոգեկառքով Հալէպ տարուեցան եւ յետոյ ալ հոնկէ Քեսապ վերադարձան:

Մինչեւ աշուն բոլոր գաղթականները ծննդավայր վերադարձած էին:

Չորս տարիներու բաժանումէ ետք հարազատներ վերամիացան իրարու:

Գաղթականութեան եւ ջարդի այդ չորս տարիներուն Քեսապի հայութեան մօտաւորապէս կէսը զոհ գացած էր:

Գաղթականութենէն վերադարձէն ետք Քեսապի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս երկու հազար երկու հարիւր հոգի կը գնահատուէր:

* * *

Գաղթականները վերադարձած էին, բայց գոյատեւելու հնարաւորութիւններ չունէին: Տուները կիսաքանդ եւ կիսաւեր էին, բայց գէշ աղէկ  տեղաւորուած էին: Արտերը, պարտէզները խոպան եւ խոտերով ծածկուած էին: Հունձք չկար, ուտեստեղէն չկար, պաշար ապահովելու միջոց չկար:

Տակաւին ամառ էր եւ ժողովուրդը խոտերով, պտուղներով, հոսկէ հոնկէ դժուարութեամբ ձեռք անցուցած պատառ մը հացով կը գոյատեւէր: Իրերօգնութեան զգացումը զօրաւոր էր ժողովուրդին մէջ եւ մարդիկ իրենց պատառ մը հացը կը բաժնուէին: Աշունը կը մօտենար, վրայ պիտի հասնէր ձմեռը, եւ բոլորը մտահոգ էին. ինչպէս պիտի գոյատեւէին, ինչ պիտի ընէին: Սովի ուրուականը կախուած էր ժողովուրդի գլխուն վրայ:

* * *

Անիշխանութիւն էր. ոչ կառավարութիւն կար, ոչ կարգ, ոչ կանոն: Ճամբաները վտանգաւոր էին, անանցանելի: Արտաքին աշխարհին հետ կապ չկար: Անտիոք գացող-եկող չկար: Թուրք աւազակախումբեր կը վխտային ամէն կողմ:

Պայըրի եւ Պուճագի թուրքմէնները յարձակեցան շրջակայ ալեւի գիւղերուն վրայ եւ կողոպտեցին ինչ որ կրցան ձեռք ձգել: Ալեւի շատ մը գիւղեր հրոյ ճարակ եղան: Բազմաթիւ ալեւիներ սուրի քաշուեցան: Ալեւի շատ մը ընտանիքներ խուճապահար փախչելով Քեսապ ապաստան գտան: Նոյն օրերուն լուրեր հասան, որ թուրքմէններ կը պատրաստուին Քեսապի վրայ արշաւելու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ