Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ քննադատական արձագանգներէն ետք, Հայաստան, որ սկզբունքով կոչուած է ըլլալու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանը, կարիք չտեսաւ արձագանգելու այս ճանաչման։
Արդարեւ, 29 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայկական կողմը որեւէ ձեւով չարձագանգեց Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստին՝ ըսաւ. «Արձագանգի կարիք չենք տեսնում, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զէնքայնացման թեմայի մէջ չմտնելը բխում է Հայաստանի շահերից»։




Leave a Reply