Եռահատուած յիշատակում Մելիքճան Զամանի

21 Յու­նիս կի­րակի օրը ամ­բողջու­թեամբ ձօ­նուած էր Մե­լիք­ճան Զա­մանին, իր մա­հուան Ա. Տա­րելի­ցի լրման առի­թով։

Սայաթ Նո­վա Երգչա­խումբի շրջա­նակ­նե­րու, Զա­ման եւ Թով­մա­սեան ըն­տա­նիք­նե­րու, ինչպէս նաեւ Եշիլ­գիւղի Վար­ժա­րանի հա­մար 21 Յու­նիս կի­րակի օրը ամ­բողջու­թեամբ ձօ­նուած էր Մե­լիք­ճան Զա­մանին, իր մա­հուան Ա. Տա­րելի­ցի լրման առի­թով։

Ըն­տա­նիքի ան­դամներ, դպրո­ցական պաշ­տօ­նակից­ներ, երգչա­խումբի ըն­կերներ նախ մէկ­տե­ղուե­ցան Քու­րուչեշ­մէի Երեւ­ման Սուրբ Խաչ Եկե­ղեցին, հո­գեհանգստեան պա­տարա­գի եր­գե­ցողու­թեամբ։ Ապա շի­րիմի այ­ցե­լու­թիւն կա­տարո­ւեցաւ Պա­լըք­լըի Գե­րեզ­մա­նատու­նը։

Այս հո­գեւոր մի­ջոցա­ռումնե­րէ ետք Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի հա­մեր­գա­յին ծրա­գիրը։

Վոս­փո­րի բար­ձունքի այս գողտրիկ եկե­ղեցին ամ­բողջո­վին լե­ցուն էր Մե­լիք­ճա­նի յի­շատա­կը յար­գե­լու փու­թա­ցած ժո­ղովուրդով։

Նա­րօտ Էր­քոլ նախ­քան յայ­տագրի սկիզ­բը սեղմ տո­ղերով նկա­րագ­րեց օրուայ իմաս­տը, շեշ­տե­լով թէ 11 Յու­նի­սի Քար­տէշ Թիւրքիւ­լե­րի հա­մեր­գի մաս­նակցու­թե­նէ ետք այս երկրորդ ան­գամ է, որ հան­դի­սատե­սին կը ներ­կա­յանան իրենց սի­րելի ըն­կե­րոջ՝ նախ­կին խմբա­վար՝ Մե­լիք­ճան Զա­մանի բա­ցակա­յու­թեամբ։

Ապա գոր­ծադրո­ւեցաւ խմբեր­գա­յին երաժշտու­թեան խնա­մեալ յայ­տա­գիր մը, նախ Մա­սիս Թա­շը եւ ապա Արեն Սել­վիօղ­լո­ւի խմբա­վարու­թեամբ։ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի երի­տասարդ կազ­մը ներ­կա­յացուց Կո­միտաս Վար­դա­պետէ, Արամ Խա­չատու­րեանէ եւ այ­լոց գոր­ծե­րէ բաղ­կա­ցող յայ­տա­գիր մը, որ իր աւար­տին հա­սաւ ներ­կա­ներու յոտնկայս հե­տեւած Հայ­րա­պետա­կան մաղ­թանքով։

Հայր Յո­վակիմ Վրդ. Սե­րով­բեան հա­մեր­գի աւար­տին ար­տա­սանեց հուսկբան­քը, թարգման հան­դի­սանա­լով բո­լորի զգա­ցումնե­րուն։ Ան յի­շատա­կեց նախ Մե­լիք Կավ­րի­լոֆը, որ եր­կար տա­րիներ այս երգչա­խումբի խմբա­վարու­թիւնը ստանձնե­լէ ետք իր տե­ղը թո­ղած էր մի այլ Մե­լիքի՝ Մե­լիք­ճան Զա­մանին եւ հի­մա ալ Արե­նը եւ Մա­սիսը եկած են այդ նո­ւիրեալ պաշ­տօ­նը շա­րու­նա­կելու դժո­ւարին գոր­ծը յանձն առ­նե­լու։ Հայր սուրբը շնոր­հա­ւորեց կա­տարո­ւած աշ­խա­տան­քը եւ յա­րատեւ յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց խումբի ան­դամներուն։

https://www.agos.com.tr/am/news/yrahadvwadz-hishadagvwm-mylikcan-zamani-40971

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ