ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը` Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առիթով

Իսրայէլի կառավարութիւնը, այսօր, միաձայն հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու երկրի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի նախագիծին: Ըստ հաղորդումներուն, ճանաչումի բանաձեւի նախագիծը այժմ կ՛ուղարկուի խորհրդարան, առ ի որդեգրում:

Արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է, որ անցեալին եւս եղած են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք, սակայն, իրենց տրամաբանական եզրակացութեան չեն յանգած:

Նախարարը յայտարարած է նաեւ, որ այս հակադարձութիւն չէ Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ Իսրայէլի դէմ ուղղուած «սարսափելի հռետորաբանութեան եւ թշնամական քայլերուն», ենթադրաբար` ակնարկելով ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներու այն իրաւացի հաստատումներուն, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ:

Հաշուի առնելով այն փաստը, որ բազմաթիւ հրեայ անհատներ, այդ մասին բարձրաձայնած են Ցեղասպանութեան օրերունիբրեւ վկայ, իսկ հետագային իբրեւ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ եւ կուսակցութիւն (Մերեց), պահանջելով Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, նախարար Սահեր իրաւացի է, երբ կը հաստատէ. «Երբեք ուշ չէ ճիշդ բանը ընել: Այս թէ՛ բարոյական, թէ՛ պատմական պարտականութիւն է: Իմ կարծիքով, ատկէ խուսափելու որեւէ լուրջ պատճառ չկայ»:

Եթէ եւ երբ այս նախաձեռնութիւնը հասնի իր տրամաբանական եզրայանգումին եւ Իսրայէլի խորհրդարանը եւս հաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իբրեւ պետական դիրքորոշում, մենք կ՛ողջունենք այդ կեցուածքը, միաժամանակ կրկնելով նախարար Սահերի` Թուրքիոյ ուղղուած այն տրամաբանութիւնը, որ նման ճանաչումը «իրեն (այս պարագայինԻսրայէլին) չի տար անձեռնմխելիութիւն պատմական ճշմարտութիւններէն», ներառեալ Արցախի մէջ հայութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն իր մեղսակցութեան գծով:

Միաժամանակ, կ՛ակնկալենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած Իսրայէլը կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` սատարելով յիշողութեան յաւերժացումին եւ պայքարելով անոր ժխտումին դէմ:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

28 յունիս 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ