Ալթայլը բացատրեց նաեւ թէ ինչպէս եկեղեցիին գտնուած հողատարածքը անցաւ իր ընտանիքին սեփականութեան:
Լրագրողուհի Նիլ Կիւլսիւմի «YouTube» ծրագրի հիւր եղած լրագրող Ֆաթիհ Ալթայլըն հարցի մը առթիւ հետեւեալը ըսաւ. «Եկեղեցին կամ եկեղեցիներու համալիրի գտնուած հողատարածքը ինծի չի պատկանիր։ Այդ հողը գրանցուած է մեծհայրիկիս անունով։ Մշակոյթի նախարարութիւնը թող գայ, ընտանիքիս միւս անդամներուն հետ ալ տեսակցի։ Թող ստանան, գործածեն, անհատոյց հանրային սեփականութիւն դարձնեն, մենք եկեղեցասէր չենք»։
Ալթայլըն բացատրեց նաեւ թէ ինչպէս եկեղեցիին գտնուած հողատարածքը անցաւ իր ընտանիքին սեփականութեան՝ «Ճշգրիտ տեղեկութիւն չունիմ, բայց ինչ որ կը խօսուէր այն էր, որ այդ ժամանակ ընտանիքին պատկանող քանի մը հողատարածքներու վրայ պետական շինութիւններ կառուցելու ատեն, պետութիւնը նաեւ իրեն պատկանող քանի մը հողատարածքներով փոխանակում կատարած էր, այդ հողերէն մէկուն մէջ ալ եկեղեցին գտնուած է։ Մենք եկեղեցին չքանդեցինք, ծախելու չձգտեցինք, այնպէս է ինչպէս, որ կայ»։
Հարցը երկար ժամանակէ ի վեր Հայ համայնքի օրակարգին վրայ կը գտնուի։ Վանի Վարագավանքի համալիրը ինչպէս ճարտարապետական, կրօնական, նաեւ այս հողերուն Հայկական ժառանգութեան տեսանկիւնէն կարեւորութիւն ունի, սակայն համալիրը անխնամ մնալուն պատճառով տարիներու ընթացքին վատթարացած եւ քանդուելու եզրին հասած է։
Մշակոյթի նախարարը՝ «Ալթայլըի ազատ արձակումը սպասենք» ըսած էր
Հարցը Պատրիարք Մաշալեանի 2025 թուականի Դեկտեմբերին Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին կատարած այցելութեան ընթացքին ալ օրակարգի եկած է։ Պատրիարք Մաշալեան ընդգծեց, որ Վանի Վարագավանքը (Եօթ Եկեղեցի) վերանորոգութեամբ բացուիլը այցելութեան համար տարածքին զբօսաշրջական առումով կարեւոր նպաստ պիտի հանդիսանայ, միաժամանակ պիտի ծառայէ մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան։ Պատրիարք Մաշալեան յետոյ հանդիպման մասին կատարած յայտարարութեան մէջ ըսաւ թէ՝ «Պետութիւնը կարող է այս տեղը վերցնել», իսկ նախարար Էրսոյ պատասխանեց ըսելով թէ պէտք է սպասեն սեփականատիրոջ, այսինքն Ալթայլըի ազատ արձակումը։
Ժողովուրդին մէջ Եօթ Եկեղեցի անունով ծանօթ համալիրը, 8-րդ դարուն կառուցուած պատմական հայկական վանք մըն է։
Տարիներով վերանորոգութիւն չստացած եւ երկրաշարժներու ընթացքին վատթարացումը հետզհետէ աւելցած վանքը, այսօր մասամբ ալ թաղին բնակիչներուն կողմէ կը պահպանուի։
Հարցը 2012 թուականին ալ օրակարգի եկած էր։ Ալթայլըն, «Նախարարութեան տալու հարկ եղած պահուն՝ Նախարարութեան, Պատրիարքարանին տալու հարկ եղած պահուն ալ՝ Պատրիարքարանին փոխանցելու պատրաստ եմ։ Ոեւէ նիւթական փոխհատուցում ալ չեմ սպասեր» ըսած էր։ Պատրիարքարանի պաշտօնատարները այն ատեն Ալթայլըի յայտարարութիւններէն գոհ ըլլալնուն, սակայն գործող օրէնքներուն համեմատ Պատրիարքարանը եկեղեցիի մը սեփականութիւնը չի կրնար ունենալ, սակայն պետութիւնը վարչական որոշումով եկեղեցիի գործածութիւնը Պատրիարքարանին կրնայ փոխանցել, ըսած էին։
https://www.agos.com.tr/am/news/vani-hahgagan-ygyghytsin-hantznylvw-badrasd-ym-40959




Leave a Reply