Լոյս տեսաւ հայ պատմական եղափոխութեան եւ պատմագիտութեան մասին փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի գիւտարար աշխատութիւնը

Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեանի հեղինակութեամբ, լոյս տեսած է՝ «Քննական նախաբան արեւմտեան հայաշխարհի հազարամեայ պատմութեան․ թագաւորութիւններէ մինչեւ զարթօնք․ քաղաքականութիւն եւ մշակոյթ. առաջին Հհանգրուանը տասներորդէն տասնըհինգերորդ դարեր» (Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World – From Kingdoms to an Awakening ‒ Politics and Culture ‒ The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries (Los Angeles: The Western Prelacy, 2026. ISBN 978-1-967180-02-8. 255 p.s) հատորը։

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մատենաշարին երրորդ եւ ամէնէն ծաւալուն հատորն է «Փրոլեկոմենոն»ը, իսկ մատենաշարը, նոյն հեղինակէն, կը կոչուի «Հիմնահարցեր Եւ Հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին մէջ»: Տատոյեան կը գրէ իր եզրակացութեան մէջ․ «Կարելի չէ ունենալ նախահայեցութիւն (foresight) առանց յետահայեացութեան (hindsight): Ուրեմն կայ յարատեւ անհրաժեշտութիւն հասկնալու համար պատմութիւնը, գիտնալու համար թէ ուրկէ՛ եւ ինչէ՛ կու գանք, եւ ուր ու դէպի ի՞նչ կ՛երթանք, կամ պէտք է որ ուղղուինք: Ա՛յս է նպատակը Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մատենաշարին»:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ պատմական եղափոխութեան, եւ առկայ պատմագիտութեան մասին գիւտարար եւ քննական աշխատութիւն մը ըլլալու կողքին՝ հատորը «սումմա» (summa) մըն է, այսինքն՝ գերազանցապէս տեսաբանական ամփոփում մը Տատոյեանի զանազան պատմագիտական տեսութեանց, թէ՛ մատենաշարին մէջ եւ թէ՛ ընդհանրապէս իր գրականութեան:

Իր տեսակին մէջ առաջինը, եւ ըստ խորագրին, «Փրոլէկոմենոն»ը սովորական յառաջաբան չէ: Տառացիօրէն (յունարէնէ եւ լատիներէ եկած) կը նշանակէ «ան ինչ որ կ՛ըսուի կամ պէտք է որ ըսուի նախապէս, բանի մը սկզբնաւորութեան (that which is said beforehand): Անիկա նախապատրաստութիւն մըն է աշխատութեան կամ պարագայի մը համար: Տատոյեանի համար «Փրոլէկոմենոն»ը քննական-վերլուծական հարթակ մըն է բնորոշելու կենսական խնդիրները եւ մեթոտները հասկնալու եւ գրելու Արեւմտահայ Հայաշխարհին տակաւին անգիր պատմութիւնը: Հատորը ոչ միայն քննական, այլ նոյնիսկ յեղափոխական վերլուծում մըն է հայ պատմագրութեան մէջ թէեւ ընդունուած սակայն ոչ-հիմնաւորուած յարացոյցներուն (paradigms) դէմ:

Թոմաս Քունի [Thomas S. Kuhn, 1922-1996, The Structure of Scientific Revolutions] գիւտը՝ յարացոյց կը նշանակէ ընդհանուր կերպով ընդունուած տեսական շրջանակ (framework), որ կը պարունակէ որոշ տեսութիւններ, կարծիքներ, արժէքներ, եւ ուսումնասիրութեան միջոցներ տուեալ ընկերութեան մը կամ որոշ խումբի մը յատուկ, ինչպէս՝ գիտական, քաղաքական, եւայլն: Յարացո՛յցը կ՛որոշէ թէ ինչպիսի խնդիրներ էական ու անհրաժեշտ են եւ ինչպիսի հարցումներ պէտք է որ առաջադրուին հասնելու համար ընդունելի ու ճիշդ պատասխաններու:

Հետեւաբար, վերաբերելու համար նիւթին, այսինքն՝ Արեւմտեան Հայաշխարհին պատմութեան տարբեր եւ ուրոյն բնոյթին եւ նո՛ր յարացոյցներու անհրաժեշտութեան, Տատոյեան ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ տասներորդ դարէն ետք ժողովուրդին մեծամասնութեան շարժը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, մանաւանդ՝ քաղաքական եւ մշակութային կառոյցները կորսնցուցած ազգին արտասովոր զանցակերպումը (metamorphosis), նոր եւ Արեւելեանէն շատ աւելի ընդարձակ բնակավայրի մը, Արեւմտեան Հայաշխարհին զարգացումը: Աշխատութիւնը կանգ կ՛առնէ միջին դարերու վերջաւորութեան՝ այս աշխարհին պայմաններուն բերումով կանուխ կամ նախա-Զարթօնքի (proto-renaissanec) մը իրականացումով: Յաջորդ հանգրուանները Օսմանեան ապա՝ Սաֆավիտ կայսրութեանց ընթացքին տարբեր նիւթեր են:

Նպատակներով եւ մեթոտաբանական տեսակէտէ, Տատոյեանի այս աշխատութիւնը փաստարկում (argument) մըն է ի նպաստ ՛Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաշխարհներու՛ պատմագիտական յարացոյցին եւ ի դէմ «Կեդրոն եւ Շրջամաս», «Հայրենիք եւ Սփիւռք» յարացոյցներուն: Իբրեւ այդպիսին եւ ըստ խորագրին՝ հատորը «փրոլէկոմենոն» մըն է Արեւմտեան Հայաշխարհին հազարամեայ պատմութեան, որ տակաւին կը սպասէ լուրջ պատմագիտական ուսումնասիրութեան եւ պատմականացումի:

Իրողապէս, հայ եւ մերձաւոր արեւելեան միջ-գործօնական (interactive) պատմութեան մէջ Տատոյեանի ամբողջ գիտական ասպարէզն ու գրականութիւնը (տասնըվեց հատոր եւ հարիւրէ աւելի ուսումնասիրութիւններ) վիճարկումներ եւ փաստարկումներ են աւանդական եւ այսպէս կոչուած արդիական-առարկայական պատմաբանութեանց, նաեւ՝ կիսա-առասպելական պատումներուն ու գրականութեան եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ: Իր կարծիքով, եթէ միայն բոլո՛ր հայոց, բոլոր ժամանակներու եւ տեղերու մէջ պատմակա՛ն փորձառութեան հիման վրայ քննականօրէն դիտուած եւ հասկցուած ըլլային բոլոր «հայկական բաները», այսօր պիտի ունենայինք տարբեր եւ շատ աւելի իրական, պայծառ եւ հետաքրքրական պատմութիւն մը, մասնաւորաբար՝ անգիր Արեւմտեան Հայաշխարհին մասին:

Միջմարզային (interdisciplinary) եւ պատմագիտական (հistoriographic) «տիալեքթիք» տեսանկիւններով եւ մեթոտաբանութեամբ, այս հատորը եւս կը հիմնուի ցարդ աննկատ մնացած, սակայն հիմնական դրուագներու եւ երեւոյթներու վրայ, իբրեւ հակաթէզեր (antitheses) առկայ պատմական տեսակէտներու: Տատոյեան կը բացատրէ, թէ տասներորդ դարուն ամբողջ արեւելեան Փոքր Ասիան արդէն կը գտնուէր իսլամական հակակշռի տակ: Նախապէս, եօթներորդ դարէն ետք՝ իրենց հայրենի հողերով եւ շրջանային բնակավայրով (հabitat, ecumene) հայերը մեծամասնութեամբ կը գտնուէին իսլամական աշխարհին մէջ եւ յաճախ անոնց իշխանութեան տակ: Բացառութիւն են Հայկական Կիլիկիան (1080-1375) եւ աւելի քան վեց դար ետք՝ Առաջին Հանրապետութիւնը (1918)։ Հակառակ այս իրողութեան եւ իրենց աշխարհին բոլոր ժողովուրդներուն եւ ուժերուն հետ հայոց ուղղակի յարաբերութեանց եւ կարեւոր գործունէութեան, Տատոյեան կ՛ըսէ թէ տասնըչորս դարերու ընթացքին հայոց պատմական փորձառութիւնը չէ արժանացած պատմագիտական լուրջ վերլուծումի: Մեծ քանակութեամբ նիւթ կայ արաբական աղբիւրներու մէջ: Ընդհանրապէս հայ-իսլամական յարաբերութիւնները իւրայատուկ մարզ մը կը կազմեն հայ եւ մերձաւոր արեւելեան պատմագիտութեանց մէջ, որ գրեթէ Տատոյեանի անձնական սատարն է, որուն նուիրած է վեց հատորներ եւ տասնեակ ուսումնասիրութիւններ (1991էն ի վեր):

Ինչպէս Տատոյեան կը բացատրէ «Փրոլեկոմենոն»ին մէջ, արեւելեանէն շատ աւելի ընդարձակ եւ գործօն Արեւմտեան Հայաշխարհը ուղղակիօրէն եւ օրկանականօրէն մաս կը կազմէր մերձաւոր արեւելեան աշխարհին, անոր ժողովուրդներուն եւ իրադարձութեանց: Միջերկրականի հիւսիս-արեւելեան անկիւնը բնական հրաշալի մահիկ մը, Հայկական Կիլիկիան՝ Արեւմտեան Հայաշխարհին ամէնէն ցցուն եւ երկարատեւ միաւորը, ժամանակագրական եւ տեսական մուտքը, առաջին հանգրուանն է նիւթին: Անիկա շրջանին ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկուն վրայ կը գտնուէր․ մէկ կողմէ քաղկեդոնական Բիւզանդիոնի ապա՝ Լատին Խաչակիրներու եւ միւս կողմէ՝ իսլամական կայսրութեանց միջեւ: Ինչպէս միշտ, եւ աւելի քան նախապէս, հայերը կը գտնուէին հակամարտ ուժերու միջեւ, Տատոյեանի եզրով՝ միջնաշխարհեան (mesopolitan, between two poleis) դժուարին կացութեան մէջ: Ինչպէս միշտ՝ միջնաշխարհեան կացութեան ճնշումներուն ենթակայ, Արեւմտեան Հայաշխարհը գծեց ուրոյն հունը եւ քաղաքական-մշակութային ինքնութիւնը: Նոյնը կատարեց Արեւելեան Հայաշխարհը տարբե՛ր պայմաններու տակ եւ տարբե՛ր կերպերով: Այս երկու հայաշխարհները չէին կրնար ըլլալ նման, ոչ ալ մէկը միւսին առաջնահերթ կամ գերակայ: Հոսկէ՝ Տատոյեանի Արեւմտեան Հայաշխարհին հազարամեայ պատմութիւնը վերականգնելու պատմագիտական աշխատանքին մղումը՝ իբրեւ անյետաձգելի աշխատանք:

Ա՛յս է «Փրոլեկոմենոն»ին նպատակը:

Ըստ հեղինակին, առնուազն վերջին հարիւրամեակին ընթացքին ընդհանուր կերպով ընդունուած «հայրենիք-սփիւռք», «կեդրոն-շրջամաս», «Հայաստան-արտասահման» տարազումները չեն կրնար ըլլալ «բնական», այսինքն՝ իրողական յարացոյցներ: Պատճառը պարզապէս բացակայութիւնն է ապրուած իրականութիւններու են եւ պատմագիտական փաստերու: Ընդհանրապէս, չկան «բնական», այսինքն՝ անդրժելի եւ բացայայտ կարծուած յարացոյցներ, մանաւանդ պատմագիտութեան մէջ, որ բոլոր պատումներուն, նաեւ պատմութիւններուն քննական ուսումնասիրութիւնն է:

Հայ պատմագրութեանց եւ պատմամտածողութեան «բնական» հաւատալիքներէն մէկն է նայիլ եւ ներկայացնել բոլոր այսպէս կոչուած «հայկական բաները» իբրեւ միակ եւ յարատեւ գործընթաց, փրոսէս մը, որուն գլխաւոր հերոսը կամ դերակատաըը (protagonist) հայ «ազգ»ն է: Անիկա ունի, ինչպէս կը կարծուի, բացայայտ, յստակ եւ յաւերժական ինքնութիւն եւ էութիւն (permanent essence identity): Ազգային պատմութեան բեմը (stage) «հայրենիքը», «հայրենի հողն» է, թէ ֆիզիքական եւ թէ վերացական իմաստով: Անկէ դուրս «Սփիւռք»ն է, կամ «արտասահման»ը է, որ կ՛ըլլայ եւ է կեդրոնական մասին շրջամասը (periphery):

Տատոյեան կը բացատրէ թէ «կեդրոն-շրջամաս»ի յարացոյցը կ՛ենթադրէ միակտուր եւ հաստատուն պատմական կեդրոն մը, այսինքն «հայրենիք» մը, որ առաջնահերթ է, եւ անոր շուրջ երկրորդական եւ յեղյեղուկ հայ համայնքներ՝ տարբեր բնակավայրերու մէջ, որ «Սփիւռք»ն է: Ըստ իրեն, «կեդրոն-շրջամաս»ի պատմական յարացոյցը միջնադարէն կը տիրապետէ ոչ միայն պատմագրական այլ նաեւ բոլոր ընկերային գիտութիւններուն եւ մշակոյթին վրայ: Դժբախտաբար, հայակեդրոն (armenocentric) պատմաբանութեան հետեւանքով, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայոց ընդհանուր պատմական փորձառութեան փոքր մէկ մասը միայն անցած է պատմագրութեան՝ սակայն միակողմանի եւ պակասաւոր կերպով: Երբ Արեւմտահայ Զարթօնքի հեղինակներէն, Մխիթարեան Միքայէլ Չամչեանց 1780ականներուն իր «տիեզերական» պատմութիւնը հրատարակեց միջնադարու մտայնութեամբ եւ լեզուով, հայակեդրոն յարացոյցը պաշտօնապէս անցաւ նոր ժամանակներու պատմագրութեան, եւ տակաւին գործօն է, զարմանալի կերպով: Սովետական Միութեան ժամանակ եւ Պաղ Պատերազմին, «հայրենիք-սփիւռք»ի տարազումը քաղաքականցաւ եւ դարձաւ գրեթէ վերջնական, հակառակ պատմական հիմնաւորումներու բացակայութեան, եւ ճիշդ այդ պատճառով, որովհետեւ մինչ այդ չէր նկատուած ձախողութիւնը տեսած չըլլալու հայոց պատմական հարուստ փորձառութեան իրողական պատկերը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Կան նաեւ զուտ քաղաքական նկատառումներ եւ շահեր այս տարազումին պարագային:

Իբրեւ հետեւանք «կեդրոն-շրջամասի» յարացոյցին, եւ դժբախտաբար, Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ հայոց մեծամասնութեան աւելի քան հազարամեայ պատմութիւնը եւ գոյատեւման պայքարը քշուած է էութենական (ontological) աղջամուղջի մէջ, կորսնցնելով իր հիմնական պատմական կարեւորութիւնը ընդհանուր հայոց պատմութեան եւ պատմամտածողութեան մէջ: Աշխարհագրականօրէն, նա՛եւ քաղաքականօրէն, Սփիւռքը տակաւին կը նկատուի, եւ ինքզինք կը տեսնէ իբրեւ «հայրենիք»էն դուրս հաւաքում մը, պատահական եւ յարափոփոխ «համայնք»ներու կամ «գաղութ»ներու: Իբրեւ հետեւանք՝ սփիւռքահայը «բնիկ հայ» չէ, այլ «արտասահմանցի»:

«Փրոլեկոմենոն»ին կարեւոր նիւթերէն մէկն է նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցիին քաղաքական դիրքը, ասպարէզը եւ դերը Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ, այսինքն անոր քաղաքական հազարամեայ պատմութիւնը, բոլոր հայ թագաւորութեանց անկումէն եւ 1045ին Անիէն աքսորուելէ ետք: Անվիճելի իրողութիւն է, որ չորրորդ դարու սկիզբէն, Եկեղեցին, միակ շարունակական հաստատութիւնը ամէն տեղ, օրկանական մաս է հայ ժողովուրդին՝ նաեւ ընդհանուր մերձաւոր արեւելեան քաղաքական պատմութեան:

Ինչպէս Տատոյեան կը նշէ, տարօրինակութիւնը այն է, թէ հակառակ այս իւրայատկութեան, Եկեղեցիին քաղաքական պատմութիւնը չէ արժանացած պատմագիտական լուրջ սերտողութեան: Եկեղեցիին պատմութեան նուիրուած սակաւաթիւ գործերը ունին հազիւ թէ անուղղակի տեղեկութիւններ: Այս հաստատութիւնը եւ իր մարդիկը մեկուսացուած են իբրեւ գերազանցապէս «հոգեւոր» եւ ոչ-քաղաքական երեւոյթներ եւ նիւթեր: Նեղ եւ ժամանակավրէպ յարացոյցներ պատճառած են բազմաթիւ այլ վրիպանքներ:

Ուրեմն, մատենաշարը նաեւ կը փորձէ սրբագրել կացութիւնը: Առաջին երկու հատորներուն մէջ Շնորհալին եւ Օձնեցին կը ներկայացուին իբրեւ «սուրբ եւ դիւանագէտ» (saint and dipolomat) ընդգծելով Տատոյեանի տրամագծօրէն տարբեր դիրքը։

Տատոյեան կը կատարէ յարացոյցներու այլ յեղաշրջում մը (paradigm shift) ենթադրուած «հայկական գաղափարաբանութենէ» մը (assumed Armenian Ideology), «հայկական ռէալփոլիթիք»ի (Armenian realpolitik): Իրենց միջնաշխարհեան կացութեան մէջ, այսինքն հակամարտ ու հզօր կայսրութեանց եւ ուժերու միջեւ, Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ հայոց ե՛ւ եկեղեցիին պայմանները չէին արտօնէր անկախ ընտրութիւններ եւ համապատասխան գործունէութիւն: Այսինքն չունէին առանձնաշնորհեալ վիճակ մը հակառակ ամէն բանի հետեւելու «ազգային գաղափարաբանութեան» մը, որ տեսականօրէն իսկ՝ վերացական յարացոյց մըն է, որոշ պարագաներու բերմամբ: Տատոյեան կը բացատրէ թէ իբրեւ գործօն տարրեր իրենց գտնուած վայրերուն մէջ, իրենց հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդներով եւ հաստատութիւններով, հայերը կը գտնուէին ահաւոր ճնշումներու եւ վտանգներու տակ, եւ պէտք էր որ գոյատեւէին: Հոսկէ` «հայկական ռէալփոլիթիք»ը:

Թէեւ հայկական ռէալփոլիթիքի տեսութիւնը կը փոխարինէ մնայուն եւ շարունակական գաղափարաբանութեան յարացոյցը, անիկա միաժամանակ կը պահէ ազգային ինքնութեան մը սկզբունքայնութեան կեդրոնական դերը Արեւմտահայ Աշխարհին պարագային: Այլապէս, այսօր գոյութիւն պիտի չունենային հայեր: Այս ուղղութեամբ կան բազմաթիւ դրուագներ «Փրոլեկոմենոն»ին մէջ:

Իրողապէս, այս «հայկական ռէալփոլիթիք»ի յարացոյցը միակն է, որ կը բացատրէ Արեւմտեան Հայաշխարհին տակաւին անգիր պատմութիւնը: Սակայն աւանդական պատմագրութեան, նաեւ՝ այսպէս կոչուած «առարկայական» պատմաբաններուն համար այս յարացոյցը խնդրական է որովհետեւ ամբողջովին կը ջրէ ցարդ առաջարկուած հայկական «ինքնուրոյն» գաղափարաբանութեան մը, մտածելակերպի եւ գործելակերպի մասին առկայ պարզաբանական տեսանկիւններն ու պատումները: Տատոյեան կ՛ըսէ, թէ բոլոր մակարդակներու եւ մարզերու մէջ հայերու կարծր գործնապաշտութիւնը (pragmatism), ներառեալ՝ Եկեղեցիին եւ եկեղեցականներու պարագային, կը հերքէ վերացական եւ քարացած գաղափարը վաւերական ու մնայուն հայկական ինքնութեան եւ գաղափարաբանութեանց: Փոխարէնը, բացատելու համար Արեւմտեան Հայաշխարհի հազարամեայ պատմական եղափոխութիւնը, Տատոյեան կ՛առաջարկէ նկատի առնել փոխյարաբերութեանց ուժական (dynamic) կերպերը, գոյատեւման շարժուն եւ եռանդուն միջոցները, յարատեւ գաղթի եւ մշակութային զարգացումի գործընթացները (processes)։

Արեւմտեան Հայաշխարհը գոյացաւ եւ զարգացաւ Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն փոթորկոտ սակայն հարուստ, բաղձալի եւ գեղեցիկ մասերուն մէջ եւ տարբեր ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ հաւատքներու միջեւ «հայոց ռէալփոլիթիք»ի՛ն շնորհիւ, ոչ թէ միջնադարեան ենթադրեալ գաղափարաբանութեան մը: Հայեր եւ իրենց հաստատութիւնները պէտք էր որ դաշնակցէին կամ պայքարէին տարբեր կողմերու հետ, միաժամանակ որդեգրելով կամ մերժելով ինչ որ նպաստաւոր էր կամ չէր իրենց գոյատեւման համար: Արեւմտեան Հայաշխարհին ամբողջ պատմութեան մէջ դժուար է գտնել պարագայ մը ուր գոյատեւումը եւ իշխանութիւնը զոհուած են գաղափարի համար: Միշտ ալ գտնուած են խուսափելու եւ շրջանցելու կերպեր եւ դիւանագիտութիւն: Շնորհալին օրինակ մըն է: Սակայն, ինչպէս Տատոյեան կը շեշտէ ուղղակի պարագաներով, երբեք չեն կորսուած ազգային աւանդութիւնները եւ հաւատքը, մանաւանդ ինքնագիտակցութիւնը՝ ամէնէն աննպաստ միջավայրերու մէջ անգամ:

Արեւմտեան Հայաշխարհն էր դաշտը եւ ենթական տասնըիններորդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ յաջորդ դարու առաջին քսանականները եղերական դէպքերուն: Սակայն, հակառակ ամէն բանի, անիկա ոչ միայն չանհետացաւ, այլ գոյատեւեց եւ մեծցաւ ու համաշխարհայնացաւ: Հոս է Տատոյեանի պատմագիտական վերլուծումին ուղղակի կարեւորութիւնը: Դժբախտաբար, կը գրէ ան, Եղեռնի ուղղակի եւ անխուսափելի արդիւնքներէն մէկը ան էր, որ «մահուան եւ յարութեան» դասականացած պատկերները ոչ միայն նորոգուեցան, այլ ստացան զանգուածային համեմատութիւններ: Ջարդերը, տեղահանութիւնները եւ աքսորը անխուսափելիօրէն թարգմանուեցան տարբեր արուեստներուն մէջ: Ազգային ողբերգութեան պատումներու շրջանակը (the national cycle of narratives) եղաւ վաւերականութեան չափանիշը: Պատմագրութիւնը իր կարգին աւելի եւս յարեցաւ կեդրոն-շրջամասի յարացոյցին, որովհետեւ շրջամասը գրեթէ կորսուելու վտանգի մէջ էր իսկ հայրենիքը՝ 1918ին յարութիւն առած դարաւոր մթագնումէ ետք: Ուրեմն, աւելի քան դար մը ետք, եւ աւելի քան երբեք, Հանրապետութիւնը ինքզինք կը նկատէ կորիզը հայկական ընդհանուր «մեթափոլիս»ին, եւ միակ «գանձատուն»ը՝ անոր քաղաքական, մշակութային եւ նիւթական կարելութիւններուն: Այս հասկացողութեան արտայայտութիւնները տառացիօրէն ամէն տեղ են: Հայրենիք-Սփիւռք յարացոյցը պատմագիտական վերլուծումէ զերծ է այլեւս եւ եղած դիւանագիտութիւն մը, ինքնին՝ նոր մշակոյթ մը իր բոլոր ժխտական ու դրական երեւոյթներով եւ հետեւանքներով:

Մատենաշարին Շնորհալիի նուիրուած հատորին առաջին էջին վրայ Տատոյեան կը գրէ. «Ինչպէս որ գիտութիւնը՝ նոյնպէս ալ անգիտութիւնը կարեւոր ազդակ է… Յաճախ մարդիկ կը կատարեն թիւր դատողութիւններ եւ արարքներ անգիտութեան պատճառով: Ճիշդ գործունէութիւնը կը սկսի ճիշդ ինքնաճանաչումէ եւ գիտութենէ: Սեփական պատմութեան ճանաչողութիւնը անհրաժեշտ է անհատական եւ՛ հաւաքական մակարդակներու վրայ: Այս հատորը… փորձ մըն է ինքնաճանաչումի, սակայն նոր եւ տարբեր դիտանկիւնէ եւ մակարդակի վրայ: Նպատակն է այսպէս կոչուած ակադեմական նիւթեր ոչ միայն մատչելի դարձնել, այլ իմաստալի եւ գործադրելի»:

ԱՄՓՈՓՈՒՄ ՄԸ ՀԱՏՈՐԻՆ ՉՈՐՍ ՄԱՍԵՐՈՒՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՓԱՍՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

  – Առաջին. Սկզբնաւորութիւններ Տասներորդ Դարուն Եւ Անկիւնադարձներ

Այս մասը համառօտ կերպով կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաշխարհին կազմաւորման հանգրուանները տասներորդ դարու կէսէն ետք եւ յաջորդին ընթացքին: Նկատի կ՛առնուի Հայաստանի արեւմտեան եւ հարաւային կողմի մեծ շրջանը, Կապադովկիայի, Սեւ եւ Միջերկրական ծովերու միջեւ, ներառեալ Կիլիկիան: Շրջանային եւ հայկական պայմանները ստեղծեցին նպաստաւոր միջավայր մը նոր հայաշխարհի մը կազմաւորումին ի նպաստ: Տատոյեանի առաջին փաստարկումը յառաջաբանին եւ առաջին մասին մէջ հետեւեալն է․ «Եթէ հայոց պատմութիւնը պատմութիւնն է բոլո՛ր հայոց ամէն տեղ, ուր որ գտնուած են եւ կը գտնուին, անիկա պէտք է որ բացատրէ բոլո՛ր դրուագներն ու հարցերը ամէն տեղ եւ բոլոր ժամանակներու մէջ»: Այս չէ կացութիւնը պատմագրութեան մէջ: Իրողապէս, Տատոյեան ստուգած, յաճախ պեղած արաբական աղբիւրներէ այնպիսի պարագաներ, որոնք արմատապէս կը հակադրուին եւ կը ջրեն ընդունուած ընթացիկ յարացոյցներն ու պատումները: Անիկա կը բացատրէ թէ գոյութիւն ունին բազմաթիւ անհամեմատութիւններ (discrepancies), «սեւ խոռոչներ» (black holes) եւ պատմագիտական սխալներ: Ուրեմն, իբրեւ առաջին քայլ՝ Տատոյեան կ՛առաջարկէ փոխարինել աւանդական ու ընթացիկ յարացոյցները, մանաւանդ՝ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաշխարհներու, կեդրոնի եւ շրջամասի ապա սկսիլ ուղղակի եւ հիմնաւորուած պարագաներէ, իբրեւ հակա-պարագաներ (counterpoints), հասնելու համար աւելի իրական-ապրուած պատմութեան մը:

 – Երկրորդ. Թագաւորական Եռանկիւնը Կամ Երկրորդ Թագաւորական Դարը – Տասնըերկրորդէն Տասնըչորրորդ Դարեր

Այս մասին մէջ Տատոյեան կը ներկայացնէ իր գլխաւոր տեսութիւններէն՝ Հայկական Միջնարարի տեսութիւնը (The Armenian Intermezzo): Միջնարարը՝ երկու դարերու միջոցն է վերջին թագաւորութեան, Բագրատունեաց անկումին (1045) եւ Կիլիկիոյ մէջ թագաւորութեան մը հաստատումին (1199). Այս մասին մէջ է Տատոյեանի կարեւոր գիւտերէն եւ թէզերէն մէկը, «Կիլիկիան եւ Թագաւորական Եռանկիւնը կամ կամ Երկրորդ Թագաւորական Դարը» գլուխը։

Հայկական Միջնարարի տեսութիւնը Տատոյեանի պատմագիտական աշխատանքին մէջ կը վերաբերի շատ կարեւոր երեւոյթի մը թէ՛ հայոց պատմութեան եւ թէ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեանց մէջ։ Ճիշդ է որ հայեր կորսնցուցին իրենց ինքնիշխանութեան բոլոր հաստատութիւնները եւ հողերը, սակայն չկորսնցուցին իրենց քաղաքական հետաքրքրութիւնները եւ անշուշտ պահանջները եւ շահերը: Հակառակը ճիշդ է, որովհետեւ հոն էր իրենց գոյատեւման յոյսը ամբողջ շրջանին մէջ: Իրողապէս աւելցաւ հայոց քաղաքական ու զինուորական եռանդն ու հետաքրքրութիւնը իսլամական աշխարհին մէջ եւ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մասնակցութեամբ: 1060էն 1080, Տատոյեան կը վերբերէ հինգ հայկական իշխանապետութիւններ, երեքը՝ արեւելեան Փոքր Ասիոյ մէջ, չորրորդը՝ Սուրիա եւ Պաղեստին, հինգերորդ եւ ամէնէն նշանաւորը ֆաթիմիական Եգիպտոս: Բազմաթիւ հայ զինուորական դէմքեր եւ ամբողջ համայնքներ գործօն էին շրջանին մէջ յոյներու, լատին խաչակիրներու, արաբներու, քիւրտերու, սելճուքներու, մոնկոլներու եւ մամլուքներու հետ: Այսինքն Միջնարարին երկու դարերը Արեւմտեան Հայաշխարհին ամէնէն գործօն ժամանակներն էին եւ, ինչպէս Տատոյեան կը շեշտէ, Հայկական Կիլիկիան (1080-1375), Արեւմտեան Հայաշխարհի ամէնէն ուժեղ եւ երկարատեւ քաղաքական միաւորը, այ՛ս պայմաններուն արդիւնքն էր եւ ոչ թէ աստուածային պարգեւ մը կամ հերոսական-առասպելական երեւոյթ մը:

 – Երրորդ. Ուղղափառութեան Եւ Ինքնութեան Խնդրականութիւններ․ Պետութիւն Եւ Եկեղեցի Կիլիկիոյ Մէջ

Այս մասը կը կեդրոնանայ Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ գոյատեւման առընչուած հաստատութենական խնդրականութեանց (problematics): 1045ին Անիէն աքսորուելէ աւելի քան դար մը ետք է որ Հայոց կաթողիկոսութիւնը հաստատուեցաւ Հռոմկլա, Զանգի-Սելճուք հողի վրայ, Կիլիկիոյ արեւելեան սահմանին վրայ (մինչեւ Մամլուք արշաւանքը եւ առումը 1293ին ապա՝ Սիս մինչեւ 1915): Տատոյեան կ՛ընդգծէ թէ Կիլիկիոյ մէջ երեք դարերու ընթացքին քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները կը գտնուէին քաղկեդոնական եւ լատին ծայրայեղ ճնշումներու տակ: Ուրեմն, պէտք էր հաւասարակշռել ինքնավարութիւնն ու ուղղափառութիւնը, նաեւ՝ համապատասխան հաստատութիւնները, այսինքն կիլիկեան իշխանապետութիւնը (principality, barony) ապա՝ թագաւորութիւնը մէկ կողմէ, եւ Եկեղեցին միւս կողմէ:

Հայկական Կիլիկիոյ երեք դարերուն ընթացքին (1080-1375) իշխեցին քսանըերկու կաթողիկոսներ եւ նոյն թիւով քաղաքական առաջնորդներ, ինը մեծ իշխան, տասնըերեք թագաւոր: Տատոյեան կազմած է տախտակ մը ընդհանուր պատկերին: Կը խօսի կարեւոր դէպքերու մասին, նաեւ կապուած եկեղեցական միութեան, եւ ժողովներու: Ան կը վերլուծէ խնդրականութիւններ կապուած Հայ եկեղեցիին եւ հաւատքին ուղղափառութեան եւ ազգային ինքնութեան ու գերիշխանութեան պահպանումին: Երրորդ մասին մէջ է նաեւ կարեւոր գլուխ մը 1441ի շարժումին մասին, ուր Տատոյեան կու տայ նոր եւ տարբեր տեսանկիւն մը դէպքին ըստ պատմագիտական պայմաններուն, հեռու հարցին քաղաքականացած եւ յաճախ թիւր հասկցուած տարբերակներէն:

 – Չորրորդ. Արեւմտեան Հայաշխարհին Միջնաշխարհեան Մշակոյթը. Միջնադարէն Դէպի Կանուխ Զարթօնք Ուղին

Այս մասը նուիրուած է Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ եւ անոր պայմաններուն շնորհիւ, միջնաշխարհեան մշակոյթի զարգացումին, ապա Արծաթէ դարուն տանըերկրորդ դարուն: Տատոյեան նաեւ բաւական լայն տեղ տուած է Կիլիկեան մշակոյթի անմիջական ազդակ երկու դէմքերուն՝ Գրիգոր Նարեկացիին եւ Գրիգոր Մագիստրոսին: Կայ գլուխ մը նուիրուած Երզնկայի՝ այս ամէնէն միջնաշխարհեան հայկական միաւորին մշակոյթին տասնըերրորդ եւ տասնըչորրորդ դարերուն: Տատոյեան շատ համառօտ կերպով կը գրէ Յովհաննէս Երզնակցիի (իր մասնագիտութիւններէն) եւ Կոստանդին Երզնկացիի մասին: Մշակութային այս երեւոյթներն են որ յառաջացուցին Կանուխ, Նախա-Զարթօնքը Արեւմտեան Հայաշխարհին մէջ:

https://asbarez.am/archives/504461

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ