Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի միացեալ նախաձեռնութեամբ, մայիս 25-ին կայացաւ Զարեհ Խրախունիի «100 բանաստեղծութիւն» խորագրով ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Գիրքը լոյս տեսաւ պոլսահայ անուանի բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակին առիթով եւ ընդգրկեց անոր տարբեր տարիներու լոյս տեսած ժողովածուներէն ընտրուած հարիւր բանաստեղծութիւն: Ժողովածուն կազմեց բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանը:
Շնորհահանդէսին առիթով Հայաստան եկան Զարեհ Խրախունիի դուստրը եւ ամուսինը` Նորա եւ Ալեն Համբարձումեանները, ինչպէս նաեւ որդին` Հարօ Ճիւմպիւշեանը եւ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի փոխխմբագիր Նայրա Մկրտչեան-Սիւզմէնը:
Ձեռնարկը վարեց «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեանը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլիթ Մկրտչեան: Ան ներկաները ողջունելէ ետք նշեց, որ համալսարանի մշակութային-գրական կեանքին մէջ նշանաւոր օր մըն է, որովհետեւ պատիւ ունին համալսարանի յարկին տակ հիւրընկալելու Խրախունի ընտանիքը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ կարեւոր նկատեց Համազգայինի հետ սերտ համագործակցութիւնը, որ ծնունդ տուած է շարք մը գիրքերու եւ ձեռնարկներու, որոնք ցարդ կը շարունակուին:
Փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան իր խօսքին մէջ արժեւորեց գրողին անցած ուղին` նշելով. «Շա՜տ ու շատ բանաստեղծներ կ՛երազէին Զարեհ Խրախունիի պէս ճամբայ կտրել: Առիթով մը ան ըսաւ, որ մարդու կենսագրութիւնը իր անցեալն է: Միայն փոքր եւ մեծ յաւելումներ կրնան ըլլալ, որովհետեւ մարդը կը շարունակէ ապրիլ: Այսօր ես կ՛ըսեմ` Խրախունի իր ժողովածուներով կը շարունակէ ո՛չ միայն ապրիլ մեր մէջ, այլ միաժամանակ` մեզ յաջորդող սերունդին ուղղութիւն տալով: Ամբողջ իմացական կեանքի ընթացքին Խրախունի բանաստեղծական ապրումը կու տար երկունքի խորհուրդով…»:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Խրախունի իր ստեղծագործութիւններով նոր էջ բացաւ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ: Անոր իւրաքանչիւր գործը մեզի կը պատմէ ո՛չ միայն գրողին անցած ճանապարհին մասին, այլեւ կը տանի մեր ազգային ճակատագրի հետքերով: «Լեռը» բանաստեղծութեան մէջ Խրախունի ինքնութեան արժէք կը փոխանցէ եւ կը յուշէ, որ լեռը մեր ինքնութեան խորհրդանիշն է եւ ան աւելի բարձր է, քան մենք, իսկ մենք մնայուն պէտք է բարձրանանք եւ հասնինք անոր գագաթին…»:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, արտասանելով Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքը` կարեւորութեամբ շեշտեց. «Մեր գրական աշխարհին համար Խրախունի կարելի է համարել երեւոյթ: Առհասարակ պետութիւնները անմահութեան երթի մէջ գտնուող իրենց գրողներուն ստեղծագործութիւնները պարբերաբար կը տպագրեն, որովհետեւ հասարակութիւնը անընդհատ պէտք է սնուցանել սեփական արժէքներով: Նկատեցի, որ Խրախունիի գործերը հայրենիքի մէջ հրատարակուած են 2010 թուականին: Եւ այսօր` 16 տարի ետք, Համազգայինը անոր խօսքը` նոր հատընտիրի տեսքով, կը նուիրէ ընթերցողին»:
Շնորհահանդէսի ընթացքին խօսք արտասանեցին նաեւ` գրողի ընկեր, հասարակական գործիչ Կարօ Աբրահամեանը, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի ղեկավար Աշոտ Գալստեանը, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր Նայրա Մկրտչեան-Սիւզմէնը, ինչպէս նաեւ` դերասան Արամ Կոստանեանը, որ կարդաց պատառիկներ Խրախունիի ստեղծագործութիւններէն:
Բանաստեղծին դուստրը` Նորա Համբարձումեան, ընտանիքին անունով շնորհակալական խօսք արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ յայտնեց, որ շատ յուզուած է հայրենիքի մէջ այսպիսի անկեղծ եւ ջերմ շնորհահանդէսով` Խրախունի արժեւորելնուն համար:
Շնորհահանդէսի աւարտին բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աելիտա Դոլուխանեան նշեց, որ հայագէտ Ժան Փիեր Մահեն բարձրօրէն գնահատած է Խրախունին` Հայաստանի նուիրուած իր հրաշալի գիրքին մէջ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Պարոյր Սեւակի նման մեծերու կողքին դասելով զինք:




Leave a Reply