Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
Սալթի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ տեղաւորուած Քեսապի տարագիր հայութիւնը գոյութեան շատ դժուարին պայմաններ կը դիմագրաւէր: Սովը եւ հիւանդութիւնները ամէն օր նորանոր զոհեր կը խլէին: Սովը ոմանք խելացնոր վիճակի հասցուցած էր:
Ուտելիք բան մը գտնելու համար մարդիկ դաշտերը կը շրջէին, բայց յաճախ բան մը չէին կրնար գտնել:
Առաւօտները յաճախ մեծ ու պզտիկ կը հաւաքուէին եւ դէպի արեւելք դառնալով, խաչակնքելով կ՛աղօթէին եւ հաց ու փրկութիւն կ՛աղերսէին:
Անգամ մը օրերէ ի վեր անօթի մնացած խումբ մը տղաք դաշտերը ելան` բան մը գտնելու եւ ուտելու համար: Անոնք սկսան հաւաքել ինչ որ կրցան ձեռք ձգել: Տեղացիք վրայ հասան եւ գաւազանները ճօճելով շրջապատեցին զանոնք: Տղաքը սկսան աղաչական կերպով նայիլ անոնց: Արաբները իրարու ըսին. «Ասոնք անօթի խեղճեր են: Որդնոտած ուտելիք տանք իրենց: Եթէ ուտեն, ուրեմն իրապէս սոված են: Եթէ չուտեն, այն ատեն կը ծեծենք»: Տղոցմէ մէկը, որ արաբերէն կը հասկնար, ընկերներուն ըսաւ. «Աւելի լաւ է որդնոտած ուտելիք ուտենք, քան թէ ծեծ ուտենք»:
Յորդանանի հովիտին մէջ, Ղորի շրջանը ցածրադիր է եւ ցորենի դալար արտերը հոն մարտին կը սկսին դեղնիլ: Հունձքի ժամանակ գաղթականները մինչեւ այդ կողմերը կ՛երթային եւ հասկաքաղ կ՛ընէին:
* * *
Գերդաստաններու մեծերը, հասկցող մարդիկ, օր մը հաւաքեցին ընտանիքներու տղամարդիկը եւ անոնց ըսին, որ պէտք է իրենց կամքը յայտնեն եւ աւանդը փոխանցեն: Քեսապ մնացած իրենց պապենական հողերուն, ինչքերուն համար իրենց զաւակներուն, թոռներուն իւրաքանչիւրին բաժինը պէտք է յստակացնէին եւ կտակ ընէին:
Երիտասարդներէն, հոսկէ հոնկէ ձայներ բարձրացան. «Մենք ուր, Քեսապ վերադառնալը ուր»: Մեծերը ըսին, որ միշտ հաւատքի մէջ պէտք է զօրաւոր մնալ եւ պէտք չէ յուսահատիլ: Ճիշդ է որ այսօր անհնար կը թուի վերադարձի հաւանականութիւնը, բայց օր մը անպայման, անխուսափելիօրէն պայմանները պիտի փոխուին: Պէտք է վերադարձի յոյսով ու հաւատքով գօտեպնդուիլ:
Այսպիսով մեծերը իրենց նուիրական կամքն ու աւանդը նոր սերունդին փոխանցեցին:
* * *
Պատերազմը սաստկացած էր: Բրիտանական բանակը Սինայի թերակղզիին մէջ իրերայաջորդ գօտեմարտերէ ետք, ծանր հարուած տուած եւ նահանջի մատնած էր օսմանեան բանակը: Բրիտանական բանակը յառաջխաղացքը շարունակելով հասաւ Ռաֆահ: Կազայի մէջ 1917 մարտ 26-ին արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան:
Պաղեստինի ճակատը ճեղքելու նոր փորձով մը անգլիական եւ ֆրանսական զօրքերը 17 ապրիլ 1917-ին լայնածաւալ յարձակողական մը շղթայազերծեցին Կազայի վրայ: Կատաղի եւ արիւնահեղ գօտեմարտերը շարունակուեցան մինչեւ ապրիլ 19: Օսմանեան եւ գերմանական բանակներու ուժեղ դիմադրութեան առջեւ անգլիական հրամանատարութիւնը հրահանգեց դադրեցնել յարձակումը:
Երուսաղէմը գրաւելու առաջադրանքով բրիտանական զօրագունդեր եւ անոնց միացած եգիպտական զօրքեր 17 նոյեմբեր 1917-ին լայնածաւալ յարձակողականի անցան: Ճակատը կ՛երկարէր Միջերկրականէն մինչեւ Եաֆայի հիւսիսը եւ Յուդայի բարձունքները: Մինչեւ նոյեմբեր 24 կռիւները Նապի Սամուէլի շուրջ կեդրոնացած էին:
Դեկտեմբեր 1-ին անգլիական եւ եգիպտական ուժերը հասան Երուսաղէմի դռները: Արիւնահեղ գօտեմարտերէ ետք դեկտեմբեր 9-ին բրիտանական եւ եգիպտական առաջին ջոկատները մտան Երուսաղէմ:
Երուսաղէմի մէջ եւ շրջակայքը թրքական եւ գերմանական ուժերու բուռն դիմադրութիւնը կը շարունակուէր: Դեկտեմբեր 26-ին անոնք պաշարուեցան: Չորս օր ետք, դեկտեմբեր 30-ին քաղաքը ամբողջականօրէն բրիտանական եւ եգիպտական ուժերու հակակշիռին տակ անցաւ: Երկու կողմերն ալ ծանր կորուստներ տուին:
* * *
Պատերազմի ճակատը հասաւ Յորդանան գետի ափերը: Երուսաղէմի գրաւման լուրը արագ տարածուեցաւ: Բերնէ բերան կը խօսուէր. «Ինկիլիզը Երուսաղէմ հասած է»: «Ինկիլիզը մօտեցած է»:
Սալթի, Ամմանի եւ շրջակայքին մէջ թրքական եւ գերմանական զօրքերու տեղաշարժեր եւ զինուորական կեդրոնացումներ կը կատարուէին: Հեռուէն, ռմբակոծումներու ձայները կը հասնէին մինչեւ Սալթ:
* * *
Անդրյորդանանը գրաւելու առաջադրանքով բրիտանական, աւստրալիական եւ նորզելանտական ստուար ուժեր կեդրոնացան Յորդանան գետի արեւմտեան ափերուն: Այդ ուժերը կը գտնուէին զօրավարներ Ալենպիի, Չեթուոտի, Սըր Ճոն Շէայի եւ Սըր Էտուըրտ Չէյթըրի հրամանատարութեան տակ:
Բրիտանացիք միաժամանակ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք տրամադրեցին Մեքքէի իշխան շերիֆ Հիւսէյնի: Շերիֆ Հիւսէյն Մեքքէի մէջ արաբներու անկախութիւնը հռչակած էր, որմէ ետք Արաբիոյ թագաւոր եւ հաւատացեալներու հրամանատար տիտղոսը առած էր:
Արաբական զօրքերը, որոնք գլխաւորաբար Հիճազի արաբական ցեղախումբերէն կազմուած էին, Ամմանէն հարաւ տարածուող գօտիին մէջ կեդրոնացած էին:
Թրքական եւ գերմանական խառն սպայակոյտը վեց հազար զինուոր եւ 15 թնդանօթ կեդրոնացուցած էր Ամմանի եւ շրջակայքին մէջ: Այդ ուժերը կը գտնուէին զօրավար Լիման ֆոն Զանտերսի եւ Ասէմ փաշայի հրամանատարութեան տակ: Թուրքերուն կողքին կային նաեւ արաբական փոքրաթիւ ուժեր, որոնք կը գտնուէին Եասին Հաշէմիի հրամանատարութեան տակ:
Բրիտանական, աւստրալիական եւ նորզելանտական ուժերը 21 մարտ 1918-ի առաւօտուն լայնածաւալ եւ արագ յարձակողական մը շղթայազերծելով անցան Յորդանան գետը եւ արագօրէն յառաջանալով ու գրեթէ առանց դիմադրութեան հանդիպելու մարտ 24-ին հասան Սալթ եւ յաջորդ օր իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առին քաղաքը եւ շրջակայ գիւղերը:
Քեսապցի գաղթականները, որոնք քանի մը օրէ ի վեր պատերազմական թէժ գօտիի մէջ կը գտնուէին, իբրեւ ազատարարներ դիմաւորեցին անգլիացիները:
* * *
Մինչ անգլիական ուժերը Սալթ կը մտնէին, Ուատի Ֆարայի օսմանեան ուժերը շարժման անցան եւ Խըրպէթ Ֆարուայէն ու Ճսըր Տամիէէն յառաջանալով դիրքեր բռնեցին Ամմանէն հարաւ տարածուող գօտիին մէջ:
Իրենց կարգին բրիտանական, աւստրալիական եւ նորզելանտական ուժերը Սալթէն յառաջանալով մարտ 27-ի առաւօտուն յարձակման անցան Ամմանի վրայ: Անոնց օգնութեան փութացին արաբական զօրքերը: Թրքական եւ գերմանական զօրքերը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին, նեղ կացութեան մատնելով յարձակող ուժերը:
Մարտ 29-ի յետմիջօրէին Նապլուսի մէջ կեդրոնացած թրքական զօրքերը անցան Յորդանան գետը եւ յարձակման անցան բրիտանացիներու ձախ (հիւսիսային) դիրքերուն վրայ: Բրիտանացիներու դիրքերը տկարացան եւ շրջափակման ենթարկուելու վտանգին դէմ յանդիման գտնուեցան: Նոյն ժամերուն գերմանական նոր ուժեր ճակատ հասան, որոնք թրքական ուժերուն միանալով շարժեցան դէպի Նահր Զարքա:
* * *
Մարտ 30-ին օսմանցի 1800 զինուորներ հակայարձակման անցան Սալթի վրայ: Նոյն ժամերուն, Ամմանի դուռերուն հասած բրիտանական, աւստրալիական եւ նորզելանտական ուժերը ջախջախուեցան եւ 1348 զոհ տալէ ետք խուճապահար փախուստի դիմեցին:
Թրքական եւ գերմանական նոր ուժեր ճակատ հասան: Գերմանացիք միաժամանակ պատերազմական օդանաւեր հանեցին: Երուսաղէմէն Նապլուս ճամբան եւ Ճսըր Տամիէ անխնայ կը ռմբակոծուէին ցամաքէն եւ օդէն: Գերմանացիք եօթը անգամ փորձեցին քանդել կամուրջը եւ կտրել բրիտանացիներու նահանջի գիծը, բայց չյաջողեցան:
* * *
Սալթի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ գլխաւորաբար քեսապցի եւ նաեւ կիւրինցի եւ այլ գաւառներէ գաղթականներ ապաստան գտած էին: Բրիտանացիք լուր տուին հայերուն, որ իրենց բոլոր դիրքերը խորտակուած ըլլալով պիտի նահանջեն եւ թելադրեցին անոնց հետեւիլ իրենց:
Գաղթականներուն մէջ սկսաւ աննկարագրելի խուճապը: Ով ինչ կրցաւ առնել` փութով հաւաքեց եւ կրնկակոխ հետեւեցաւ հեռացող բանակին: Մարտ 30-էն 31 լուսցող գիշերուան ընթացքին թրքական բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առաւ Սալթը:
Նահանջող զօրք եւ գաղթականներ արագ կը շարժէին, որովհետեւ թուրքեր մէկ ժամէն միւսը կրնային հասնիլ իրենց:
Երիտասարդներ շալկեցին տարեցներն ու անկարողները, որպէսզի չդանդաղին եւ ճամբան չմնան: Փամփուշտները կը սուրային աջ ու ձախ, թնդանօթները կը գոռային, բարձրէն գերմանական օդանաւեր կը ռմբակոծէին ճամբաները, իսկ բանակ եւ գաղթականներ կը շարունակէին ճանապարհը: Զարնուողը, սայթաքողը, անկարողը կ՛իյնար եւ ոչ ոք հնարաւորութիւն ունէր դանդաղելու: Ղորի ճամբուն վրայ էին, երբ գերմանական օդանաւերու ռմբակոծումը սաստկացաւ: Անգլիացիք թելադրեցին գաղթականներուն` գետին պառկիլ եւ սպասել:
Խուճապահար գաղթականները անցան Յորդանան գետը, որմէ ետք հանգչելու առիթ տրուեցաւ, որովհետեւ այլեւս վտանգը անցած կը նկատուէր:
Ապրիլ 2-ին թրքական եւ գերմանական զօրքերը հասան Յորդանան գետը:
Նշենք, որ նոյն օրերուն, հայերուն հետ միաժամանակ Սալթէն եւ շրջակայքէն գաղթեցին պետեւի քանի մը ցեղախումբեր, որոնք անգլիացիներու դաշնակիցներն էին:
* * *
Գաղթական ժողովուրդին մէկ փոքր հատուածը չէր յաջողած անգլիական բանակի նահանջէն առաջ հեռանալ Սալթէն: Ոմանք ալ ճամբայ ելած էին, բայց չէին կրցած անցնիլ Յորդանան գետը:
Քանի մը օր ետք, Սալթի եւ գիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Յորդանան գետի ափերուն մնացած բոլոր հայերը թուրքերուն կողմէ սուրի քաշուեցան:
Նշենք, որ անգլիացիք Անդրյորդանանի ուղղութեամբ երկրորդ յարձակողական մը շղթայազերծեցին ապրիլ 30-ին եւ մայիս 4-ին հասան Սալթի շրջակայքը:




Leave a Reply