Կիպրոսի թուրքերը ջնջած են դէպի Մակարավանք ուխտագնացութիւնը

Բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի չճանչցուած թրքական իշխանութիւնները վերջին պահուն ջնջած են Կիրենիոյ շրջանին մէջ գտնուող 11րդ դարու Սուրբ Մակար հայկական վանք նախատեսուած ուխտագնացութիւնը, թէեւ համապատասխան փաստաթուղթերը երեք ամիս առաջ ՄԱԿի միջոցով ներկայացուած էին անոնց։

Կիպրոսի խորհրդարանի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան Cyprus Mail-ին յայտնած է, որ նախ համայնքին հաղորդուած էր, որ ուխտագնացութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ Կիրակի, սակայն երկու օր ետք լուր տրուած է, թէ արտօնութիւնը յետս կոչուած է՝ «գրասենեակային սխալ»ի մը պատճառաբանութեամբ։

Այս որոշումը կը խզէ աւանդութիւն մը, որ աստիճանաբար վերականգնուած էր վերջին երկու տասնամեակներուն։ «Քովիտ 19»ի համաճարակէն առաջ ուխտագնացութիւնը տեղի կ՛ունենար ամէն տարի։

Ըստ Մահտեսեանի՝ արդէն իսկ ապահովուած էին հանրակառքերը, եւ շուրջ 60-70 հոգի արձանագրուած էին ուխտագնացութեան մասնակցելու։ Ան աւելցուցած է, որ սովորաբար այս ուխտագնացութիւնը կը ներգրաւէ նաեւ արտասահմանէն ժամանած մեծ թիւով հայեր։ Թրքական բռնագրաւման վարչակարգի այսպէս կոչուած «արտաքին գործոց նախարար» Թահսին Էրթուղրուլօղլու Cyprus Mail-ին յայտնած է, թէ արտօնութիւն չէ տրուած վանքին «ֆիզիքական վիճակին» պատճառով, որ ներկայիս կը գտնուի լքուած ու կիսաւեր կացութեան մէջ։

Սուրբ Մակարի վանքի հայկական ուխտագնացութիւնը պատմականօրէն միշտ տեղի ունեցած է ամէն տարուան Մայիսի առաջին կիրակին՝ զուգադիպելով Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Մակար ճգնաւորին նուիրուած տօնին։ 11րդ դարուն հիմնադրուած այս վանքը շուրջ 1425ին անցած է հայոց տնօրինութեան տակ եւ մինչեւ 1974ի թրքական ներխուժումը կը հանդիսանար հայութեան կարեւորագոյն հոգեւոր կեդրոններէն ու ուխտատեղիներէն մէկը՝ Կիպրոսի մէջ։ 

https://asbarez.am/archives/502669

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2026
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ