Բացման խօսքը արտասանեց Հայր Յակոբոս Ծ. Վ. Չօպուրեան։ Ապա գերպ. Տէր Վարդան Գազանճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց իր ուրախութիւնը՝ այս գեղեցիկ ձեռնարկը հիւրընկալելու համար եւ շեշտեց երեք հայ յարանուանութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը որպէս միութեան եւ եղբայրութեան նշան։
Չորեքշաբթի օր 16 ապրիլ 2026-ի ժամը 17.30-ին, Պէյօղլուի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մանուկներու Աստուածաշունչը – Միասին Կարդանք եւ Պատմենք» գիրքին ներկայացումը։
Ձեռնարկը հիւրընկալած էր Գերապայծառ Տէր Վարդան թ.ծ.վ. Գազանճեանի կողմէ, եւ իրենց ներկայութեամբ զայն պատուած էին Պատրիարք Սահակ Բ. Սրբազան Հայրը եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղաբալօղլու։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Աստուածաշունչի Ընկերութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Թամար Կարասուի կողմէ։
Ներկայացման ընթացքին, պատուոյ հիւրն էր Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տոքթ. Հրայր Ճեպեճեան։
Նաեւ ներկայ էին՝ գերյ Հայր Յակոբոս Ծ. Վարդապետ Չօբուրեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վարդապետ Ֆըրաթ, Տէր Յարութիւն քհն. Տամատեան, Տէր Գասպար Կարապետեան, Հայր Գրիգոր Տամատեան, Հայր Սարգիս Գույումճեան, Հայր Գորիւն Ֆեներջեան, Հայր Նարեկ Տեղրմենճեան, Քոյր Գայանէ, Քոյր Հռիփսիմէ, ինչպէս նաեւ համայնքային դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ հայկական մամուլի ներկայացուցիչներ։

«Մանուկներու Աստուածաշունչը – Միասին kարդանք եւ pատմենք» գիրքին ներկայացումը
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Հերա Իսքենտէրօղլու։
Բացման խօսքը արտասանեց Հայր Յակոբոս Ծ. Վ. Չօպուրեան։ Ապա գերպ. Տէր Վարդան Գազանճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց իր ուրախութիւնը՝ այս գեղեցիկ ձեռնարկը հիւրընկալելու համար եւ շեշտեց երեք հայ յարանուանութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը որպէս միութեան եւ եղբայրութեան նշան։
Տոքթ. Հրայր Ճեպեճեան իր խօսքին մէջ տեղեկութիւն տուաւ «Եկէք երեխաներուն հետ միասին կարդանք եւ պատմենք Սուրբ Գիրքը» գիրքին պատրաստութեան ընթացքին մասին։ Ան ընդգծեց իր ոգեւորութիւնը, որ գիրքը իր տեղը պիտի գտնէ համայնքային դպրոցներուն եւ աշակերտներու գրադարաններուն մէջ։
Վերապատուելի Գրիգոր Աղաբալօղլուն եւս խօսք առնելով զգացական կերպով պատմեց իր աշակերտական տարիներուն Աստուծոյ Խօսքին հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումը։ Մինչ Տէր Նարեկ Տեղրմենճեանը շեշտեց երեխաները Աստուծոյ Խօսքին ուղղելու կարեւորութիւնը։
Ծրագրի աւարտին, Պատրիարք Սահակ Բ. Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց գիրքին պատրաստութեան մէջ մասնակցած բոլոր անձերը։
Գիրքի շնորհանդէսին Կարդինալ Աղաճանեան սրահին մէջ հետեւեցաւ թէյի հիւրասիրութիւն։
Թղթակցութիւն Պոլիսէն
https://www.vaticannews.va/hy/church/news/2026-04/hy-presentazione-libro-la-bibbia-dei-bambini.html




Leave a Reply