Կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին, համագործակցութեամբ քաղաքի «Աղքատախնամ այրերու եղբայրակցութեան», 29 մարտին Թեսաղոնիկէի համերգասրահի դահլիճներէն ներս տեղի ունեցաւ գիրքի ցուցահանդէս:
Ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմէր «Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութի պատմութիւնը» գիրքը, որ հայերէնէ յունարէնի թարգմանուած է Սարգիս Աղապատեանին կողմէ: Գիրքին թարգմանութիւնը ունի առանձնայատուկ կարեւորութիւն, քանի որ ան իր մէջ կը պարունակէ խոր պատմութիւն եւ արժէքաւոր վկայութիւններ մեր գաղութներուն անցեալին մասին` նպաստելով այդ ժառանգութեան ծանօթացման եւ պահպանման:
Ձեռնարկին խօսքեր ուղղեցին` քաղաքապետը, Թաղային խորհուրդի ատենապետը եւ համակազմակերպիչ միութեան ատենապետը:
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց` մասնակցութեամբ գիրքի թարգմանիչ Սարգիս Աղապատեանի, գիրքի տպագրութեան պատասխանատու Անտոնիս Սթամուլիսի, ինչպէս նաեւ համալսարանի դասախօս Անկելոս Սիրիղոսի եւ պատմագէտ Լեւոն Տիլսիզեանի: Զրոյցը վարեց լրագրող Փանայոթիս Քրինիս:




Leave a Reply