2022էն՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մեկնարկէն ի վեր, առաջին անգամն ըլլալով Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ոչ թէ նախարար Արարատ Միրզոյեանը, այլ արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը:
Յստակ չէ, որ ինչո՞ւ պաշտօնական Երեւան արտաքին գործոց նախարարի փոխարէն Թուրքիա կը գործուղէ փոխնախարարը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չարձագանգեց այս հարցումին: Կոստանեանի մասնակցութեան մասին «Ազատութիւն»ը տեղեկացած է Անթալիոյ ֆորումի կայքին մէջ հրապարակուած ցանկէն: Ան այս տարի ան Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ:
«Երբ ժամանակը գայ, դեռ մի քանի օր կայ մինչեւ դա, կը տեսնէք՝ ով կը մասնակցի կամ չի մասնակցի», ըսաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հարցով գլխաւոր բանակցող Ռուբէն Ռուբինեանը, որ իր կարգին պիտի չմեկնի Անթալիա, եւ որ 2024ին եւ 2025ին ընկերակցած էր արտաքին գործոց նախարարին։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի կարծիքով՝ ֆորումին փոխնախարարի մակարդակով մասնակցելու Երեւանի որոշումը կրնայ կապ ունենալ ոչ միայն նախընտրական փուլին հետ, այլ նաեւ առհասարակ ըսելիքի բացակայութեան: «Իրականում այդ ֆորումին պսպղան մասնակցութիւնը նախորդ տարիներին իմաստազուրկ էր, որովհետեւ գործնականում Թուրքիան հաշտեցման ու Հայաստանի դէմ իր թշնամական գործողութիւնները վերացնելու որեւէ քայլ չէր անում», դիտել տուաւ ան:
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը 2022էն ի վեր կը պնդէ, որ Թուրքիա պատրաստ չէ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ:
Մանուկեան պնդեց՝ Անգարա որեւէ քայլ պիտի չկատարէ, այնքան ատեն որ Հայաստանը Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները, որոնց կարգին նոր Սահմանադրութեան ընդունումն ու Անկախութեան հռչակագիրէն հրաժարումը, չէ կատարած։
«Բաքւում արդէն կանաչ լոյս վառելու դէպքում է, որ Թուրքիան ինչ-որ քայլեր կը ձեռնարկի, բայց դա դեռ հարց է՝ վերաբերելու է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելուն, սահմանները բացելուն, թէ՞ կաթիլ-կաթիլ է փորձելու ներկայացնել», ընդգծեց Մանուկեան:




Leave a Reply