Պատրիարք Սրբազանը նախ դժգոհեցաւ համայնքային հաստատութիւններու միջեւ իրար մեղադրող դիրքերը եւ նշեց թէ պարոն Տանձիկեանի հարցումը միշտ օրակարգի վրայ է։
Իշխան Էրտինչ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 5 Ապրիլ 2026, Ս. Զատկի Տաղաւարին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ ընդունեց համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներու տօնական շնորհաւորութիւնները։
Նորին Ամենապատուութիւնը, իր շուրջ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանը, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեանը, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանը եւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, քահանայ հայրեր, ժամը 15.30-ին իջաւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահ եւ աղօթքով բացաւ հաւաքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց համայնքային վարիչներու Ս. Յարութեան տաղաւարը եւ տուաւ իր օրհնութիւնը, ապա անդրադարձաւ համայնքային զանազան հարցերու մասին որոնց համար հայրական թելադրութիւններ ըրաւ:
Սրբազան Պատրիարքը յատկապէս շնորհաւորեց «Ակօս»ի հիմնադրութեան 30-ամեակը եւ ապա անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կառավարութեան եւ Մայր Աթոռի միջեւ շարունակուող պայքարին, Իրանի դէմ գործադրուած յարձակումներուն եւ խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին։
Ապա երբ բարձրախօսը փոխանցուեցաւ ներկաներուն, «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Պատրիարքի թերթիս հիմնադրութեան 30-ամեակը շնորհաւորող խօսքերուն եւ բարի մաղթանքներուն համար։ Ապա հարց տուաւ յիշեցնելով թէ Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ կազմակերպուած «Փոքրամասնութիւններու բանախօսութիւն» հաւաքոյթի ընթացքին արտասանած եւ Պատրիարքարանի ու ԷՐՎԱՊ-ի օրինականութիւնը հարցականի տակ դնող խօսքերը ու հարցուց թէ այդ առումով զարգացում մը կա՞յ թէ ոչ։
Տանձիկեան իր հարցումը աւարտեց եւս յիշեցնելով համայնքային հաստատութիւններու ելմտական հաշիւներու մասին Պատրիարքարանին անտեղեակ ըլլալու ուղղեալ դժգոհութիւնը։
Պատրիարք Սրբազանը նախ դժգոհեցաւ համայնքային հաստատութիւններու միջեւ իրար մեղադրող դիրքերը եւ նշեց թէ պարոն Տանձիկեանի հարցումը միշտ օրակարգի վրայ է։ Ան նաեւ նշեց թէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու միջեւ հայերը միշտ առաջնատարր դիրքի վրայ են։
«Ակօս»ի խմբագրապետին այս հարցադրումէն ետք Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց թէ ԷՐՎԱՊ-ի կազմին մէջ տնտեսական եւ կալուածներու յանձնախումբերը համագործակցութիւնով կ՚աշխատին։ Շիրինօղլու եւս ակնարկութիւններ ըրաւ համայնքային հաստատութիւններու գործունէութեան մէջ թափանցիկութեան բացակայելուն մասին։ Առանց յստակ թիրախաւորումի պնդեց որ կարգ մը թաղականութիւններ իրենց կալուածներու վարձքերուն մէկ մասը կը գանձեն պաշտօնական եղանակներով, իսկ մէկ մասն ալ անպաշտօն կերպով։
Գարակէօզեան Որբանոցի խնամակալութեան ատենապետ՝ Արթին Քիլեճի ալ Շիրինօղլուի Հիւանդանոցին կատարած ներդրումներուն ակնարկելով հարց տուաւ թէ արդեօք ի՞նչ է հայ հասարակութեան Հիւանդանոցի հանդէպ ընկալումը։
Հաւաքը վերջ գտաւ աղօթքով ու Ամենապատիւ Տիրոջ տուած օրհնութեամբ։ Ապա ներկաներ զատկական կարմիր հաւկիթ ստացան եւ աջհամբոյրով շնորհաւորեցին մեր Հոգեւոր Պետը, միաբան հայրերը եւ զիրար։
https://www.agos.com.tr/am/news/svwrp-zadgi-intvwnylvwtiwn-eagan-khntirnyrvw-oragarkvv-40139




Leave a Reply