Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքներուն, ըսաւ, որ ապրիլ 24ին, ինչպէս նախատեսած էին, բոլոր աշխատանքները աւարտած պիտի ըլլան։
«Եթէ ձեզ հետաքրքրում է` ինչ վիճակում է յուշահամալիրն այս պահին, խնդրեմ, բաց է, որեւէ օր չի փակուել, կարող էք հիմա էլ այցելել եւ տեսնել, որ աւարտական փուլում ենք: Առաջիկայում բարեկարգման տարածքի հետ կապուած աշխատանքները կ՛աւարտենք եւ պատրաստ կը լինենք», յայտնեց ան։




Leave a Reply