ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտականին կազմակերպութեամբ՝ ապրիլ 14ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին «Կրոս» շէնքին թիւ 101 սրահին մէջ (2255 E. Barstow Ave.), տեղի պիտի ունենայ դանիացի հայասէր աւետարանիչ Քարէն Եփփէի նուիրուած դասախօսութիւն մը, նուիրուած անոր ծննդեան 150ամեակին։
Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ հայագիտականի այցելու դասախօս դոկտ․ Աննա Ալեքսանեան։
Ներկայացման կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ YouTube-ի միջոցաւ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։




Leave a Reply