«Նոր Յառաջ» եւ «Յառաջ» կեդրոնի օրակարգով լեցուն օրեր


«Հանդիպում» փառատօնի շրջանակով բացի հրաւիրեալ արուեստագէտներէ կամ աշխատանոցներու ղեկավարներէ, քաղաքս ժամանեցին նաեւ արտերկրեայ բազմաթիւ հիւրեր։

Բագրատ Էսդուգեան

«Հանդիպում» փառատօնի շրջանակով բացի հրաւիրեալ արուեստագէտներէ կամ աշխատանոցներու ղեկավարներէ, քաղաքս ժամանեցին նաեւ արտերկրեայ բազմաթիւ հիւրեր։ Անոնք՝ իրենց կեցութեան օրերուն ուշադրութեամբ հետեւեցան կատարուող միջոցառումներուն եւ խոր տպաւորութիւններ ունեցան կատարուած աշխատանքին եւ գոյացած մթնոլորտի վերաբերեալ։

Այդ երեւոյթը մեզի համար ալ հաճելի առիթ էր ալ աւելի մտերմանալու Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի ու ծանօթանալ իրեն ընկերակցող Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնի տնօրէնուհի եւ գործիչ Անի Բրդոյեանի եւ Շուշան Փիլիպպոսեանի հետ։

Մեր առաջին հանդիպումը կայացաւ «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ, ուր սիրելի Ժիրայր առիթ ունեցաւ ողջագուրուելու իր վաղեմի բարեկամ Պերճ Արապեանին։

Անոնք կիսեցին անցեալի յատուկ զանազան յուշեր եւ մենք ալ առիթը ունեցանք տեղեկութիւններ լսելու Երեւանի մէջ հիմնուած «Յառաջ» կեդրոնի գործունէութեան մասին։

Հնգամեայ անցեալ ունեցող կեդրոնը նպատակադրած է վերջին տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած շուրջ 40 հազար բնակչութիւնով հալէպահայ եւ պէյրութահայ հասարակութեան արեւմտահայերէնի հանդէպ պապակը յագեցնելու։ Հինգ տարուայ աշխատանքի ընթացքին «Յառաջ» կեդրոնը կ՚ապահովէ արեւմտահայ համայնքի մշակոյթի կեդրոն դառնալու, մանուկներու եւ երիտասարդներու հանդիպման վայր ըլլալու, նոր հրատարակութեանց ցրումին սատարելու, հայաստանեան եւ սփիւռքեան հաստատութիւններու հետ համագործակցելու եւ Հայաստան այցելող սփիւռքահայ մտաւորականներու հանդիպման վայր դառնալու էական գործառոյթները։

Այս ծիրէն ներս կատարուած են երիտասարդական հանդիպումներ, շարժանկարի ցուցադրութիւն, հայոց պատմութեան եւ սփիւռքի պատմութեան շուրջ երեկոյթներ, որոնց շարքին Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեանի, Տոքթ. Սեպուհ Ասլանեանի, Մարիա Գաբրիէլեանի բանախօսութիւնները, Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեանի դասախօսութիւնը եւ փերուցի լեզուաբան Լուիզ Միկել Ռոխազ Պելցիայի լեզուաբանական երկօրեայ սամինարը։

Գրական ոլորտէ ներս բանախօսութիւններ եւ յուշերեկոներ կամ աշխատանոցներ՝ Վահրամ Մավեանի, Կարօ Փոլատեանի, Զարեհ Արք. Եպսկ. Ազնաւուրեանի, Միսաք Մանուշեանի, Յարութ Վարդանեանի, Սագօ Արեանի, Յակոբ Նալպանտ Տլտլեանի բանաստեղծութիւններու ընթերցում եւ քննարկումով։

Կեդրոնի աշխատութիւնները տակաւին կը շարունակուին նոր հրատարակուած գիրքերու շնորհանդէսի կազմակերպութիւնով, արեւմտահայերէն գիրքերու ցանկագրումով, մանկապատանեկան ծրագիրներով եւ զանազան համագործակցութիւններով։ Այդ գործակցութիւններէն օրինակներ կարելի է համարել Մխիթար Սեբաստացի Կրթահամալիրի հետ, ուր ստորագրուած է նաեւ համագործակցութեան յուշագիր մը։

«Յառաջ» կեդրոնի գործունէութիւնը կը ծանօթացուի ընկերային ցանցերու վրայ եւս։

https://www.agos.com.tr/am/news/nvr-harache-yw-harache-gytrvni-oragarkvv-lytsvwn-oryr-40023

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ