Դեռատի պարմանուհիներ մեծահարուստներու սեռային շահագործումի առարկայ դարձնելու եւ մանկապղծութեան մեղադրանքով դատապարտուած ամերիկացի հրեայ գործարար Ճեֆրի Էփսթինի վերաբերեալ փաստաթուղթերը պրպտած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բացայայտած է կապեր Էփսթինի եւ երեք պետական պաշտօնատարներու միջեւ, որոնց հասարակ յայտարարներէն մէկը նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումն է։
Հայ Դատը, որ արդէն իսկ արշաւի մը նախաձեռնած է՝ պահանջելով Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքի պաշտօնազրկումը՝ կը նշէ, թէ Պարրաք կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ անոր անունը առնուազն 540 անգամ նշուած է Էփսթինի վերաբերեալ փաստաթուղթերուն մէջ։ Պարրաք այդ փաստաթուղթերուն մէջ նոյնիսկ «օրինակելի տիպար» որակած է Էփսթինը։
Անոր կողքին կայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմետ Տաւութողլուի անունը։ Արդարեւ, փաստաթուղթերուն մէջ կը նշուի, թէ ան ինչպէս Էփսթինը եւ անոր լայն շրջանակը շահագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արշաւին համար, Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին։
Էփսթինի փաստաթուղթերուն մէջ իր տեղը ունի նաեւ վերջերս իր հակահայ պնդումներուն համար խստրօէն քննադատուած Մեհմետ Օզ, որ Էփսթինը հրաւիրած է ներկայ ըլլալու «Սիրոյ օր»ուան՝ «Վելընթայն»ի առիթով իր կազմակերպած հաւաքոյթներէն մէկուն։ Ան եւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներէն մէկն է։




Leave a Reply