Կեսարիոյ Ծխական խորհրդի այցը

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 փետրուար 2026, հինգշաբթի, ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ Զատիկ Թոքէրի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Արարողութեանց ընդհանուր պատասխանատու Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան:

Այցելուներ յայտնեցին, որ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տալու իրենց Եկեղեցւոյ մասին եւ հովանաւորութիւնը խնդրելու՝ Միջինքի աւանդական ուխտագնացութեան համար։ Այս տարի աւանդական այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 13 Մարտ Ուրբաթ եւ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ:

Պատրիարք Հայրը գնահատեց Կեսարիոյ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եղած ջանքերը եւ յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց յառաջիկայ այցելութեան առթիւ եւ Ծխական Խորհուրդին՝ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։

https://www.facebook.com/TRHayBad 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ