Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 փետրուար 2026, հինգշաբթի, ընդունեց Թուրկայ Քափի գլխաւորութեամբ Սասուն-Պիթլիս Հայրենակցական Միութեան վարիչները։
Այցելուներ յայտնեցին, որ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տալու իրենց մասին: Միութեան ատենապետ Արամ Տէմիր վերջերս իր պաշտօնը փոխանցած էր Թուրկայ Քափի:
Պատրիարք Հայրը գնահատեց Սասուն-Պիթլիս Հայրենակցական Միութեան վարիչները, որոնք իրենց ծննդավայրէն հեռու ըլլալով հանդերձ կը ջանան իրենց աւանդութիւնները վառ պահել: Մեր Հոգեւոր Պետը օրհնեց իրենց ջանքերը եւ յաջողութիւն ու կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։




Leave a Reply