Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս եւ Զբօսաշրջութեան ու Մշակոյթի Նախարարութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, 18 Փետրուար 2026, Չորեքշաբթի իրիկուն, Աթլաս շարժանկարի սրահին մէջ իրականացաւ Ստանպուլի պետական օփերայի երկարամեայ նախկին մեներգչուհի, քոլորաթուր սոփրանօ Ալիս Մանուկեանին ձօնուած մեծարանքի երեկոյթ մը։
Երեկոյթին կազմակերպիչներն էին Արի Էտիրնէի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Կարօ Վրամ Պապաեանի գլխաւորութեամբ Ալիս Մանուկեանի համակիրներ:
Ներկայ էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Նաթան Արապեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Տէյիրմէնճեան քահանաները, օրուայ մեծարեալը, շրջապատուած՝ իր հարազատներով, քոյր եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկան Ժպիտ Իսկենտէրօղլու Գալայճը եւ Գրիգոր Տինչքայըքճը, ապա սրտի խօսք արտասանեց մեծարեալի դուստրը՝ Ժիլտա Մանուկեան-Թըրփան: Ան յայտնեց իր հպարտութիւնը՝ մօրը նկատմամբ, ապա անխառն ուրախութիւնը՝ մեծարանքի սոյն երեկոյթին առթիւ: Յուշատախտակներ յանձնուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անունով Մանուկ Էօղէրին, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անունով Թանիա Օզինեան Քուրուչին, Ստանպուլի Ֆիլարմոնիի Միութեան անունով Փերիհան Քըլըչին, որոնք ներդրում ունեցած էին համերգի իրականացման գործընթացին։
Երեկոյթի խօսնակներն էին Գարոլին Մամիկոնեան եւ Պօղոս Չալկըճեան։
Հարուստ յայտագիրը սկսաւ Թաթուլ Ալթունեանի Կենաց երգով, Էտվին Կալիպեանի դաշնաւորումով, եւ երգուեցաւ բոլոր արուեստագէտներու կողմէ՝ միասնաբար: Շուշան Քալաթաշ երգեց Ա. Մօրլեանի Օտար ամայի ճամբէքի վրայ, Ալին Եաղճըօղլու՝ Ա. Տվորժաքի Ռուսալքա օփերայէն Měsíčku na nebi hlubokém երգը, Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ՝ Չայքովսքիի Da Vspomnila…” Podrougui Milye երգը, Սեւան Շէնճան Արմէն Տիգրանեանի Դաւիթ Բեկ օփերայէն Գուսանի երգը, Արթիւր Պաղտասարեան Արմէն Տիգրանեանի Անուշ օփերայէն Մոսիյի արիան, Սեդա Քիւրքճիւօղլու Ճուզէփփէ Վէրտիի Իլ Գորսարօ օփերայէն Egli non riede ancora!… Non so le tetre immagini երգը, Կունոյի Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ օփերայէն Ժիւլիէթի արիան՝ Էտվին Կալիպեանի դաշնաւորումով, Սեդա Քիւրքճիւօղլու եւ Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ Եալչըն Թուրայի Sevmek Nedir? երգը: Նուագով ներկաներուն հրամցուեցաւ Աշըք Վէյսէլի Uzun ince bir yoldayım ծանօթ երգը, Էտվին Կալիպեանի դաշնաւորումով, ապա Արի Էտիրնէ երգեց Փուչչինիյի Թոսքա օփերայէն E lucevan le stelle երգը, Գէորգ Դաւիթեան Ճորճ Պիզէյի Գարմէն օփերայէն Toreador երգը, Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ Ճորճ Պիզէյի Գարմէն օփերայէն Habanera երգը, Արի Էտիրնէ եւ Արթիւր Պաղտասարեան երգեցին Փուչչինիյի La Boheme օփերայէն O Mimi tu piu non torni երգը, Սեւան Շէնճան երգեց Ռոսսինիի Սեվիլեան Սափրիչը օփերայէն La calunnia è un venticello երգը, Արթիւր Պաղտասարեան երգեց Ռոսսինիի նոյն օփերայէն Largo al factotum երգը, հուսկ՝ բոլոր երգիչներ միասնաբար երգեցին Ճ. Վէրտիի La Traviata օփերայէն Brindisi երգը:
Երգիչներուն կ’ընկերանային երաժիշտներ Նիլսու Պաշթօփճու, Էճէմ Սու Փիրիմ, Մեթին Եավուզ, Պուրճու Էսին եւ Նուրսէր Ուկան։ Իսկ պարով բեմ եկան Գարէն Էմիրկէլօղլու, Ժուլիա Քիւթնարօղլու Էօզնիկոլեան եւ Անտրէ Տօնէրեան: Հանդիսութեան պարագրութեամբ ներդրում ունեցաւ Լեռնա Շուշան Փափազեան:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Ալիս Մանուկեան եւ ողջունեց արուեստագէտներն ու դիտողները։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ուրախութիւնը յայտնեց այս ոգեւոր ու յաջող երեկոյթին համար: Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ տարիներ ետք տեսնելով Ալիս Մանուկեանը, որ անձայն անշշուկ քաշուած էր բեմերէն, սակայն այսօր յայտնի կը դառնար, որ հակառակ տարիներու հոլովոյթին, ան դեռ կը վայելէ մեր արուեստագէտներուն ու ժողովուրդին սէրն ու համակրանքը: Նման երեկոյթի մը յաջողութեան ի տես, մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ ընդհանրապէս տիրող յոռետեսութեան մէջ ժպտացող երեւոյթ մըն էր այս մեծարանքի երեկոյթը, որով մեր համայնքը անգամ մը եւս իր անխառն համակրանքը կը ցուցաբերէր իր մեծանուն արժէքին՝ Ալիս Մանուկեանին: Նորին Ամենապատուութիւնը առողջ ու երջանիկ կեանք մաղթեց մեծարեալ արուեստագէտին եւ կազմակերպիչներու անունով արծաթեայ յուշապնակ մը յանձնեց անոր։
Լուսանկարներ՝ ՖԸՐԱԹ ԹԱՇ




Leave a Reply