ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
5-էն 7-րդ դարերում հայ ժողովուրդը ծնել է աւելի քան 300 գրող, որոնք գրել են աւելի քան 17 հազար գիրք:
Տարի մը առաջ հայ մամուլի էջերէն կարդացեր էի ուշագրաւ գրութիւն մը ու հանդիպեր շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններու, որոնք կ՛առնչուին հայ ժողովուրդի փառաւոր անցեալին, մշակութային նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ` մեր ազգային արժեհամակարգին:
Գրութիւնը, ըստ ձեւի, գրախօսութիւն մըն էր` փոքր ծաւալի գիրքի մը մասին: Գրքոյկին խորագիրը` «Կարելի՛ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն», տպուած Գահիրէ, 2025-ին, հեղինակը` Պ. Թերզեան, որ վաստակաւոր մտաւորական ըլլալով` կը փորձէ լոյսին բերել արեւմտահայերէնի տագնապն ու իր մտահոգութիւնը:
Իսկ գրախօսականին հեղինակը` Սուրէն Թ. Սարգսեան, իր կարգին, ի շարս այլ մտածումներու, յիշած էր վերոյիշեալ երկտողը, որ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց իր թելադրականութեամբ եւ պատուաբեր խորհուրդով:
Անկեղծ ըսած, հպարտանքի առընթեր, յուզումի հոգեվիճակ մը պատեց մեզ, իմանալէ ետք մեր նախնեաց հոգեմտաւոր սխրանքն ու հզօր ներուժը, այդ ալ միջնադարուն, երբ տակաւին ժողովուրդներ խաւարի մէջ կ՛ապրէին, զիրար կը յօշոտէին եւ կռնակ էին դարձուցեր հոգեմտաւոր արժէքներու:
Ոսկեդար կերտած նախնիքը ծնունդ տուեր են քանի մը հարիւր գրողներու, որոնց ստեղծագործ մտքին իբրեւ արգասիք լոյսին են եկեր հազարաւոր մատեաններ:
Ահաւասիկ հակոտնեայ պատկերը մեր փառաւոր անցեալին ու ներկայի տխուր վիճակին: Դարեր առաջ հայութիւնը կրցեր է գիր ու գրականութիւն, լեզու եւ մշակոյթ պահել ու պահպանել, մինչ այսօր` 21-րդ դարուն, մարդկային աննախընթաց զարգացումի փուլերուն, յառաջդիմութեան եւ ստուար կարելիութեան պայմաններու մէջ, հազիւ թէ կը պաշտպանուի մայրենին, հակառակ տարուող բազմաբեւեռ ու բազմաշերտ աշխատանքներու:
Ինչ խօսք մեր այսօրուան մասին, երբ իրերայաջորդ սերունդներ փոխանակ պաշտամունքի արժանացնելու մայրենին ու հայ գիրքը, ցաւ ի սիրտ, կը հեռանան ու քմծիծաղով կը մօտենան հայկականութիւն բուրող ամէն արժէքի` ընթացք տալով իրենց օտարոտի հակումներուն եւ նախասիրութիւններուն:
Մեր` սփիւռքահայութեան պարագային, արեւմտահայերէնի նկատմամբ սէրն ու գուրգուրանքը, հոգածութիւնն ու պաշտպանութիւնը տակաւ շիջող իրողութեան մը դէմ յանդիման է, պարզապէս որովհետեւ նորահաս սերունդին մատուցուող հայեցի դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը սնուցիչ տարր ըլլալէ դադրած է, ու կարծես բռնած է ետդարձի` ձուլումի եւ այլասերման ճամբան:
Այս առումով` վերջին տասնամեակները ապացոյց են սերունդներու ահաւոր նահանջին, հայկական արժէքներէ հրաժարելու ամէնօրեայ հանդէսին, ու մանաւանդ ազգային ինքնութենէ ձերբազատելու պահանջին:
Փաստօրէն, յետեղեռնեան հայաշունչ կառոյցները` դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ միութիւններ, որոնք նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր աշխարհը կոփեցին, ազգ ու հայրենիք սիրցուցին, պատկանելիութեան գիտակցութիւնը սերմանեցին, ազգային արժէքներու գեղեցկութիւնն ու հզօրութիւնը փոխանցեցին, իրենց կարգին, դժուար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, որովհետեւ նոր ժամանակներու կեանքն ու ապրելակերպը, մտայնութիւնն ու պահանջները թեւակոխեցին ազդու դարաշրջան, երբ արհեստագիտութիւնն ու նիւթականութիւնը տիրապետած են ըստ ամենայնի:
19 փետրուար:
Հայրենի վաստակաշատ գրող Լեւոն Անանեանի մտայղացումով` 2008-ին 19 փետրուարը հռչակուած է գիրք նուիրելու օր: Հոգեգրաւ եւ իմաստութեամբ լեցուն առաջադրանք մը, որով հարստացած է հայրենի մեր ժողովուրդը` քաջ գիտնալով հայ գիրքին հրաշափառ ազդեցութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Փաստօրէն, այս գեղեցիկ օրուան առիթով գիրքի սիրահարներ, այցելութիւն կու տան գրատուներ եւ գրադարաններ, գիրք նուիրելու, փոխանակելու, տալու եւ ստանալու: Ահա հայրենի մեր ժողովուրդին մշակութասէրի արտայայտութիւններէն մէկը:
Երանի սփիւռքահայութիւնը, իր կարգին, կարենայ այս օրը իր առօրեային մաս կազմել տալ եւ համազգային վիճակ մը ստեղծէ` արժեւորելու հայ գիրքն ու ընթերցանութիւնը:
Անվարան կրնանք ըսել, որ քանի մը տասնամեակ առաջ լիբանանահայութեան կեանքը եռուն պատկեր ունէր` իր բազմածաւալ ձեռնարկներուն ընդմէջէն:
Հայ մշակոյթի տարբեր ոլորտներ, ինչպէս` թատրոն, երգ, պար, ասմունքի երեկոյ, գիրքի շնորհահանդէսներ եւ այլն, ուղղակի տօնահանդէսներ էին, իսկ ձեռնարկներուն կը մասնակցէին հոծ թիւով գրասէր ու մշակութասէր հայորդիներ:
21 փետրուար: Մայրենի լեզուի օր:
Այնքա՜ն չարչրկուած օրուան մասին կը խօսինք, երկար ատենէ:
Գրողն ու հրապարակագիրը, ուսուցիչն ու ազգային գործիչը ամէն քայլափոխի կ՛արծարծեն մայրենի լեզուի հարցը: Համատարած մտահոգութիւն մը եղած է ան, որ սկսած է գաղութահայ կեանքին վրայ ազդել: Նորահաս սերունդը դաստիարակելու եւ հայեցի կրթութիւն ջամբելու բոլոր ճիգերն ու աշխատանքները, կարծես, դրական ու շինիչ արդիւնքի չեն հասնիր:
Ճիշդ է, որ հաւաքաբար կը տուայտինք, օրն ի բուն կը տագնապինք, ի տես հայոց լեզուի նահանջին ու հայկական արժէքներու տակաւ շիջումին:
Կը փորձենք հասկնալ ստեղծուած արդի կեանքի մարտահրաւէրները: Ջանք կը թափենք քայլ պահելու նորարար մտքերու եւ արհեստագիտութեան հետ:
Կը նախաձեռնենք գաղութահայ կեանքի բարելաւումին, զարգացումին եւ առաւել պայծառացումին, այդուհանդերձ, ցանկալի արդիւնքի չենք հասնիր:
Այո՛, կը նահանջենք, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, համոզուած ենք, որ առանց հայրենի հողին, օդին ու ջուրին, ժողովուրդներ դատապարտուած են ուծացման:
Անհերքելի իրողութիւն ըլլալով հանդերձ վերեւի համոզումն ու մատնանշումը, ինչո՛ւ շուտով կը յանձնուինք, երբ հսկայ կարելիութիւններ ստեղծելու ի վիճակի ենք ազգովին:
Աւելի քան հարիւր տարիէ հայապահպանումը հրաշքներ գործեց: Հայ մարդը հաւատաց իր դպրոցին, եկեղեցւոյ, ակումբին եւ միութեան: Ան չզլացաւ իր քսակը բանալ, իր զաւակները ուղարկել հայկական միջավայր ու ոգի ջամբող կառոյցներ:
Մենք կրցած էինք գէթ որոշ համեմատութեամբ կասեցնել ձուլման գահավէժ ընթացքը, սերունդներ փրկել օտարացումէ, ստոյգ «մահ»-է:
Այսօր ի զուր կը հնչէ տագնապահար հայու կանչը, բողոքը, պոռթկումը:
Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերն ու մայրերը հաւատքն ու կամքը ունեցան դէմ դնելու օտարացումին եւ յաջողեցան հայեցի դիմագիծով սերունդներ դաստիարակել:
Ներկայ օրերու ինքնախաբէութիւնն ու ինքնագոհութիւնը շլացուցած է մեզ, եւ միւս կողմէ` ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու թշուառութիւնը կլանած է մեր միտքն ու հոգին: Նահանջի ճամբայէն կ՛անցնինք երգ ու պարով, առանց խպնանքի եւ արցունքի:
Սա չի նշանակեր երբեք, որ ճակատագրապաշտ պէտք է ըլլանք եւ թողնենք, որ մնացորդացը անղեկ ու տհաճ կեանք մը ապրի` հեռու ազգային շունչէն ու հոգիէն:
Կ՛ապրինք օրեր, երբ ձրի տրուած գիրքն անգամ կը մերժուի, ալ ուր մնաց, որ գիրք նուիրելու գեղեցիկ սովորութիւնը գնահատանքի արժանանայ:
Մայրենի լեզուն աղաւաղուած վիճակի մէջ կը շարունակէ գոյատեւել:
Ազնուասիրտ հայորդին, հաւատացեալ ժողովուրդն ու հայեցի դիմագիծով կառոյցներ կը փորձեն մեղմացնել ցաւն ու մտահոգութիւնը` այլազան աշխատանք տանելով եւ պայծառ միտքեր ու ծրագիրներ առաջադրելով: Սակայն, կարծես` ի զուր:
Վերջին տարիներու փուչիկային յորդորներն ու գունաւոր լոզունգով խօսքերը ոչ մէկ դրական արդիւնքի յանգած են: Հողմացրիւ կացութեան մէջ ենք:
Դառն մտածումները համատարած վիճակի մատնուած են, զբօսանքի նիւթեր եղած են, պարզապէս լսելի դարձնելու այս կամ այն անհատի, պատասխանատուի եւ ղեկավարի «սրտագրաւ» ու «եթեր»-ային քարոզը:
Ու գնացքը կը շարունակէ իր ճամբան: Յոռետեսութիւնը խեղդած է մեզ:
Այդուամենայնիւ, մեր պարագային ի՛նչն է պակաս, որ արեւմտահայերէնին ուժ ու կորով չենք հայթայթեր, հայ կրթական օճախներուն շունչ ու ոգի չենք մատակարարեր, հայերէն լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան ուսուցիչին նիւթաբարոյական նախանձելի օժանդակութիւն չենք ապահովեր, ստեղծագործող անհատի թեւ ու թիկունք չենք ըլլար, մշակոյթի տարբեր ոլորտներու զարգացումին ու բարգաւաճումին նպաստող վիճակի մէջ չենք գտնուիր, հայապահպանման նորովի հարթակներու եւ միջոցներու չենք նախաձեռներ…
Մէկ խօսքով` մենք մեզ չենք ըլլար, սեփական ուժին չենք վստահիր:
Միւս կողմէ, այո՛, քաջաբար համոզուած ենք, որ եթէ հաւաքական կամեցողութիւն ցուցաբերենք, լրջութեամբ եւ եռանդով աշխատելու տրամադրութիւն յայտնենք, պայծառ ու գործնապաշտ մտածումներ ընդունելու եւ զանոնք կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւն ունենանք, հրաշքներ կրնանք գործել:
Ստուգապէս, արեւմտահայերէնին շունչ ու ոգի հայթայթած կ՛ըլլանք:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply