ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի հայութիւնը 38 տարի առաջ որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ Հայաստանի միանալ:
Խորհրդային իշխանութիւններու հռչակած հրապարակայնութեան եւ վերակառուցման քաղաքականութեան ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին ստորագրահաւաք սկսաւ` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանի:
Արցախցի հայերու պատուիրակութիւնը շուրջ 80 հազար ստորագրութիւնները փոխանցեց Մոսկուա` համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդունարան:
Զօրի Բալայեանի եւ Իգոր Մուրատեանի աջակցութեամբ, 1988 յունուարին Մոսկուա մեկնեցաւ արցախցի հայերը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ արցախցիներու նոր դիմումն ու Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան, ազգագրութեան, տնտեսութեան, մշակոյթին վերաբերեալ փաստաթուղթեր փոխանցեց:
Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սեփական իրաւունքներու ու ազատութիւններու պաշտպանութիւն եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորում կը պահանջէր` պահպանելով գործող իրաւական չափանիշները ու ազատ կամքի արտայայտութեան բացառապէս օրինական ձեւերը:
Արցախցիք կուսակցական մարմիններուն ու պետական իշխանութիւններուն ուղղուած կոչեր ու դիմումներ պատրաստեցին, ստորագրահաւաքներ կազմակերպեցին եւ թռուցիկներ բաժնեցին: Ստեփանակերտի մէջ 13 փետրուար 1988-ին հանրահաւաք տեղի ունեցաւ:
Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի 20 փետրուար 1988-ի արտահերթ նստաշրջանը որոշում կայացուց դիմել Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդներուն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Խորհրդային Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու մասին:
Նոյն օրը Երեւանի մէջ սկսան արցախահայութեան զօրակցութեան ցոյցեր:
Խորհրդային իշխանութիւնները Արցախեան շարժման նկատմամբ բացասական դիրքորոշում ունեցան: Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական բիւրոն արցախահայութեան պահանջը որակեց ազգայնամոլներու եւ ծայրայեղականներու սադրանք:
Խորհրդային Միութեան մէջ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէր համայնավար ամբողջատիրական համակարգին համար:
Արցախեան շարժումը ղեկավարելու համար Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ կազմկոմիտէ եւ այնուհետեւ` Ղարաբաղ կոմիտէն` Իգոր Մուրատեանի գլխաւորութեամբ: Արցախահայութեան հետ համերաշխութեան ցոյցերը զանգուածային բնոյթ ստացան Հայաստանի մէջ:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply