ՄԱԿԱՐ Ի ԳԱՂՂԻԱ
Դարավերջիկ ախտ է եթերի լատինատառ հայերէնը, որ երբեմն կը գրուի, նաեւ խօսափողէն` որպէս ճառ ընթերցուելու համար: Մի՛ հարցնէք` ի՞նչ ընելու, ո՞ր սնափառութեան եւ ո՞ր ազգային համարուած պատեհապաշտութեան տուրք տալու համար այդ կ՛ըլլայ: Մեսրոպեան տառերով գրուող հայերէնն ալ յաճախ փարսախներով հեռու է հայերէնի քերականութեան, ուղղագրութեան եւ հոլովական կանոններէն, նաեւ` երբ հայերէն համարուած էջեր կը տպագրուին, յօդուածներ եւ գիրքեր: Պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնել, մանաւանդ երբ էջը կը հրատարակուի մամուլով կամ գիրքով եւ կը հրամցուի հայ ընթերցողին: Գիրք կամ թերթ տպուելէ առաջ, պէտք է ենթարկուի հայերէն գիտցողի մը սրբագրութեան: Ինքզինք յարգող հրատարակիչը, ոչ միայն գրողը, եթէ բծախնդիր չըլլան, ընթերցողի լեզուն եւ հայերէնի իմացութիւնը աւելի կը խաթարուին, եւ խաթարուած հայերէնը կը դառնայ սովորական կանոն:
Վրէպներ միշտ պիտի ըլլան, բայց անոնք կանոն պէտք չէ ըլլան, անոնք սխալներ են: Օրինակ է հայերէն պարզ եւ ամէն օր գործածուող դժբախտ ԴՈՒՌ բառը, որուն սեռական-տրականը ԴՐԱՆ է, բայց երբ էջերու վրայ կը գրուի ԴՌԱՆ եւ կը կրկնուի, այլեւս կարելի չէ խօսիլ ՎՐԷՊի մասին: Երբ գիրքի մը էջերուն վրայ կը կրկնուի «ԴՌԱՆ»-ը, այդ կ՛ըլլայ լեզուի հանդէպ անարգանք, գրոց-բրոցի անպատասխանատուութիւն, ան ըլլայ գրող, հեղինակ թէ հրատարակիչ: Այս օրինակ մըն է անորակ լեզուի եւ ուղղագրութեան: Այս խնդիրը հարկ է նկատի ունենալ անկախաբար գրուածի բովանդակութենէն:
Յաճախ կը հանդիպինք նաեւ հայերէնի մէջ տուն-տեղ եղած իբր թէ հայացուած «թրքաբանութիւն»-ներու, որոնց ամէնէն յատկանշականները խօսակցական անտիրութենէն փոխադրուած են նաեւ տպուած եւ էջերու եւ եթերի վրայ:
Այսպէս է պարագան «իմ, քու, իրենց, անոր, մեր, ձեր, անոնց» ստացականներու, որոնք կ՛ածանցուին եւ կը հոլովուին թրքերէնի հետեւութեամբ:
Կ՛ըսենք` մեր տունը մեծ է, ձեր տունէն աւելի փոքր է, բայց ուրկէ՞ կու գան «ձերինը, ձերինէնը, մերինէնը, անոնցինը, անորինները» եւ այլն, ինչպէս թրքերէնի «սիզինքին»-ը. «պիզիքինտէն»-ը, «քէնտիլիրինքինտէն»-ը…, «ձերիններուն» հանդիպեցայ, «անոնցինները» աւելի համեղ էին… «օնարինքիլիլէր»:
Մեր արտերը «ձերիններուն» կողքին են… ինչպէս «սիզինքինլէրին»… Այս ո՞ր հայերէնն է:
Եթէ թերթ, գիրք, լրատուամիջոցներ, տպագրիչ եւ խօսափող «զբաղեցնողներ» հայերէնի դարպաս եւ ցանկապատ քանդեն, յաջորդ սերունդները հայերէն պիտի չժառանգեն, պիտի խօսին ու նաեւ գրեն, եթէ գրեն, «ոջիլի շուկայ»-էն, «պիթ պազար»-էն, «մարշէ օ փիւս»-էն, «ֆլի մարքեթ»-էն ստացուած «այսպէս ալ կ՛ըլլայ այնպէս ալ կ՛ըլլայ» բազմազգեան «նորահայերէն, որ կ՛ըլլայ լրացումը «ինտստիտուտացիալացում»-ը տառադարձութեամբ ստացուած օտարաբանութիւններու: Այս կ՛ըլլայ բնական պատշաճեցման ընթացքը «նոր հայրենիքներու կեանքին ու մշակոյթին եւ «նոր Հայաստանի… Կանոնը` լաւ ապրելու իրաւունքի եւ ուրացումով հաստատուած «նորահայերէն»-ի…
Օ ԵԱ…
Ընդհանրացած ուրիշ թրքաբանութիւն մըն է բառամիջին յայտնուող «Ն» տառը` որպէս ստացական, ինչպէս` ոտքեր«Ն»-ին լուացին, շապիկ«Ն»ին հանեցին: Այսպէս գրել սովորական դարձած է, մանաւանդ` խօսիլ…
Մեր պատմութեան մէջ կը յիշուի հայ
թագաւորի հիմնած քաղաքը, որ բնակուած էր գողերով, աւազակներով, անօրէններով, եւ կոչուած էր իր անունով` «Արշակաւան»… Այսօր հայ անօրէններ հայերէնի Մեսրոպեան դաշտերուն վրայ կը ստեղծեն մեր «Լեզուի Արշակաւան»-ը…
Դեռ տասնամեակ մը առաջ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի գրատան մէջ կը վաճառուէր հայ մտաւորականի մը «Թառառումներ Տիրոջ այգիին մէջ» գիրքը… Հեղինակը կը կոչուէր Բենիամին Թաշեան, որուն անուան եւ էջերուն այլեւս չենք հանդիպիր: Եթէ դեռ օրինակներ մնացած են այդ գիրքէն, կը խնդրեմ, որ նուիրէք անոնց, որոնք հայերէնով թուղթ եւ եթեր «կը զբաղեցնեն»… Այս ալ ազգապահպան ըլլալու ձեւ մըն է…
Հիմա նոր աղէտ է «արհեստական բանականութեամբ» հայերէն գրել եւ մանաւանդ թարգմանել, փորձութիւն, որ կը խաղցուի հայկական կոչուած լրատուամիջոցներու անտիրութեան դաշտերուն մէջ, եւ ոչ ոք կ՛անհանգստանայ այդ զաւեշտին ի տես:
Այս բոլորը կը գումարուին հայկական պետութեան մէջ զարգացած եւ զարգացող «նորահայերէն» բառերուն վրայ: Կրկին յիշեցի ցաւատանջ Աբովեանի խօսքը, զոր չենք լսեր… «Ա՜խ լեզուն… լեզուն, որ չըլլի»…
Պիտի կրկնեմ 17-րդ դարու ֆրանսացի ծիրանաւոր (cardinal) Փոլինեաքը, որ երկար դիտելէ ետք իր վանդակին մէջ խաղցող կապիկը, ըսած էր. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ»: Այս լսելով` ագեվազներու երկրին մէջ ծնած երիտասարդ հայ աղջիկը ընդվզումով ըսած էր, «he is saying that we are monkeys»…
12 յունուար 2026
www.aztagdaily.com




Leave a Reply