Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը, 28 յունուար 2026, չորեքշաբթի, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ կատարեց նոր քոյրի մը քօղի տուուչութիւնը:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը, 28 Յունուար 2026, Չորեքշաբթի, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ կատարեց նոր քոյրի մը քօղի տուուչութիւնը:
Առաջաւորաց Պահքի Չորեքշաբթի առաւօտ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ: Արարողութեանց մասնակցեցան Աթոռոյս վեղարաւոր միաբան հայրերը, քահանայից դասը, Գալֆաեան ուխտի քոյրը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը խօսեցաւ միանձնուհիութեան, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ քոյրերու եւ Գալֆաեան ուխտի քոյրերու ու իրենց դերին մասին: Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը ապա ծանօթացուց դպրուհի Սօսի Թէրզեանը, որ դիմած էր Գալֆաեան ուխտի միաբան ըլլալու համար:

Ապա սկսաւ քօղի տուուչութեան արարողութիւնը: Ընծայեալը կարդաց եւ ստորագրեց իր ուխտագիրը: Ապա աղօթքներով Պատրիարք Հայրը օրհնեց ընծայեալն ու անոր միանձնուհիի քօղը եւ նոր անուն տալով կոչեց զայն Քոյր Հռիփսիմէ:
Տպաւորիչ հոգեւոր հանդիսութեան աւարտին Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց նորընծայ Քոյր Հռիփսիմէն ու անոր բարի եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթեց:
Կրօնական արարողութեանց աւարտին, Գուզկունճուքի Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղան սարքեց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, ուր ներկաներ առիթ ունեցան նորընծայ Քոյր Հռիփսիմէն շնորհաւորելու:
https://www.agos.com.tr/am/news/bvlis-vwni-nvr-kvhri-mi-kvhr-hripsime-39342




Leave a Reply